ԹԷ­ՔԷ­ԵԱ­ՆԻ ԿԱԶ­ՄԱ­ԿԵՐ­ՊՈՒ­ԹԵԱՄԲ` THE BIG BAD ARMO SHOW ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱ­ՑՈՒ­ՄԸ ՆԻՒ ԵՈՐ­ՔԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:6 Minute, 45 Second

p6 Big Bad Armo 03-01-2014 29069  ՅԱ­ԿՈԲ ՎԱՐ­ԴԻ­ՎԱՌ­ԵԱՆ

 

Գա­լի­ֆորն­իոյ տա­րած­քին եւ հա­յա­շատ աւան­նե­րուն մէջ մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան հա­սած այս թա­տե­րա­խում­բը կը հմա­յէ ամե­րի­կա­հայ երի­տա­սար­դու­թիւնը:  Լի­ո­վին հայ­կա­կան նիւ­թե­րով, մեր ազ­գա­յին ապ­րե­լա­կեր­պին, կեան­քին, երազ­նե­րուն, ցա­ւե­րուն, յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն մէկ գե­ղե­ցիկ ար­տա­յայ­տու­թիւնն է որ կու տայ թա­տե­րա­խում­բը, դիտ­ուած` նոր սե­րուն­դին ակ­նո­ցով իսկ, որ եր­բեմն կը ցաւց­նէ գո­նէ մեզ` մենք մեզ աւե­լի հայ զգա­ցող­ներս, իր ներ­կա­յա­ցու­ցած կա­տա­կեր­գու­թեան ընդ­մէ­ջէն իսկ: Ամե­րի­կա­հայ հա­րա­զատ կեանքն է որ կը ներ­կա­յաց­նեն թա­տե­րա­խում­բին 6-7 դե­րա­կա­տար­նե­րը, որոնք հա­սակ առած են թէ­եւ հայ­կա­կան աւան­դա­կան մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, սա­կայն չեն տար­բե­րիր իրենց սերն­դա­կից ամե­րի­կա­ցի­նե­րէն:  Վեր­ջա­պէս, այս ներ­կա­յաց­ման մէջ կը տես­նենք ամե­րի­կացի­ին մէջ հա՛յն ու հա­յուն մէջ ամե­րի­կա­ցի՛ն:  Եւ անոնք այս եր­կու մշա­կոյթ­նե­րու ձու­լու­մը կու տան հա­րա­զա­տու­թեամբ: p6 Big Bad Armo 03-01-2014 59472

Անց­եալ դա­րու սկիզ­բի Երկ­րէն եկած ամե­րի­կա­հայ սե­րունդ չու­նինք այ­լեւս եւ 60-70ական թուա­կան­նե­րուն Պոլ­սէն, Եգիպ­տո­սէն, Սուր­իա­յէն, Իրա­նէն ու Լի­բա­նա­նէն եկած գաղ­թա­կան­նե­րուն մի­ջին տա­րի­քը ար­դէն հա­սած է հա­սու­նու­թեան …: Նոր ամե­րի­կա­հա­յու­թիւնը այ­սօր, կը ներ­կա­յաց­նէ այս սե­րուն­դը, ըն­դու­նինք կամ ոչ: Այս տղոց ու աղ­ջիկ­նե­րուն կը վստահ­ուի գա­լիք տաս­նամ­եակ­նե­րու մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան մեր առօր­եայ կեան­քը: Եւ գո­նէ մենք, լսե­լու ենք զի­րենք եւ եթէ կայ բան փո­խե­լու մեր ըն­կե­րա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան կեան­քէն, դիւ­րաց­նենք գո­նէ մենք այդ աշ­խա­տան­քը եւ զայն յանձ­նենք աւե­լի ապա­հով ձեռ­քե­րու:

 

***

 

Փետր­ուար 28 եւ Մարտ 1, 2014, Նիւ Եոր­քի Symphonyspace թա­տե­րաս­րա­հը բեր­նէ բե­րան լե­ցու­ցած էին նիւ եոր­քա­հայ եւ նիւ ճըրզ­ի­ա­հայ նոր սե­րուն­դը: Մի­ջին տա­րի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կը կազ­մէ­ին ներ­կա­յու­թեան հա­զիւ տա­սը տո­կո­սը: Թէ­քէ­եան Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան Մե­ծա­գոյն Նիւ Եոր­քի “Մհեր Մկրտչեան“ թա­տե­րա­խում­բը ու­նե­ցաւ յանդգ­նու­թիւնը, առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան ափ հրա­ւի­րե­լու այս թա­տե­րա­խում­բը, որուն մաս կը կազ­մէ­ին բա­ցի դե­րա­կա­տար­նե­րէն, մօտ 10 թեք­նիք աշ­խա­տող­ներ` ձայ­նա­յին, լոյ­սի, վի­տէ­ո­յի, տա­րազ­նե­րու, դի­մա­յար­դար­ման, բե­մա­յար­դար­ման բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս:

Թէ­քէ­եա­նի անու­նով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց յանձ­նա­խումբի ժրա­ջան երի­տա­սարդ լա­ւա­գոյն ու­ժե­րէն Օրի­որդ Թա­լին Շէ­շէ­թեան, որուն ան­սա­կարկ հե­տապն­դում­նե­րուն եւ մնա­յուն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ ալ ընդ­հան­րա­պէս կա­րե­լի եղաւ յա­ջողց­նել այս թա­տե­րա­խում­բին հիւ­րա­խա­ղա­յին ելոյթ­նե­րը Նիւ Եոր­քի մէջ:  Դիւ­րին չէ Մեն­հե­թը­նի մէջ այս բո­լո­րը կա­տա­րել … նիւ­թա­կան ծանր պար­տա­ւո­րու­թեան մը առաջ դնե­լով կազ­մա­կեր­պող միու­թիւնը:

Թա­տե­րա­խա­ղին հե­ղի­նակն ու պա­տաս­խա­նա­տուն է Լո­րի Թա­թուլ­եան` Գա­լի­ֆորն­իոյ փոք­րիկ մէկ աւա­նէն` Րիտլի­էն (հա­յա­շատ Ֆրէզ­նո­յի շրջա­նէն, ուր ծնած էր ան­մա­հա­նուն Ուիլի­ըմ Սա­րոյ­եան), ուր հա­սակ առած է խար­բերդ­ցի այ­գե­պան­նե­րու եւ գի­նե­գործ­նե­րու հա­մայն­քէն ներս:  Լորիի ծնող­քը` Լի­բա­նա­նէն գաղ­թած հա­յեր են: Որ­պէս Goodwill Ambassador Լո­րին եկած է Նիւ Եորք եւ աշ­խա­տած Մ.Ա.­Կ.ի կեդ­րո­նա­տեղի­ին: Թա­տե­րա­կան շնորհ­նե­րով օժտ­ուած ան ար­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցած է 4-5 տար­բեր նմա­նօ­րի­նակ ներ­կա­յա­ցում­ներ: Ան կ՛աշ­խա­տակ­ցի, միւս կող­մէ, ամե­րիկ­եան տե­ղա­կան տար­բեր հա­ղոր­դա­ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու եւ թատ­րո­նի դա­սեր կու տայ նա­խակր­թա­րան­նե­րու եւ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ:  Մե­ծար­ուած է National Endowment for the Arts թա­տե­րա­կան բնա­գա­ւա­ռէն ներս եւ ու­նի գնա­հա­տա­գիր­ներ Գա­լի­ֆորն­իոյ քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րէն ստա­ցած:

Բե­մադ­րիչն է Ճէյմս Մար­թին. ա՛յո հայ մը, որ հա­յե­րէն սոր­ված է այս ներ­կա­յաց­ման հա­մար միայն…: Հա­սակ առած է հայ եւ ըստ իրեն հայ եմ, շատ հա­ւա­նա­բար, ձեր բո­լո­րէն աւե­լի հաս­տա­տու­մը կ՛ընէ յայ­տա­գիր-գրքոյ­կով:

Միւս դե­րա­կա­տար­նե­րը` Արամ Ար­թին Ճի­պիլ­եան` Հո­լի­վու­տի Սուրբ Յով­հան­նու Կա­րա­պետ եկե­ղեց­ւոյ մէջ ծա­ռա­յած, Ալեքս Քա­լոկ­նո­մոս` UCLA հա­մալ­սա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ անգլ­ի­ա­կան գրա­կա­նու­թեան մէջ մաս­նա­գի­տա­նա­լով եւ Լոս Ան­ճե­լը­սի Յու­նա­կան Շար­ժա­պատ­կե­րի Ֆես­թի­վա­լի տնօ­րէն բարձ­րա­ցած է Սա­րոյ­եա­նի Hello Out There ներ­կա­յաց­ման մէջ, Հե­լեն Քա­լոկ­նո­մոս` մաս կը կազ­մէ թա­տե­րա­խում­բի առա­ջին ներ­կա­յա­ցու­մէն` 2009 թուա­կա­նէն սկսեալ եւ Հայ­կա­կան Թե­լե­թո­նի վա­րիչ­նե­րէն է (ըստ իրեն` 3/4 հայ է եւ 1/4 ռուս եւ յոյն), Լութ­ֆիկ Մա­նուկ­եան` մաս կը կազ­մէ զա­նա­զան ֆիլ­մե­րու եւ թա­տե­րա­խա­ղե­րու եւ նիւ­թա­պէս բա­ւա­կա­նին դրա­մա­հա­ւաք կա­տա­րած է Հա­յաս­տա­նի հա­մար եւ Ալեք­սանտր Մա­շիկ­եան, որ ինք­զինք կը նկա­տէ տի­պար հա­յը, առանց հա­յե­րէն խօ­սե­լու, կար­դա­լու … սա­կայն այս ներ­կա­յա­ցու­մը պատ­ճառ կը դառ­նայ որ այ­լեւս մտա­ծէ նա­եւ սոր­վե­լու իր մայ­րե­նին:

Ահա՛ այս է պատ­կե­րը նոր ամե­րի­կա­հա­յու­թեան, որ պէտք ենք ըն­դու­նիլ այն­պէս ինչ­պէս որ է:

Երկ­րորդ օր­ուան ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք, Թէ­քէ­եա­նի վար­չու­թիւնը ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րեց հիւ­րա­սի­րու­թեան` սրա­հի քով եղող պառը, մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու ներ­կա­յաց­ման մէջ բա­ժին ու­նե­ցող դե­րա­սան­նե­րուն եւ թեք­նիք աշ­խա­տող­նե­րուն:

Կը ծրագր­ուի խում­բը դարձ­եալ հրա­ւի­րել ան­յա­պաղ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles