
Երեւան
Մայիս 28: Հայ ժողովուրդին յամառ պայքարի ոգին խորհրդանշող, յոյս ու հպարտութիւն ներշնչող ու Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան հռչակման թուական: Քաղաքական ծանր պայմաններու տակ հայը հաւատացած էր «լոյսի հայրենիք», «յոյսի հայրենիք»ի գաղափարին ու յամառ պայքար մղած էր անոր կերտումին ի խնդիր: Ժողովուրդը կը գիտակցէր, որ պէտք է տէր կանգնէր իր հայրենիքին՝ չկորսնցնելու համար զայն. եւ մայիսեան հերոսական ճակատամարտեր մղելով ու յաղթանակներ արձանագրելով ծնունդ տուած էր առաջին անկախութեան: Յովհաննէս Քաջազնունիի յուշերուն մէջ կը կարդանք. «Ընտրութիւն ընելու տեղ չէր մնացած: Պատմութիւնը բերեր կանգնեցուցած էր մեզ որոշ գիծի առջեւ. պէտք է յանդգնութիւն ունենայինք անցնիլ վրայէն, եթէ չէինք ուզեր խորտակուիլ: ….Եթէ ուշանար հայոց ազգային խորհուրդի յայտարարութիւնը, Հայաստանը կը մնար ոչ ոքի պատկանող իր եւ բաժին կը դառնար թուրքերուն, վրացիներուն, ատրպէյճանցիներուն»:
Ստեղծուած ծանր պայմաններուն տակ պատմական անհրաժեշտութիւն էր անկախութիւնը: Հայերը գերմարդկային ճիգերով հակահարուած տուին թշնամիին եւ երիտ թուրքերուն ծրագիրը ոչնչացուցին: Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերը պատճառ հանդիսացան, որ թուրքերը դաշինք կնքեն հայերուն հետ եւ ճանչնան Հայաստանի անկախութիւնը:
Թէեւ առաջին հանրապետութիւնը գոյատեւեց մինչեւ 2 Դեկտեմբեր, 1920 թուական՝ առ ի հետեւանք Հայաստանի խորհրդայնացումին, սակայն առաջին հանրապետութիւնը հիմք դարձաւ 21 Սեպտեմբեր 1991-ի, Հայաստանի գերագոյն խորհուրդին կողմէ հռչակուած Հայաստանի երկրորդ անկախացման: Հայաստանը պետականութիւն դարձաւ, ունենալով իր զինանշանը, դրօշակը եւ քայլերգը:
2014 տարեշրջանի Մայիս 28-ը, այլ յատկանշական օր եղաւ նաեւ իմ ընտանիքիս համար: Սուրիական պատերազմէն փախուստ տալով հայրենի հողին վրայ ոտք դրինք ճիշդ այդ թուականին: Ինչպէ՜ս չոգեւորուիլ, երբ նոյն օրը Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակ կ՚իջնես ու ականատես կ՚ըլլաս Ներսիկ Իսպիրեանին խանդավառող հայրենասիրական երգերուն: Ժողովուրդի բազմութիւնն ու յաղթութեան երգերը հպարտութեամբ ու հերոսական ոգիով կը զինեն քեզ եւ խաւարին մէջ լոյս տեսնելու ջերմեռանդ ապրումով կը համակեն հոգիդ:
Եւ, սակայն, երբ ազատ անկախ ու երազած հայրենիքիդ մէջ նոր թափով կ՚որոշես նոր կեանք հիմնել՝ բախումները կը սկսին: Տեղացի հայերը առաջին արտասանած բառէդ կը գիտնան, որ դուն «էստեղից չիս» ու երբ կը հաստատեն, որ այո՛, դուն սփիւռքահայ մըն ես, մանաւանդ պատերազմէն փախող մը` կը սկսի նոյն յանկերգը.
– Ուրիշ տեղ ինչի՞ չգնացիք:
– Մենք հոս ապահով կը զգանք:
– Է՜հ, էս երկիրը երկի՞ր է, որ եկել էք…
– Մեր հայրենիքն է:
– Ի՜նչ հայրենիք, ի՛նչ բան. գացէք ուրիշ երկիր, ձեզ համար որպէս մարդ ապրէք: Էս երկիրը երկիր չի…:
Որքա՞ն կարելի է հայրենիքի մասին այսպէս տրտունջք մտիկ ընել ու յարատեւ՝ ամէն քայլափոխի, ամէն հանդիպումի, ամէն առիթի անդադրում լսել ու լսել դժգոհանքը ժողովուրդին. ո՞վ է մեղաւորը: Ինչո՞ւ այսպէս պիտի ըլլար քսանգամեայ անկախութիւն ձեռք ձգած երկիր մը, ինչո՞ւ ժողովուրդը անկախութեամբ պիտի չուրախանար եւ անընդհատ կրկնէր. « Ի՜նչ անկախութիւն, ի՜նչ բան. ումի՞ց ենք անկախ, ինչի՞ց ենք անկախ…», մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս վիճակը: Այսքան դժգոհանքի դիմաց ականջ չունի՞ն տէրերը:
Կը նկատեմ ժպիտի պակասն ու մռայլութիւնը ժողովուրդին, դժգոհութեան տարաբնոյթ դրսեւորումները, ապագայի անորոշութիւնը եւ մանաւանդ տիրող արտագաղթի տհաճ ու մտահոգիչ երեւոյթը ու ափսոսանքով կը պատէ էութիւնս ամբողջ: Ինչպէ՜ս չափսոսալ, երբ մինչ օրս մշակութային արժէք ներկայացնող կառոյցներ օրէ օր կը նուազին, կը վաճառուին, կը քանդուին անգամ: Չափսոսա՜լ, երբ անտանելի դարձած կեանքի սղաճին դիմաց աղքատութիւնը գլուխը առած կ’երթայ եւ ապրուստը հոգալու միջոցներ մարդիկ կը դժուարանան գտնել: Չափսոսա՜լ, երբ տեղացին 25ամեայ ազատ անկախ հայրենիքով չ’ուրախանար, այլ նախկին սովետական կարգերու յուշերովը կ’ապրի ու ամէն առիթի անոր գովքը կը հիւսէ, ըսելով՝ «Սովետի վախտը մենք շատ լաւ էինք ապրում…»:
Ու կը հասկնամ, որ թերութիւններու դիմաց պէտք չէ լռել. «Մոլութիւններուն վրայ ծիծաղիլը առաքինութեան ճամբուն մէջ գտնուիլ կ՚ենթադրէ», ըսած է Յակոբ Պարոնեան իր յայտնի «Հոսհոսի Ձեռատետր»ին մէջ. բայց որ այդ մէկը կը կապեն հայրենիքի վսեմ գաղափարին հետ ու կը վատաբանեն հայրենիքին անունը, ահա այդ մէկը չեմ կրնար ընդունիլ: Հայրենիքը իր ողջ պատմութեան ընթացքին, միշտ ալ գէշ օրեր ունեցած է, սակայն ժողովուրդը իր երազանքը երբեք չէ կորսնցուցած, հայրենիքի անունը միշտ բարձր պահած է ու՝ հաւատացած անոր վերականգնումին ու յաւերժութեան:
Հակառակ տիրող դժգոհանքին, սակայն, զարմանքս մեծ եղաւ, երբ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, ականատես եղայ ժողովուրդին միասնական ոգիին ու հայրենանուէր ծառայութեան: Ամբողջ Հայաստանը միակամ դարձած վազեց պատե-րազմի դաշտ դիրքերը պաշտպանելու: Ու ազատամարտիկներուն ոգեշնչիչ խօսքերը ակամայ մտահոգութիւնս վերածեցին ոգեւորութեան ու Նիկողոս Սարաֆեանի խօսքերով զգացի, որ «մեծութիւն մըն է կեանքի եւ մահուան միջեւ մղուող պայքարը»: Յիշարժան էր, մանաւանդ այն, որ «էս երկիրը երկիր չի» ըսողները անգամ փութացին հայրենիքի օգնութեան: Հողին կանչը զիրենք մղեց փութալու ռազմական ճակատ՝ ապաւինելով իրենց սեփական ուժին ու կարողութեան: Եւ ի տես ժողովուրդի այս մեծ խանդավառութեան եւ պատրաստակամ ոգիին, իմ ալ հոգիս վրէժի, միեւնոյն ժամա-նակ պատկանելութեան զգացումով համակուեցաւ:
Ու մտորումներուս մէջ յիշեցի հայ միջնադարեան գրող Գրիգոր Մագիստրոսի առակներէն մէկը.
Արտոյտը կը կանգնի ու թեւերը վեր՝ դէպի երկինք, կը բարձրացնէ: Թռչունները զարմացած երբ կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ այդպէս կանգնած է, արտոյտը կը պատասխանէ, թէ ինքը իր թեւերով երկինքը վեր կը պահէ, որ յանկարծ չիյնայ երկրի վրայ: Թռչունները կը ծիծաղին ու կը հարցնեն, թէ այդ փետուրէ թեւերով ինչպէ՞ս պիտի կարողանայ պահել երկինքը: Արտոյտը կը պատասխանէ. «Ինչքան կը կարողանամ՝ կը պահեմ»: Գրիգոր Մագիստրոս, որ շատ կը տառապէր ի տես հայկական պետականութեան կորուստին եւ վերջին Բագրատունի հայ թագաւորի՝ Գագիկ Բ.ի բանտարկութեան համար, ան իր թուղթերուն մէջ ինքզինք արտոյտին համեմատելով կը թելադրէ, որ իւրաքանչիւր ոք այս նոյն հոգեբանութեամբ ի՛ր լուման բերէ հայրենիքի ծաղկման ու բարգաւաճման ի խնդիր, ընդդէմ բոլոր տեսակի չարիքներուն ու արհաւիրքներուն:
Թող Մայիսեան յաղթանակները միշտ մեզ ներշնչող ուժ դառնան, երբեք չյուսալքուինք ու հաւատանք մա՛նաւանդ, որ անպայման «պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած…» ու երկիրը երկիր պիտի մնայ ու բարգաւաճի: