
Ա.Ա.
Ուքրայինայի պատերազմին պատճառով միջազգային ամբողջական մեկուսացման ենթարկուած Ռուսիոյ համար այսօր բոլոր ժամանակէ աւելի Թուրքիա կը ներկայանայ իբրեւ թէ՛ ռազմավարական կարեւոր դաշնակից եւ թէ՛ «միջնորդ փրկարար» մը, որ կարողութիւնը ունի կացութիւնը մասամբ մը ի նպաստ Ռուսիոյ շրջելու, անշուշտ իր ակնկալութիւններուն եւ սպասումներուն փոխարէն։
Ռուսիա- Թուրքիա ռազմաքաղաքական գործակցութեան ենթահողին վրայ առաջին հերթին մեզ հետաքրքրող թեման բնականաբար Արցախն ու Հարաւային Կովկասեան ընդհանուր իրավիճակն է, ուր յստակ է, որ Թուրքիա աշխուժ եւ գրեթէ Ռուսիոյ համահաւասար դերակատարութիւն եւ ազդեցութիւն ձեռք ձգած է՝ յատկապէս Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք։
Այսօրուան դրութեամբ թրքական գործօնը Ռուսիոյ համար՝ լծակի, իսկ Անգարայի իշխանութիւններուն համար ալ ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոպական Միութեան վրայ ճնշումներ բանեցնելու եւ նախապայմաններու գործադրութեան համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու խաղաքարտի վերածուած են։Մինչ Ռուսիոյ հետ ցամաքային շուրջ 1340 քիլոմեթր երկարութեամբ սահման ունեցող Ֆինլանտա եւ Ռուսիոյ հետ ծովային սահման ունեցող Շուէտ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան դիմած են, Մոսկուա դարձեալ իր հայեացքները ուղղած է դէպի Թուրքիա, ուր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք պաշտօնակիցին՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ, Ուքրայինայիպատերազմին,միջին արեւելեան իրադարձութիւններուն, Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու իրավիճակին եւ բնականաբար Հարաւային Կովկասի վերջին զարգացումներուն շուրջ։
Նշանակալից եղաւ Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետին Անգարայէն Երեւան ուղեւորութիւնը, որովհետեւ շատ հաւանաբար Լաւրով թրքական կեցուածքներ փոխանցեց Երեւանի իշխանութիւններուն՝ վարչապետին, հանրապետութեան նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ իր հանդիպումներուն եւ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Լաւրովի Անգարա այցելութենէն օրեր առաջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ալ Անգարա այցելած եւ հարաւային կովկասեան ընդհանուր իրավիճակն ու թուրքեւատրպէյճանական ճակատին առաւել ամրացման հեռանկարները քննարկած էր իր թուրք պաշտօնակիցին հետ։
Միւս կողմէ, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան խնդիրը մեծապէս կը մտահոգէ Ռուսիան, որովհետեւ եթէ երկու պետութիւններուն անդամակցութիւնը հաստատուի, ապա Արեւմտեան Զինակցութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ ներկայ սահմանը, որ 1207 քիլոմեթր է, պիտի վերածուի 2574 քիլոմեթրի՝ Ռուսիան չափազանց նեղ կացութեան մատնելով։Պէտք չէ մտահան ընել, որ Ռուսիա Ուքրայինայի պատերազմը պայթեցուց՝ ՆԱԹՕ-ի դէպի արեւելք ընդարձակումը արգելակելու համար։
Շուէտի եւ Ֆինլանտայի Արեւմտեան Զինակցութեան անդամակցութեան դէմ ցցուած միակ լուրջ եւ անշրջելի խոչընդոտը Թուրքիան է, որովհետեւ Անգարա արդէն իսկ յստակացուցած է, թէ վեթոյի պիտի ենթարկէ երկու պետութիւններուն անդամակցութեան դիմումը։ Պատճառը Շուէտի եւ Ֆինլանտայի մէջ Քիւրտ Աշխատաւորական Կուսակցութեան տարբեր թեւերուն տրուած ազատութիւններն են, որոնք Անգարայի իշխանութիւններուն հայեցողութեամբ ահաբեկչութեան զօրակցութիւն են։ՔԱԿ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ կը համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը, որուն բոլոր տեսակի գործունէութիւնները Թուրքիոյ մէջ արգիլուած են։ Թուրքերը նաեւ Ք․Ա․Կ․-ի դէմ կը պայքարին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, իսկ Եւրոպայի տարածքին հակաքիւրտ գործունէութիւնը կը ղեկավարուի եւրոպական մայրաքաղաքներուն մէջ գործող թրքական դեսպանատուներուն կողմէ։
Շուէտի եւ Ֆինլանտայի անդամակցութեան դէմ վեթոյի սպառնալիքով՝ Թուրքիա անգամ մը եւս օգտագործեց իր խաղաքարտերը, որպէսզի միջազգային մեկուսացման ենթարկուած Ռուսիոյ հետ իր ռազմաքաղաքական գործակցութիւնը առաւել խորացնէ։ Ահա ուրեմն Թուրքիա կը ներկայանայ իբրեւ կարեւոր դաշնակից մը, որ կարողութիւնը ունի ՆԱԹՕ-ի ղեկավարութեան դէմ դնելու եւ վեթոյի սպառնալիքով մը Ռուսիոյ մտավախութիւնները փարատելու։ Թրքական այս դիրքորոշման կարեւորութեան մասին է, որ խօսեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եանս Սթոլթընպըրկ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային իր հաղորդակցութենէն ետք յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները փարատելու ճիգեր պէտք է թափուին։Այլ խօսքով՝ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարն ալ ջանաց սիրաշահիլ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը, որպէսզի Արեւմտեան Զինակցութեան ռազմաքաքաղաքական ծրագրերուն դէմ ցցուած լուրջ արգելք մը վերացնէ։
Թուրքիա – Ռուսիա այս գործակցութիւնը, որ հիմնուած է Հարաւային Կովկասի, Սուրիոյ, Ուքրայինայի եւ այլ շրջաններու մէջ քաղաքական սակարկութիւններու վրայ, իր չափազանց ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Արցախի կապուած զարգացումներուն վրայ, որովհետեւ հարաւային կովկասեան երկու գլխաւոր դերակատարներուն միջեւ գործակցութեան, փոխադարձ հասկացողութեան, շահերու ապահովման եւ քաղաքական սակարկութիւններուն մէջ Թուրքիա – Ատրպէյճան ճակատին պահանջներն են, որ սեղանի վրայ պիտի դրուին։ Իսկ Ռուսիա այդ պահանջները մերժելու դիրքին մէջ չի գտնուիր։