ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
93 տարիներ առաջ` Մարտ 15, 1921-ին, հայկական վրիժառութեան սրբալոյս դէմքերէն` Սողոմոն Թեհլիրեան, Պերլինի Շարլոթընպըրկ թաղին մէջ սպաննեց Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնական կազմակերպիչներէն մէկը` Թալէաթ Փաշան:
Արհաւիրքի եւ արդարութեան ամբողջ պատմութիւն մը խտացնող ու խորհրդանշող այս հերոս հայորդին, 25 տարեկանին, օր-ցերեկով, ահաբեկեց Օսմանեան Կայսրութեան իթթիհատական վարչապետը:
Ի յիշատակ այդ նշանաւոր իրադարձութեան, Պատանի Պատմագէտներու Ակումբը Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ կազմակերպեց հաւաք մը, որու ընթացքին երիտասարդներու հոծ բազմութիւնը հայրենասիրական երգերով, պարերով ու կոչերով հանդէս եկաւ: Նաեւ, ներկաները բաժակ մը գինի խմեցին հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի յիշատակին…հնչեցնելով “Գինի Լից“ը:

