
Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, «Թիւֆենկեան» հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի Մարտուի գիւղի Ծովատեղ գիւղի Աւագեաններու բազմազաւակ ընտանիքը, որոնց տունը մեծ վնասներ կրած էր, արդէն իսկ վերադարձած է եւ շնորհիւ հիմնադրամին, վերանորոգած է բնակարանը։
«Մեր տունը երկու անգամ հրետակոծութեան ենթարկուեց եւ զգալի վնասներ կրեց. այլեւս բնակելի չէր», – բացատրեց Գեղամ Աւագեանը, որուն ընտանիքը սերունդներով ապրած է այս գիւղին մէջ: Ան, իր կնոջ Էլինայի հետ միասին, վեց երեխաներու ծնողներ է եւ շուտով կ’ունենան եօթերորդը: «Մենք երբեք մտադիր չէինք մեկնել այստեղից: Սա մեր տունն էէ, – աւելցուց ան:
Աւագեաններու երեխաները՝ Վահրամ 15 տարեկան, Րաֆֆի` 13, Արինայ` 12, Զաքար` 9, Մարինայ` 7 եւ Վարուշիկը 5 տարեկան, ոգեւորուած էին` տեսնելով իրենց երբեմնի վնասուած տունը ամբողջովին վերանորոգուած ընդամէնը մի քանի շաբթուայ ընթացքին: «Մենք ոգեւորուած ենք, որ վերադարձանք, քանի որ անհամբեր սպասում ենք մեր նոր քրոջ ծնունդը: Նա այստեղ կը մեծանայ ինչպէս մենք», – բացատրեց աըագ զաւակ Վահրամը:
Կրթութեամբ անասնաբոյժ Գեղամը մտադիր է շարունակել եւ զարգացնել իր գիւղատնտեսական աշխատանքները` ընդլայնելով իր գործերը։
Աւագեան ամոլը յոյսով է, որ իրենց ընտանիքը եւս կ’ընդարձակուի: «Մենք ուզում ենք 10 երեխայ: Տասը լաւ թիւ է», – շեշտեց Գեղամ:
Աւագեաններու տունը տարածաշրջանի 13 տուներէն առաջինն է, որը «Թիւֆենկեան» հիմնադրամը որոշած է վերանորոգել եւ վերականգնել պատերազմէն ետք:
Ըստ գիւղապետ Սամուէլ Աբրահամեանի, հիմնանորոգման ծրագիրը կարեւոր միջոց է, որպէսզի շրջանի բնակիչները մնան իրենց գիւղերուն մէջ։ «Ծովատեղը հնագոյն հայկական գիւղ է, որը գոյութիւն է ունեցել աւելի քան մէկ հազարամեակ: Մենք այստեղ յայտնաբերել ենք ութերորդ դարի խաչքար եւ ունենք հնագոյն եկեղեցի: Մենք պէտք է ամէն ինչ անենք, որ մեր գիւղացիները մնան այստեղ եւ սերունդներով փոխանցեն մեր ժառանգութիւնն ու աւանդոյթները», – ըսաւ Աբրահամեան:
Ծրագիրը կեդրոնացած է Հերհերի եւ անոր յարակից գիւղերու վրայ, ներառեալ Ծովատեղը եւ Խերխանը։ Ամբողջովին պիտի վերանորոգուին պատերազմի ընթացքին մեծ վնասներ կրած բնակելի տոըները, ինչպէս նաեւ զոհուած զինուորներու ընտանիքներու տուները: