Ուրբաթ, 27 Փետրուարին, Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային»-ի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ տեղւոյն Հ․Յ․Դ․ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան կազմակերպած Հ․Յ․Դ․-ի 135-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը, որ սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Գանատայի օրհներգներով։ Ապա պատանիներու երգեցողութեամբ հնչեց «Մշակ Բանուոր» քայլերգը։ Մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ նահատակներու յիշատակին։
Տեղի ունեցաւ դաշնակցական պատանիի խոստումը։
Տօնակատարութեան գլխաւոր պատգամը փոխանցեց Հայաստանէն յատուկ այս առթիւ ժամանած Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Մենք միշտ Հ․Յ․Դ․-ի օրը նշելը առիթ ենք դարձնում մեր ժողովրդի առջեւ հաշուետուութիւն ներկայացնելու, անցած ճանապարհը վերլուծելու եւ ապագայ անելիքների մասին խօսելու համար: Այս տօնակատարութիւնը առանձնայատուկ է, ես կ’ասէի նաեւ՝ պատմական, որովհետեւ համընկնում է մեր ժողովրդի համար բախտորոշ ժամանակահատուածի հետ, եւ ամէն տեղ այս տրամաբանութեամբ ենք 135-ամեակը նշել: Սա մեր համար նորից մեր ուխտի թարմացումն է, մեր երդման թարմացումը, առաջին հերթին՝ դաշնակցականի կերպարի վերահաստատումը», ապա աւելցուց. «Մենք միշտ մեր ժողովորդի հետ ենք եղել, մեր ժողովրդի կողքին ենք եղել, երբոր անհրաժեշտ է եղել նրա իրաւունքները պաշտպանել եւ նրա ինքնութիւնը պաշտպանել: Այսօր վտանգուած է հենց մեր ինքնութիւնը, եւ իրաւունքները ընդհանրապէս պաշպանող չկայ»:
Ռուստամեան անդրադարձաւ վերջին ութ տարիներուն ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւններուն կործանարարա քաղաքականութեան եւ կոչ ուղղեց ողջ հայութեան՝ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, միաւորուելու եւ տէր կանգնելու մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն ըսելով. «Ես վստահ եմ, որ մեր ուժերի միաւորումը, ինչպէս եղաւ հայ յեղափոխականների միաւորումը 135 տարի առաջ, նոյն ձեւով մեր ժողովրդին դաժան փորձութիւնները յաղթահարելով կը բերի լուսաւոր ապագայ։ Նոյն բանն է տեղի ունեցել Աւարայրում 451 թուականին, երբոր մահ իմացեալ անմահութիւն է, եւ մահ ոչ իմացեալ՝ մահ կարգախօսով վասն հաւատի եւ վասն հայրենեաց մեր նախնիները միաւորուեցին, ելան պայքարի եւ պահպանեցին մեր ինքնութիւնը։ Նոյն խնդիրն այսօր էլ է առաջացել։ Մենք պարտաւոր ենք վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատի միաւորուել եւ այս վիճակից մեր ժողովրդին դուրս բերել»:
Տօնակատարութեան ընթացքին գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Համազգայինի «Արցախ» պարախումբը՝ «Արտաշատ» պարով, «Էրեբունի» պարախումբը՝ «Արցախ» պարով։ Նաեւ ելոյթ ունեցաւ «Հայ աստղեր» երգչախումբը՝ «Խաղաղ երկինք» եւ «Իմ Հայաստան» երգերով։
Տօնակատարութեան աւարտին ելոյթ ունեցան թորոնթոհայ երգիչներ Յարութ Պետրոսեան՝ «Քրիստափորի երգը», եւ Սերոբ Յակոբեան՝ «Քեզի յարգանք ու մեծարանք» ազգային երգերով, իսկ «Արիւնոտ դրօշ»-ով վերջ գտաւ տօնակատարութիւնը։


