Լրահոս
Թող Այս Դէմքերը Միշտ Դրոշմուած Մնան Իւրաքանչիւր Հայու Յիշողութեան Մէջ…
Այսօր… ճիշդ 36 տարի առաջ, Յուլիս 27, 1983-ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ, տեղւոյն թրքական դեսպանատան վրայ յարձակելով, հինգ հերոսներ նահատակուեցան: Անոնց զոհաբերման հիմնական ու գերագոյն պատճառը այդ շարունակ մոռցուած ու ծածկուած իրաւունքներու բարձրաձայնումն էր, այդ լռութեան պատի քանդումը եւ միջազգային հանրութեան ու քաղաքական շրջանակներուն հայկական հիմնահարցերու վրայ կեդրոնացումը:
Այսպէս Լիզպոնի ռումբերը պայթեցան ՀԱՅ ԴԱՏԻ տեսլականին համար: Այդ անդառնալի որոշումն ու անսակարկելի իրաւունքը ուժանակներու սեղմումն էր… ցայսօր «իբրեւ արծիւ սաւառնող» Լիզպոնի անձնուրացներուն կողմէ:
Անգամ մը եւս յիշենք սխրանքը ՝ Սիմոն Եահնէեանին, Վաչէ Տաղլեանին, Սեդրակ Աճէմեանին, Արա Գըրճլեանին եւ Սարգիս Աբրահամեանին:


