
ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Ռուբէնիս 7-րդ դասարանի կենսաբանութեան դասին կը նայիմ: Թէեւ գիրքը գիտական բառերով ու եզրերով խճղուած է, բայց դասերը հաճելի են: Կենդանիներու մասին է դասը: Գիրքին վրայ պատկերուած են գորտի նկարներ ու՝ համապատասխան բացատրութիւններ տրուած անոնց բազմացումին ու աճման մասին: Այդ պահուն, ինչպէս կ’ըլլայ, որ յանկարծ միտքս կ’իյնայ 10-րդ դասարանի մէկ արկածախնդրութիւնս, զոր առանց վարանելու բաժնել կ’ուզեմ տղուս հետ: Կենսաբանութեան գիրքը գիրկս պահած՝ ձեռքով ոտքով կ’իյնամ յուշերուս գիրկը՝ ընթացքին զննելով տղուս հակազդեցութիւնը:
-Այն խումբը որ աւելի տերեւներ, բոյսերու տեսակներ, միջատներ կամ գորտեր հաւաքէ ու ինծի ցոյց տայ, գրաւորին 10 նիշ պիտի ստանայ, առանց որեւէ հարցումի պատասխանելու:
Այսպէս յայտարարեց կենսաբանութեան մեր ուսուցիչը, երբ դասարան մտնելով յայտնեց, թէ յաջորդ մեր դասը Մէյտանքիի մէջ պիտի կատարենք ու զայն հետազօտութեան նուիրենք: Ի՜նչ երանութիւն էր մեզի՝ տասնվեցամեայ պատանիներուս համար, դասարանով շրջապտոյտի երթալ:
Որոշեալ օրը օթօքարին մէջ երգելով հասանք Մէյտանքի: Ջրվէժներու աշխարհ: Շատ գեղեցիկ ու հեքիաթային վայր մը, որ կը գտնուէր Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ, Հալէպէն մօտաւորապէս 65 քմ. հեռաւորութեան վրայ: Ու յախուռն բնաւորութեանս համաձայն, առանց ժամանակ կորսնցնելու մեր խումբին հետ սկսանք հաւաքման աշխատանքին: Գիտէի որ բոլորն ալ տերեւներ պիտի հաւաքէին, բոյսեր եւս, իսկ մենք վճռած էինք յաղթել, որուն համար ալ, ուրեմն, պէտք էր որ գորտ բռնէինք: Սակայն ամէն բան այդքան ալ մտածածիդ չափ դիւրին չ’ընթանար: Ճահիճներուն մէջ գորտեր կային ու ամբողջ տարածքը կռկռան գորտերու ձայնով լեցուած էր, բայց ինչպէս բռնել, երբ հազիւ մօտենայինք, անոնք կայծակի արագութեամբ ջուրը կը նետուէին: Հարկաւ. ո՜վ ինքզինք կը յանձնէ դարանակալ որսորդին: Սակայն պէտք չէր յուսահատիլ: Ու երկար փորձերէ ետք, ի վերջոյ, գտայ շատ վառ կանաչ գոյնի գորտ մը, որ նստած էր քարի մը վրայ. անմիջապէս, իրարանցումով մեր խումբի տղոց կանչեցի որ բռնեն: Բոլորը հաւաքուեցան: Բայց ո՜վ զարմանք, այս գորտը չի փախչիր.
-Հատէ՛, բռնէ հմայեա՛կ, չփախած, տէ՜:
-Չէ՜ ես չեմ բռներ:
-Աբգա՜ր:
Ձայն չկայ, բռնելու ճիգ ալ չկայ:
-Տիգրա՜ն:
-Կը պժգամ:
Տղոց վարանումը տեսնելուս պէս բարկութենէս տեսակ մը ուժ եկաւ վրաս: Ձեռքս նետեցի եւ՝ հո՛փ, ափիս մէջն է որսս:
-Սօսի՜, կամա՜ց, ի՞նչ կ’ընես, ձգէ՜:
-Լսած եմ, որ եթէ միզէ ձեռքիդ վրայ սինկիր (գորտնուկներ) կ’ելլէ, ձգէ՛ ձեռքէդ, շո՜ւտ:
«Ո՜ւր կը ձգեմ, որսը հազիւ կրցեր եմ ձեռք ձգել», կ’ըսեմ միտքէս ու իրարանցումով մը կը պոռամ. «Շո՛ւտ, տոպրակը մօտեցուցէ՛ք»:
Այնքան արագ կատարուեցաւ այս ամէնը, որ ես ալ զարմացայ, թէ այդ ի՛նչ կախարդանք եկաւ վրաս, որ ուժս հաւաքելով գորտը բռնեցի:
Սակայն, զարմանալին հոս բռնելս չէր այնքան, որքան տոպրակին մէջինը ու այդ նոյն պահուն չորս կողմէս լսուած պոռչըտուքն ու քմծիծաղը: Անմիջապէս որ տոպրակին մէջ դրի, ի՜նչ տեսնենք: Տոպրակին մէջ մէկ գորտը եղած էր երկու: Այս երկրորդը ուրկէ՜ յայտնուեցաւ: Ինչպէ՜ս: Կախարդութի՞ւն եղաւ…: Տղոց քրքջանքէն հասկցայ, որ գորտերը անշարժացած էին, որովհետեւ վրայ վրայի նստած էին:
Ու սուրհանդակի պէս լուրը տարածուեցաւ ամբողջ Մէյտանքիին մէջ: Բոլոր խումբերը գլուխս հաւաքուեցան:
– Տեսէ՛ք, Սօսին ի՛նչ բռներ է:
–Հայվանները հաճոյքէ զրկեցիր:
– Հահահա:
-Քա Սօսի, ինչպէ՜ս բռնեցիր:
Ամօթէս ուր մտնելս չգիտցայ: Այդ պահուն տենչացի գորտ մը ըլլալ ու ջուրին մէջ սուզուիլ: Գլուխս հաւաքուած տղոց աչքերուն նայելու կ’ամչնայի: Այտերէս մինչեւ ականջներուս բլդակը կաս-կարմիր կտրած ապշաբեկ կը նայէի տոպրակիս ու չէի հասկնար տակաւին, թէ մէկը ինչպէս երկու եղաւ, կամ ես ինչպէ՛ս չէի տեսած երկրորդը: Ես ալ կարծեր էի, որ ըրածս մեծ քաջագործութիւն մըն է:
Հիմա բռնելու բռներ էի, գոնէ մրցանիշը ստանայինք ու պարապի չերթար այս ամբողջ իրարանցումը:
Եւ որովհետեւ կենսաբանութեան ուսուցիչը մեզի հետ չէր եկած, այլ միայն դաստիարակը, ուստի ուսուցիչին ցոյց տալու արարողութիւնը յաջորդ օրուան մնացեր էր: Ուրեմն պէտք էր որ դպրոց տանէինք, որ տեսնէր եւ մեր պատուոյ նիշը ստանայինք, մանաւանդ որ միւս խումբերէն ոչ մէկը կրցեր էր գորտ բռնել:
-Տղա՛ք, ո՞վ կը տանի տուն:
-Դո՛ւն բռնեցիր, դո՛ւն տար:
-Ապրիս Սօսի, ի՛նչ ալ քաջ ես եղեր:
«Դուք ալ ինչ ֆըսոտ էք եղեր», միտքէս ըսի ու ճարահատ տոպրակի մէջ դրուած գորտիկներս տարի տուն ու փոքրիկ կճուճի մէջ դրի՝ կափարիչը տեղ-տեղ ծակծկելով, որպէսզի կարենային շունչ առնել կենդանիները: Անցքին մէջ, երբ եղբօրս ցոյց տալ ուզեցի, կափարիչը բանալս ու մէջէն երկուքը մէկ նետուիլը մէկ եղաւ: Սենեակիս դէմի անցքի պատին վրայ երկուքը կեցած՝ ինծի կը նային:
Նորէն իրար անցայ, հիմա ինչպէս զիրենք կրկին վերադարձնեմ կճուճին մէջ: Եղբօրմէս կը խնդրեմ, քմծիծաղ կը բռցնէ.
-Քեզի ով ըսաւ որ բռնես:
-Հաճիս, տէ՜, օգնէ:
– Հերոսը դուն ես, ես չեմ սիրեր, տեսակ մը կը զգամ: Ձեռքէս կը սահին:
Այս անգամ նոյն ուժը չունէի Մէյտանքիին: Ճիշդ հակառակը, ձեռքս երկարել կը փորձէի, պժգանք զգալով ետ կը քաշէի: Հապա եթէ չկրնայի հիմա բռնել: Ցատկռտէին մէկ բազմոցէն միւսը, մայրիկիս ձեռքէն պիտի չազատէի. «Աս ինչ բերիր տուն, գորտերնիս պակաս էր», կը կրկնէր արդէն ամէն տեսնելուն:
Ի վերջոյ ձեռքս խաւաքարտէ կտոր մը առնելով գորտերէն մին հրեցի տակը մօտեցուցած կճուճիս մէջ: Նոյնն բանն ալ միւսին համար եղբայրս ըրաւ:
Հիմա գորտերը ապահով էին: Կրնայի քնանալ:
Առտու կանուխ, երեսս լուալէ առաջ գացի խոհանոց գորտիկներս տեսնելու: Եւ ո՜վ զարմանք. կճուճը կէսով չափ թափանցիկ հեղուկով լեցուած էր, մէջը մանր-մանր սեւ գնդիկներ:
«Ծօ՛, մրցանիշին ալ, անունին ալ, աս ինչ փորձանք բերի գլխուս»: Հիմա ալ իրենց գորտնկիթները ստիպուած էի մաքրել:
Դպրոց գացի ու նկատեցի, որ դպրոցին ողջ խօսակցութեան առանցքը իմ «հերոսութիւն»ս դարձած էր. մտնող դասատուն առաջին «բարի լոյս»ին հետ ինծի կը մօտենար՝ հարցնելու համար թէ իսկապէ՞ս ես գորտեր բռներ եմ որ…
Այդ օր կենսաբանութիւն չունէինք, եւ որովհետեւ ուսուցիչը այցելու դասատու էր, դպրոց չէր եկած: Բայց ի՞նչ պիտի ընեմ, դեռ քանի՞ անգամ պէտք է տանիմ-բերեմ այս փորձանքները: Ուստի մեր խումբի անդամներուն առաջարկեցի, որ այս անգամ ալ իրենք տանին: Բոլորը հրաժարեցան, ինչպէս նախորդ անգամ:
Ստիպուած գորտերս շալկած տուն գացի:
«Աս կենդանիները նորէն բերիր», մօրս պարսաւանքն ալ կլլեցինք: Հիմա ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ազատիլ: Ո՞ւր տանիլ թափել, փողո՞ցը. կը սատկին, չէ՜ մեղք են, ի՜նչ կանաչաւուն են, գեղեցիկ…
Հայրիկս տեսնելով որ «քաջագործութիւնս» ուղղակի մղջաւանջ դարձած էր ինծի համար, առաջարկեց մեր ամարանոցը տանիլ ու հոն միւս գորտերուն քով նետել, մանաւանդ որ ինք երթալ մը ունէր այդ օրը:
Այդպէս ալ ըրինք: Ես ու հայրիկս մեր պարտէզը տարինք ու հոն խոնաւ անկիւն մը նետեցի զանոնք՝ բարի կեցութիւն մաղթելով իրենց:
Անկէ ետք, ամէն անգամ երբ աւազանը մաքրելու ըլլայինք ու հոն պատահէր որ գորտ յայտնուէր, այս անգամ քրոջս գանգատն էր որ կը լսուէր.
-Սօսիին գորտն է:
-Գործ տեսար, գորտ բերիր:
– Հիմա գորտերուն հետ դուն պիտի լողաս:
Իսկ դպրոցը պարզուեցաւ, որ ո՛չ մրցանիշ կայ, ո՛չ մէկ բան, ընդամէնը պարոնը մեզ ոգեւորելու համար այդպէս ըսած էր: Իսկ ես բուռն բնաւորութեանս զոհն էի ամէն անգամուան պէս:
Այս ամբողջ իրարանցումին մրցանիշս եղաւ կանաչ գորտէ տաշելիք մը, ան ալ թուաբանութեան ուսուցչուհիէս:
-Սօսի իրա՞ւ է որ դուն գորտ բռներ ես:
-Գորտե՜ր օրիորդ, ան ալ ի՜նչ գորտեր… կը կրկնէին դասընկերներս:
***
Աչքս գոցեցի-բացի տարիները անցեր են եւ արդէն տղաս տասներկու տարեկան է: Պատումիս աւարտին ժպիտ ուրուագծուեցաւ դէմքիս ու ես հասկցայ թէ գորտ բռնելս այսօր ինչի՛ ծառայեց, որովհետեւ փաստեցի, որ տղաս մեծցեր է… փայլուն աչուկները ամէն ինչ մատնեցին: