ԹՈՒՐՔԵՒԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 42 Second


Ա.Ա.
Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը գտնուին բաւական լարուած վիճակի մէջ եւ անոնք օրէ օր աւելի կը սրին։ Թրքական լիրան վերջին օրերուն մեծ նահանջ արձանագրեց ամերիկեան տոլարին դիմաց, երբ ամերիկեան հաւաստի աղբիւրներ հաստատեցին, որ թրքական ընկերութիւններ յառաջիկայ օրերուն կրնան զրկուիլ առանց մաքսատուրքերու ամերիկեան շուկայ մտնելու արտօնութենէն։
Թուրքեւամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը շատ արագ տնտեսական – ելեւմտական դաշտ փոխադրուեցաւ, երբ նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշեց երկու նախարարներու դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատել, ամերիկացի կրօնական էնտրիւ Պրանսընի ձերբակալման եւ բանտարկութեան հարցով։
Խորքին մէջ արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներ՝ Ապտիւլ Համիտ Կիւլի եւ Սուլէյման Սոյլուի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն յաջորդած ամերիկեան յայտարարութիւնները առաւել սրեցին կացութիւնը, մանաւանդ երբ ակնարկութիւններ եղան՝ թրքական ընկերութիւնները առանց մաքսատուրքերու ամերիկեան շուկայ մտնելու արտօնութենէն զրկելու մասին, ինչ որ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ թրքական լիրային վրայ՝ զայն արժեզրկելով ամերիկեան տոլարին դիմաց։
Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի գործակալութեան տուեալներուն համաձայն,միայն անցեալ տարի թրքական ընկերութիւններ շուրջ մէկուկէս միլիառ տոլար արժողութեամբ ապրանք արտածած են Միացեալ Նահանգներ, եւ յառաջիկային թրքական արտածումները կրնան մաքսատուրքերու ենթակայ ըլլալ, ինչ որ շատ ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ թրքական տնտեսութեան համար։
Ամերիկեան իշխանութինները կը պնդեն, որ Պրանսըն գերի կը պահուի Թուրքիոյ մէջ։ Ան քսան տարի Իզմիրի մէջ առաջնորդած է Աւետարանական եկեղեցին եւ երկու տարի առաջ կալանաւորուած է՝ ահաբեկչութեան աջակցելու բաւական ծանր մեղադրանքներով։Սակայն կայ տպաւորութիւն եւ համոզում, որ թրքական կողմը ամերիկացի կրօնականը կալանաւորած է եւ զայն երկու տարիէ ի վեր առանց դատավարութեան բանտ կը պահէ, որպէսզի ապագային զայն փոխարինէ Միացեալ Նահանգներ ապրող Ֆեթհիւլահ Կիւլէնի հետ։ Միացեալ Նահանգներ մերժած են զայն Թուրքիոյ յանծնել, պահանջելով,որ անոր դէմ մեղադրանքները հաստատող փաստեր ներկայացուին։
Յամենայնդէպս այս թղթածրարը այլ ծալքեր ալ ունի։ Արեւմտեան որոշ աղբիւրներու համածայն, նոյնիսկ բաւական ճամբայ կտրուած է Պրանսընի խնդրին լուծման համար։ Թրքական իշխանութիւնները համաձայն գտնուած են զայն ազատ արձակելու, այն պայմանով, որ թրքական պետական Հալքպանքի նախկին գործադիր տնօրէն Հաքան Աթիլլա Միացեալ նահանգներէն փոխադրուի Թուրքիա եւ հոն կրէ իր պատիժը։Սակայն մետասաներորդ պահուն այս համաձայնութիւնն ալ ձախողութեան մատնուած է, որովհետեւ Էրտողան պահանջած է, որ Ուաշինկթըն ապագային քրէական ոչ մէկ հետապնդում կատարէ Հալքպանքի դէմ։Այս նախապայմանը չափազանց զայրացուցած է Տանըլտ Թրամփը։
Լարուած նման կացութեան մը մէջ՝ Թուրքիոյ ելեւմուտքի, արդարադատութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մէկ պատուիրակութիւնը արդէն իսկ Ուաշինկթըն կը գտնուի, ուր քննարկումներու առարկայ պիտի դառնայ Միացեալ Նահանգներ- Թուրքիա տարակարծութիւններու թղթածրարին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները եւ զանոնք հարթելու կարելիութիւնները։
Միացեալ Նահանգներու համար լուծման տարբերակ գոյութիւն չունի։Առաջին հերթին եւ առանց նախապայմանններու, պէտք է ազատ արձակուի Պրանսըն եւ Միացեալ Նահանգներ վերադառնայ։ Իսկ Անգարայի այն նախապայմանը, թէ Հալքպանքի նախկին գործադիր տնօրէնն ալ Պրանսընի դիմաց պէտք է Թուրքիա վերադարձուի, ըստ երեւոյթին կտրականապէս մերժուած է Ուաշինկթընի կողմէ,ուր սկսած են երեւան գալ անհամբերութեան նախանշաններ, թէ թրքական իշխանութիւնները խուսանաւումներ կը կատարեն՝ կացութիւնը առաւել բարդացնելով։
Հոս տեղին է նշել,որ Հաքան Աթիլա Նիւ Եորքի դատարաններէն մէկուն կողմէ երկուքուկէս տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, որովհետեւ փաստուեցաւ, որ Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները անտեսելով՝ Իրանի օժանդակած է, որպէսզի կարենայ քարիւղ վաճառել։ Այս գործարքներուն մէջ իր բաժինը ունեցած է նաեւ ազրպէյճանական ծագումով իրանցի գործարար Ռեզա Զարապ՝ գործակցելով ամերիկեան դատական իշխանութիւններուն հետ, բացայայտեց Աթիլլայի կատարած գործարքներուն բնոյթը, մատնացոյց ընելով այդ շրջանին վարչապետութեան պաշտօնը վարած Ռեճէփ Էրտողանի կառավարութեան անդամ նախարարներ, որոնք մասնակից եղած են ամերիկեան պատժամիջոցներու շրջանցման։
Բնական է, որ Էրտողան բնաւ գոհ պիտի չըլլար Հաքան Աթիլան Նիւ Եորքեան բանտի մը մէջ տեսնելը։ Եւ ահա ստեղծուեցաւ Էնտրիւ Պրանսընի պարագան,որպէսզի կարելի ըլլայ սակարկութեան նստիլ ամերիկացիներուն հետ։ Բայց յստակ է, որ թրքական հաշիւները սխալ դուրս եկան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles