Գլխաւոր

Թուրքիան Դէպի Ծայրագոյն Արեւելք… «Ծագող Արեւի Երկիր»՝ Ճափոն

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Յատուկ «Հայրենիք»-ին
Միջազգային քաղաքական մտածողութեան վրայ տիրապետող փիլիսոփայական դպրոցներէն իրապաշտները եւ ազատականները շատ անգամ կը թերագնահատեն պատմական դէպքերու եւ ժառանգութեան դերը ներկայ քաղաքական ուղղուածութեան ճշդման եւ զարգացման հունին մէջ: Այս ընթացքը շատ անգամ քաղաքական վերլուծութիւնը կը վերածէ մակերեսային յաջորդական պարբերութիւններու, որ կարդացողին համար կը նկատուի անհասկնալի կամ դերի: Սակայն, կառուցողական (Constructivist) դպրոցը այնպէս կը սահմանէ իր մտածողութիւնը, որ ամբողջութիւնը ներկայ զարգացումներու կը վերագրէ տարիներու կամ նոյնիսկ դարերու ընթացքին իրականացուած միտքերու, մշակոյթի, սովորութիւններու, պատմուածքներու, առասպելներու կամ դէպքերու վրայ, զանոնք նկատելով պետութիւններու կամ ժողովուրդներու քաղաքականութեան արմատը: Հետեւաբար, հասկնալու համար պետութեան քաղաքականութիւնը ընդհանրապէս որեւէ հարցի վերաբերեալ, հարկ է վերադառնալ պատմականին, որուն միջոցաւ կրնանք հասնիլ ներկային:
Ծայրագոյն արեւելքին մասին անդրադառնալը կրնայ տարօրինակ թուիլ, նկատի ունենալով, որ յատկապէս Թուրքիոյ պարագային, կեդրոնացումը գրեթէ ամբողջութեամբ յատկացուած է Միջին Արեւելքին, Կովկասին, Պալքաններուն, Ափրիկէի եւ առաւելագոյնը Կեդրոնական Ասիոյ: Սակայն, Անգարան տասնամեակներ շարունակ, հաստատ նուազ բայց աճող կարեւորութեամբ, կեդրոնացած է ծայրագոյն արեւելքի մէջ յարաբերութիւններու մշակման: Այսպէս, ներկայ յօդուածը կ՛անդրադառնայ Թուրքիա-Ճափոն յարաբերութիւններուն: Թուրքիոյ վարած ներկայ քաղաքականութիւնը Ճափոնի հանդէպ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ երկու երկիրները մտադիր են բարձրացնելու իրենց միջեւ առկայ գործակցութեան եւ յարաբերութիւններու մակարդակը: Արդեօ՞ք ներկայիս սկսան այս զարգացումները կամ արդէն իսկ ներկայ էին:
Թուրքիա-Ճափոն յարաբերութիւնները սկիզբ առին 1890-ին, երբ Ճափոն ուղուող Օսմանեան «Էրթուղրուլ» մարտանաւ մը դէմ յանդիման գտնուեցաւ ծանր փոթորիկի մը, որուն արդիւնքով մահացան անձնակազմէն 581 անդամներ եւ ողջ մնացին միայն 69 անձեր, որոնք իրենց ազատութիւնը կը պարտին այդ փոթորիկին վայրին մօտակայ գիւղի բնակիչներուն, այսինքն ճափոնցիներու: Արդէն 1887-ին Ճափոնցի իշխան մը այցելած էր Օսմանեան կայսրութիւնը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման նպատակով տեսակցած` Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ-ի հետ: Աւելի ուշ, Թրքական Հանրապետութեան հաստատումով, պաշտօնական յարաբերութիւններ հաստատուեցան 1924-1925 թուականներուն: Միաժամանակ, 1890-ին տեղի ունեցած դէպքը եւ ճափոնցիներու կեցուածքը ամրագրուած մնաց թրքական վերնախաւի մտածողութեան եւ մօտեցումին մէջ: Այս իմաստով, 1923-ին Ճափոնի, իսկ 1939-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժներուն իբրեւ արդիւնք զոյգ պետութիւնները մարդասիրական օժանդակութիւններ կատարեցին: Նոյն ընթացքը որդեգրուեցաւ նմանօրինակ բոլոր դէպքերուն: Այս բոլորին կողքին, զոյգ երկիրներուն մէջ հաստատուեցան մշակութային հաստատութիւններ, որոնք յատկապէս Թուրքիոյ մէջ օժանդակեցին տեղի ունեցող պեղումներուն:
Այլ մօտեցում մը եւս կը վերագրէ յարաբերութիւններու հիմքի սկիզբը 1870-1880 թուականներուն, երբ ճափոնցի դիւանագէտներ սերտեցին Թուրքիա-Եւրոպական գերտէրութիւններ ստորագրուած համաձայնագիրը եւ հանգեցան այն եզրակացութեան, որ Թուրքիան, Ճափոնի նման այս պետութիւններուն դէմ անարդար զիջումներու կ՛ենթարկուի, ինչպէս նաեւ զոյգ պետութիւններու վրայ պարտադրուած միջազգային օրէնքի կաշկանդումներ գոյութիւն ունին: Այստեղ հարկ է նշել նաեւ զոյգ երկիրներու թշնամանքը ցարական կայսրութեան նկատմամբ, որ եւս կարեւոր պատճառ է ամրացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները դէմ դնելու Ռուսիոյ նման գերտէրութեան մը:
Վերջերս, 2023-ին Թուրքիոյ մէջ եւ 2024-ին Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժները յաւելեալ կերպով ամրագրեցին այս մարզին մէջ զոյգ երկիրներու գործակցութիւնը, եւ գործնականացուցին 2018-ին ստորագրուած աղէտներու հետեւանքներու նուազեցման համագործակցութեան երկկողմանի յուշագիրը: Աւելին, Օգոսոտոս 2025-ին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ «սրտերու կամուրջը, որ կը միացնէ Թուրքիան եւ Ճափոնը աւելի հզօր է քան պաշտօնական փաստաթուղթերը»: Այս խօսքը ինքնին կը հաստատէ յարաբերութիւններու պատմական եւ մարդասիրական բնոյթը իբրեւ բարեկամութիւն երկու ժողովուրդներու միջեւ նախքան նկատի առնուի նոյնիսկ քաղաքականութիւնը:
Մարտ 2025-ին, թրքական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ Թուրքիա-Ճափոն յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեակին, անդրադառնալով այդ իսկ յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքին եւ ներկայ արդիւնքներուն: Այսպէս, 2024-ին, դէպի Ճափոն թրքական արտածումները բարձրացան 717.6 միլիոն տոլարի, մինչդեռ 2020-ին այդ պատկերը միայն 441.2 միլիոն տոլար էր։ Այսպէս 62 առ հարիւր աճ մը արձանագրուած էր: Միւս կողմէ, ճափոնական արտադրութիւններու ներմուծումները Թուրքիա կազմեցին 4.7 միլիառ տոլար: Ակնյայտ է, որ անցնող տարիներուն Թուրքիոյ ցուցաբերած մօտեցումը Ճափոնի հանդէպ ամէն գնով զարգացած է, նոյնիսկ հանդուրժելով առեւտրական այս անհաւասարակշռուած կացութիւնը, միաժամանակ նկատելով, որ Թուրքիան կարիքը ունի ճափոնական արտադրութիւններու աւելի քան Ճափոնի կարիքը՝ թրքական արտադրութիւններու, որուն պատկերը շատ աւելի համեստ է: Այս իմաստով, Ճափոն խոստացած է բարձրացնել Թրքական արտադրութիւններու ներածումը: Աւելին, շուրջ 250 Ճափոնական ընկերութիւններ ներկայիս կը գործեն եւ ներդրումներ կը կատարեն Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ: Մնալով տնտեսական մարզին մէջ, 2018-ին Թուրքիա ժամանած Ճափոնցի զբօսաշրջիկներու թիւը կը կազմէր 81,931 այցելուներ, որ 2019-ին բարձրացաւ 103,320-ի, նուազեցաւ 2020-ին 19,122-ի, քորոնա ժահրին հետեւանքով: Սակայն, ներկայիս այդ պատկերը կը կազմէ 134,697, գերազանցելով 2019-ի նախկին բարձրագոյն պատկերը եւ արձանագրելով 25 առ հարիւր աճ: Տնտեսական բնագաւառի աւարտին, հարկ է անդրադառնալ Ճափոնի կողմէ 2016-ին առաջադրուած «Ազատ եւ բաց հնդ-խաղաղական» մտածողութիւնը, որ նոյնիսկ որդեգրուած է Միացեալ Նահանգներուն կողմէ, միտք ունենալով համախմբել այդ տարածաշրջանին մէջ ռազմավարական դաշնակիցները տնտեսական, ռազմական եւ քաղաքական համաձայնութիւններու շուրջ: Սակայն, պաշտօնական Անգարա տակաւին մտադիր չէ նման մտածողութեան մը միանալ գերադասելով Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ իր յատուկ յարաբերութիւնները, փոխան միաբեւեռ մտածողութիւն եւ ուղղուածութիւն ունեցող հաւաքականութեան մը:
Ռազմական գետնի վրայ, Օգոստոս 2025-ին Ճափոնի պաշտպանութեան նախարար Կէն Նաքաթանի պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Թուրքիա, ուր զանազան տեսակցութիւններ ունեցաւ ռազմական եւ քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Այդ տեսակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր, նոյնիսկ կարեւորութեամբ շեշտելով Թուրքիոյ եւ Ճափոնի կարգավիճակները իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներ: Այս իմաստով, թրքական երկու ընկերութիւններ, 12 Սեպտեմբերին ենթարկուեցան Ճափոնական պատժամիջոցներու, նկատի ունենալով, որ անոնք սերտ տնտեսական գործակցութիւն ունին ռուս իշխանութիւններուն հետ, որ Ճափոնի ռազմավարական հակառակորդ է, նկատի ունենալով Ուաշինկթընի հետ իր յարաբերութիւնները: Այս մէկը կը նկատուի իբրեւ ազդանշան, որ Ճափոն Թուրքիան առաջնահերթութիւն նկատելով, կրնայ գերադասել Միացեալ Նահանգներու հետ իր շահերը:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէրին մօտիկ աղբիւրներ իրենց կարգին հաստատեցին, որ Թոքիօ կը միտի Անգարայի հետ կարգաւորել ռազմական բնոյթի բազմաթիւ համաձայնագիրներ, օգտուելով այս մարզէն ներս Թուրքիոյ իրականացուցած յառաջընթացէն, յատկապէս անօդաչու սարքերու բնագաւառէն ներս: Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարը Թուրքիա աշխատանքային իր այցելութեան ժամանակ նաեւ այցելեց թրքական ընկերութիւններու ունեցած ռազմական գործարանները եւ անօդաչու թռչող սարքերու շինութեան կեդրոնները, քննելու համար անոնց որակը եւ ցոյց գտալու Անգարայի կարողականութիւնը։
Հետեւաբար, առաջին հերթին տնտեսական եւ մշակութային զոյգ պատկերները կը յստակացնեն, այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա-Ճափոն յարաբերութիւններու մակարդակի բարձրացման տպաւորութիւնը իրականութիւն է, եւ ոչ պարզապէս տպաւորութիւն: Միւս կողմէ, ռազմական գործակցութեան վերաբերեալ ճափոնական յատուկ հետաքրքրութիւնը ազդանշան է երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ ծայրագոյն արեւելքի մէջ ռազմավարական մտավախութիւններու: Այս իմաստով, Ճափոնի համար լաւագոյն հասցէն բնականաբար պիտի ըլլայ 1800-ական թուականներու վերջերէն թշնամիներու դէմ զօրակցած Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ՝ Թուրքիան:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button