«Ալիք» Օրաթերթի 85-Ամեակ

0 0
Read Time:1 Minute, 18 Second

c18c8220e7d12659087c6ddc4ea03298_xl

 

ԹԵՀՐԱՆ.- «Ալիք»-ի 85-ամեակին նուիրուած գլխաւոր ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17-ին, Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարի խորհրդական Գրիգոր Առաքելեան, Իրանի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեան, Իրանի խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան եւ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւորները, Թեհրանի եւ Ատրպատականի հայոց թեմերու  առաջնորդները, թեմերու թեմական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, հայ կաթողիկէ համայնքի, աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչները, Իրան գտնուող Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները եւ հոծ բազմութիւն մը: Ելոյթ ունեցան «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Հենրիկ Խալոյեան եւ օրուան բանախօս, «Ալիք» օրաթերթի արտօնատէր Ալպերթ Աճեմեան: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեանն ու Հ.Յ.Դաշնակցութեան Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ուղերձը կարդաց նախարարութեան աշխատակազմի մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էւելինա Բաղդասարեան, իսկ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեանի ձեռամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Վենետիկի «Մխիթարեան» միաբանութեան Յակոբ Մեղապարտ միացեալ մետալը յանձնուեցաւ «Ալիք» օրաթերթի արտօնատէր Ալպերթ Աճեմեանին, իսկ նախարարութեան կողմէ յատուկ յուշամետալ յանձնուեցաւ թերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանին: Ապա գնահատագիրներ յանձնուեցան «Ալիք»-ի պաշտօնէութեան:

Ձեռնարկին ընթացքին յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ «Ալիք»-ի 85-ամեակին առիթով Իրան գտնուող հայաշխարհի լրատուամիջոցներու  ներկայացուցիչներուն:

«Ալիք»-ի 85-ամեակի ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Ալիք»-ի պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը;

Աւարտին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles