ՓԱՐԻԶ.- Հ.Յ.Դ.-ի Կազմակերպած Կլոր Սեղանները` «Ի՞նչ Ապագայ Ֆրանսահայութեան Համար» Նիւթին Շուրջ

0 0
Read Time:6 Minute, 44 Second

 

ՓԱՐԻԶ («Ֆրանս – Արմէնի», «Նոր Յառաջ»).- Շաբաթ, Մարտ 24-ին, լոյսերոը քաղաքի քաղաքապետարանի լսարանին մէջ կայացան Հ.Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած երեք կլոր սեղանները` հետեւեալ նիւթերով.-
– «Հայկական ինքնութիւնը Ֆրանսայի մէջ` ժառանգութեան եւ արդիականութեան միջեւ»:
– «Հայեցի դաստիարակութիւնը` ի՞նչ բովանդակութեամբ եւ ինչպիսի՞ միջոցներով»:
– «Ինչպէ՞ս դիմագրաւել հայ ժողովուրդի քաղաքական գրաւարկները»:

Վահէ Պէրպէրեան

Առաջին կլոր սեղանին մասնակցեցան` գրող եւ երգիծաբան Վահէ Պէրպէրեանը, «Ֆրանս-Արմէնի»-ի խմբագիր Վարուժան Մարտիկեանը, գրող եւ լրագրող Տիգրան Եկաւեանը եւ ֆրանսահայ թեմի անդրանիկ առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանը: Այս վերջինը ընդգծեց դպրոցին կարեւոր դերը` լեզուն եւ մշակոյթը փոխանցելու առումով, նկատի ունենալով, որ ընտանիքները հետզհետէ աւելի քիչ կը զբաղին այդ աշխատանքով: «Հոն, ուր հայկական դպրոց կայ, պահպանուա՛ծ է հայկականութիւնը», նշեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ ատիկա վճռորոշ է պատմութեան հետ կապը պահելու համար: Անոր կարծիքով, սփիւռքի ամէնէն մեծ սխալը այս խնդիրը աչքաթող ընելն է: Ան յիշեցուց մամուլի եւ լրատու աղբիւրներուն կարեւորութիւնը` հայութեան զանազան խաւերը տեղեկացնելու ուղղութեամբ:

Տիգրան Եկաւեան

Տիգրան Եկաւեանը նկատել տուաւ, որ լսատեսողական միջոցներն ու ժապաւէնները իրազեկման հրաշալի գործիքներ են, որոնք առիթ կու տան երիտասարդներուն` իրենք զիրենք ճանչնալու եւ ըստ այնմ կողմնորոշուելու: Ի տես ներկայի արագընթաց ժամանակին` ան շեշտեց նոր ուղիներ նուաճելու հրամայականը, որպէսզի երիտասարդութեան նոր հոսանքները հետաքրքրուին ինքնութեան նորօրեայ ծալքերով:

Նորվան Արք. Զաքարեան

Վահէ Պէրպէրեանը շեշտեց հայկական ժառանգութիւնը փոխակերպելու եւ անոր ծանրակշիռ հէնքը դրականի վերածելու, նաեւ երիտասարդութիւնը զոհի մտայնութենէն ձերբազատելու կարեւորութիւնը, որպէսզի վերջինս անդրադառնայ, որ` «Հայ ըլլալը կրնայ գեղեցիկ ու ցանկալի ըլլալ»: Ըստ անոր, այնքան ատեն որ հայկական ինքնութիւնը կ՛առնչենք կարծր եւ լուրջ կեցուածքներու, մենք փակուած կը մնանք ինքնութեան պատնէշին ետին, եւ այլեւս անօգուտ կ՛ըլլայ «երիտասարդութեան ծախել բան մը, որուն կարիքը ան չունի»: Թատերական ու գեղարուեստական դիտանկիւնէն, ան շեշտեց հայութեան ստանձնած դերին կարեւորութիւնը, որ ազդեցութիւն կը գործէ իր ինքնութեան վրայ` մէջբերելով Քըրթ Վոնկըթ Ճիւնիըրին հետեւեալ խօսքը. «Ուշադի՛ր այն ինչին, զոր կը յաւակնիս ըլլալ, քանի դուն ա՛յն ես, ինչ կը յաւակնիս ըլլալ»:

Վարուժան Մարտիկեան

Վարուժան Մարտիկեանը խօսեցաւ ֆրանսական եւ հայկական աշխարհի վերամիաւորման անհրաժեշտութեան մասին` ըսելով, որ այս երկուքը իրարու հետ կը հաղորդակցին առանց իրապէս զիրար դիմակայելու: Ատոր համար ալ, ըստ բանախօսին, անհրաժեշտ է համախմբել մասնագէտներ, որոնց փորձաքննութեան արդիւնքը պէտք է դրուի հաւաքական կազմակերպութեան մը տրամադրութեան տակ, որ կարենայ ծառայել իբրեւ մշակութային կամուրջ: Ան եւս անդրադարձաւ փոխանցման հարցին` ըսելով. «Այսօր փոխանցումը այլեւս արեան պարտք չէ, այլ հաճոյք է, իմաստութեանց որոնում»: Մարտիկեանին կարծիքով, հայկական ինքնութիւնը պէտք է կարենայ դիմակայել իրականութեան բոլոր եզրերը` քաղաքական, մշակութային եւ մտաւորական մարտահրաւէրներու ճամբով:
Երկրորդ կլոր սեղանը` «Հայեցի դաստիարակութիւնը` ի՞նչ բովանդակութեամբ եւ ինչպիսի՞ միջոցներով», կ՛առնչուէր Ֆրանսայի մէջ հայկական դաստիարակութեան: Այս նիւթին շուրջ տեսակէտներ յայտնեցին «Հրանդ Տինք» ֆրանքեւհայկական դպրոցի մանկավարժական բաժինի պատասխանատու Կարապետ Տագէսեանը, համալսարանի դասախօս Անահիտ Տօնապետեանը, Երեւանի ԹՈՒՄՕ կեդրոնի տնօրէնուհի Մարի-Լու Փափազեանը եւ «Նոր Յառաջ»-ի տնօրէն Ժիրայր Չոլաքեանը:
Անահիտ

Անահիտ Տօնապետեան

Տօնապետեանը անդրադարձաւ Ֆրանսայի հայկական դպրոցներու խնդիրներուն` դուրսէն դիտողի հայեացքով: Ան յիշեցուց, որ այդ դպրոցները առաջին հերթին երկլեզու վարժարաններ են, որոնք կը հետեւին երկրի ազգային կրթական ծրագիրին, եւ ուր հայերէնը միա՛յն շաբաթը քանի մը ժամ կը դասաւանդուի, ինչ որ գոհացուցիչ չէ, անշուշտ:

Մարի-Լու Փափազեան

Տօնապետեանը դիտել տուաւ, թէ որոշ դասատուներ յաճախ ճիշդ ձեւով դասաւանդելու պատրաստութիւնը չունին, իսկ շատեր չեն ըմբռներ երեխային ներաշխարհը: Ան պաշտպանեց այն տեսակէտը, որ պէտք է աշակերտի կարիքներուն հիման վրայ ծրագիր մը մշակել` որդեգրելով կրթական նոր մեթոտներ: Ան ընդգծեց թիրախային նախաձեռնութիւնները բազմապատկելու անհրաժեշտութիւնը` երեխային լեզու սերմանելու նպատակադրումով, նկատի ունենալով, որ` «անոնք կարիք չունին հայերէն խօսելու, եւ անոնց լեզուն զարգանալու շատ քիչ հնարաւորութիւն ունի»: Միւս կողմէ` Տօնապետեանը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ եւրոպական մագիստրոսութիւն հիմնելու իր ծրագիրին մասին` «Erasmus»-ի ծիրէն ներս:
Կարապետ Տագէսեանը իրավիճակը ներսէն ապրողի մը իր տեսակէտները յայտնեց կրթական կառոյցներուն վերաբերեալ: Ան մատնանշեց նիւթական միջոցներ գտնելու դժուարութիւնները եւ պետութեան կողմէ պարտադրուած` հայկական եօթը դպրոցներու ղեկավարման պայմանները, որոնք կը համախմբեն շուրջ 1300 աշակերտներ: Այս թիւը նոյնիսկ եթէ յառաջիկայ քառասուն տարիներուն տասով բազմապատկուի, դարձեա՛լ անբաւարար կը մնայ: Տագէսեան նաեւ յիշեցուց, որ լեզուն նախ ընտանիքի եւ համայնքային կեանքի փոխադարձ ազդեցութեան արգասիքն է: Այս առումով, ան ներկայացուց երեխայի մը մէջ այն երկընտրանքը, որ դեր ունի լեզուի ընտրութեան մէջ` իր ներաշխարհը արտայայտելու համար: Դասախօսին կարծիքով, երեւոյթը բառապաշարի հարց է. մինչ ֆրանսացի աշակերտը հազարաւոր բառերով կը զարգացնէ իր բառապաշարը, հայերէն խօսող եւ հայերէն սորվող երեխան արդեօք կը համարձակի՞ հայերէնով արտայայտուիլ` իր սահմանափակ բառապաշարով:

Ժիրայր Չոլաքեան

Ժիրայր Չոլաքեանը ընդգծեց, որ պէտք է կրթութիւնը ընդգրկել սփիւռքի քաղաքական կազմակերպութիւններու օրակարգին մէջ: Կուսակցութիւնները, մշակութային միութիւնները եւ զանազան համայնքային կառոյցները շատ կարեւոր են փոխանցումը քաջալերելու եւ ուղղութիւն տալու առումով: Վերլուծելով ֆրանսական կրթական համակարգը եւ հայոց լեզուի ահազանգային կացութիւնը` ան քննադատեց սփիւռքի կազմակերպութիւններու անտարբերութիւնը հայերէնի դասաւանդման նկատմամբ, մինչդեռ լեզուն ամէնէն լաւ միջոցն է` իբրեւ ժողովուրդ վերանորոգուելու եւ գոյատեւելու համար: Ըստ անոր, այս կացութիւնը իր հետեւանքը կ՛ունենայ նաեւ Հայաստանի վրայ, նկատի ունենալով, որ վերջինս պէտք ունի իրեն սատարող զօրաւոր սփիւռքի մը: Առանց կրթական համակարգի` սփիւռքը պիտի չկարենայ իր դերը կատարել: Լրագրող եւ մանկավարժ Չոլաքեանը շեշտեց, որ հարկ է այս նիւթը վիճարկումի առարկայ դարձնել` նկատի ունենալով, որ դասախօս եւ աշակերտ կերտող սփիւռքի կրթական հաստատութիւնները մէկը միւսին ետեւէն կը փակեն իրենց դռները. յիշենք` Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը, Կիպրոսի Մելգոնեանը եւ Փարիզի Սամուէլ Մուրատ վարժարանը: Միւս կողմէ` Չոլաքեանը յայտնեց, որ Ֆրանսայի հայկական դպրոցներուն մեծամասնութիւնը կառուցուած է անհատ նուիրատուներու մեծ գումարներով, այլ ոչ թէ` հաւաքական զօրաշարժի շնորհիւ: Հուսկ, ան ներկայացուց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հնգամեայ ծրագիրի զարգացումն ու հեռանկարները, ինչ որ կը նպաստէ նորարար մանկավարժութեան վրայ հիմնուած կրթական համակարգ եւ ուսուցիչներ պատրաստելու աշխատանքին:
Մարի-Լու Փափազեանը, մեկնելով սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ ունեցած իր անհատական փորձառութենէն` որպէս ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէնուհի, կրթական հարցը քննարկեց միաժամանակ ներսի եւ դուրսի հայեացքով: Ան յայտնեց, թէ ուրախալի է, որ այս հարցը հետզհետէ կը զարգանայ ու կը հասուննայ աշխարհի հայութեան մտայնութեան մէջ: Իր ընտանիքին օրինակը բերելով` Փափազեանը յայտնեց, որ իր զաւակները հայ լեզուով եւ հայ մշակոյթով մեծցնելու մտադրութեամբ է, որ ինք փոխադրուած եւ կայք հաստատած է Հայաստան: Հայերէնի դասաւանդութիւնը բարելաւելու համար ան նշեց, որ պէտք է ուսումնասիրել այս մարզին մէջ ցարդ արձանագրուած թերութիւններն ու յաջողութիւնները` նկատի ունենալով, որ տակաւին լրջօրէն չէ քննարկուած այս հարցը: Անդրադառնալով ԹՈՒՄՕ-ի գլխաւոր յատկանիշներուն` Փափազեան նշեց գրաւիչ բովանդակութեամբ ստեղծագործական միջավայրի մը կերտումը, ինչ որ հրամայական է տեղեկութիւններով «ռմբակոծուող» մերօրեայ

Փաթրիք Տէվէճեան

աշակերտին համար` իր ուղղութիւնը գտնելու առումով:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Վերջին կլոր սեղանին մասնակցեցան Հօ-տը-Սենի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քէփէնէկեանը եւ Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեանը: Տէվէճեանը անդրադարձաւ Ֆրանսայի հայութեան քաղաքական պայքարի պատմութեան եւ ընդգծեց Հայաստանի պետութեան փխրուն կացութիւնը` յոյժ կարեւոր նկատելով մայր հայրենիքի հետ հայ համայնքին յարաբերութիւնները վերաձեւակերպելու հրամայականը:

Ժ. Քէփէնէկեանը, համաձայն ըլլալով Տէվէճեանի նշեալ տեսակէտին, իր կարգին շեշտեց դիւանագիտական նախաձեռնութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու կարեւորութիւնը` միաժամանակ յարգելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը երկիրը կառավարելու եւ որոշումներ կայացնելու գործընթացին մէջ: Քաղաքապետը նաեւ հրաւիրեց ներկաները` համագործակցելու եւ ճշդելու առաջնահերթութիւնները: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ սփիւռքի հմտութիւններուն, որոնք կրնան նպաստել Հայաստանի տնտեսական բնագաւառի զարգացման գործընթացին:

Ժորժ Քէփէնէկեան

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը ներկայացուց Հայ դատի ծրագիրներու կարեւորագոյն եզրերը` Հայաստանի Հանրապետութեան ամրապնդումը, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, երիտասարդութեան քաղաքականացումը եւ զայն զօրաշարժի ենթարկելը: Ան նշեց, որ հայութիւնը պէտք է կազմակերպուի դէմ դնելու

Յարութ Մարտիրոսեան

համար թուրք-ազերիական դաշինքի սադրանքներուն, որոնք կը փորձեն ապակայունացնել Հայ դատի պայքարը, ինչպէս նաեւ սպառնալիքներ կ՛ուղղեն ՀՅԴ-ի անդամներուն դէմ` կազմակերպելով ցոյցեր եւ տարածելով ապատեղեկատուութիւններ: Ան հետաքրքրական մատնանշում մը ընելով` քննադատեց նոր սահմանադրութիւնը, որ կառավարութեան անդամներուն ու պետական կառոյցներու ղեկավարներուն կը պարտադրէ երկքաղաքացիութեան սահմանափակումներ: Տէր Խաչատուրեանին կարծիքով, այս քայլը վնաս կը հասցնէ պետութեան շահերուն, որ իր քաղաքական համակարգը կղպելու փոխարէն` պէտք է բացուի դուրսի աշխարհին եւ առաջին հերթին` սփիւռքին:
Յարութ Մարտիրոսեանը իր ելոյթին ընթացքին թուեց Հայ դատի ձեռնարկած աշխատանքները` յիշողութեան նոր կեդրոնի մը հաստատումը, ֆրանսահայ համայնքի հետեւողական զօրակցութիւնը եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու նման կառոյցի մը ստեղծումը, որ Ֆրանսայի քաղաքական դաշտին վրայ կը պայքարի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր: Ան եզրափակեց` նշելով, որ Հայ դատի պահանջատիրութեան անկիւնաքարը կը մնայ հատուցման հարցը եւ Հայաստանի մէջ արդարութեան ու ժողովրդավարութեան հաստատումը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles