Լրահոս
«Թըրքիշ Էրլայնզ»-ի Անդրանիկ Թռիչքը՝ Երեւան
11 Մարտին, «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ը կատարեց իր անդրանիկ թռիչքը՝ Պոլիսէն Երեւան, Պոյինկ 737-800 տիպի օդանաւով մը: Այս թռիչքները պիտի կատարուին ամէն օր, իսկ 14 Մայիսէն սկսեալ անոնց յաճախականութիւնը պիտի հասնի շաբաթական 10-ի, իսկ 15 Յունիսէն՝օրական երկու թռիչքի։
Թռիչքի ընդունելութեան արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան կոմիտէի փոխնախագահ Ստեփան Փայասլեան, «Արմէնիա» միջազգային օդակայաններու ընկերութեան տնօրէն Մարսելօ Վենտէ եւ գլխաւոր ղեկավար Սերգէյ Աւետիսեան, ընկերութեան Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու գծով վաճառքի փոխտնօրէն Հիւսէյն Օզպէք եւ Վրաստանի ու Հայաստանի գծով գլխաւոր տնօրէն Քէնան Ինճէ եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր:

