ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ.- Երեւանեան օրագրութիւն ( 17 )

0 0
Read Time:2 Minute, 59 Second
Լուսանկար՝ ՀԵՏՔ-ի

Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան

Ամէնէն ուշագրաւը այն է, որ թաքսիի վարորդներուն բերնէն այլեւս «Երկիրը երկիր չէ» ամէնօրեայ յանկերգը վերացաւ: Երկիրը երկիր դարձաւ իր ժողովուրդի միասնական կամքի եւ հզօրութեան շնորհիւ: Ու ապշած է ամէն ոք: Ապշած են դիտողները, ապշած են մասնակիցները, ապշած են ղեկավարները: Այսքան ներուժ ո՜ւր պահուած էր: Իսկապէս «պպզացող»-ի՞ կը սպասէր այս ահագնութեամբ կուտակցուած լաւան: Շուտով սակայն, ապշանքը զիջեցաւ վճռակամութեան ու քայլը համազգային շարժումի վերածուեցաւ:

Երկիրը երկիր դարձաւ, որովհետեւ ժողովուրդը գիտակցեցաւ որ զարթնումի պահն է: Երկար մրափէ ետք՝ յեղակարծ արթնացում, երկար լռութենէ ետք՝ պոռթկում, ամուր կապանքներէ ետք՝ շղթայազերծում, հեղձուցիչ կեանքէ ետք՝ շնչառութիւն: Երկիրը կը շնչէ այսօր: Ու այդ տհաճ  վանկարկումին տեղ ամէնուրեք «Մենք ենք տէրը մեր երկրին» կը լսուի: Մռայլ ժողովուրդին դիմագիծը մէկընդմիշտ փոխուեցաւ, այսօր ան  լիաթոք կը ծիծաղի, ու ան իր յաղթանակին տէրն է:

Որքա՜ն ուրախ եմ, որ այս պատմական պահերուն ականատեսն եմ ու իմ ժողովուրդիս զարկերակը կը զգամ մօտէն: Ականատես կ’ըլլամ, թէ ինչպէ՛ս մէկ ընտանիք դարձած է ժողովուրդը ու իրարու հանդէպ ինչքա՜ն բարեացակամ կը վարուի. խանութպանները իրենց ունեցած-չունեցածը կը բաժնեն ցուցարարներուն, որպէսզի չըլլայ թէ մէկը ուժէ կտրուի, բիտցա ծախողը՝ բիտցա կը բաժնէ, խմորեղէն ծախողը՝ խմորեղէն, ջուր ծախողը՝ ջուր…:

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը ոգեղէն զարթօնք եղաւ նաեւ մեր երիտասարդութեան եւ ժողովուրդին համար: Մշակոյթի գործիչներու շրթներէն հպարտութեամբ կը լսես «ազատ, անկախ մշակո՛յթ» վանկարկումը ու իւրաքանչիւր թաղ ականատես կ’ըլլաս տարբեր տպաւորիչ տեսարանի: Փողոցը փակած ու գետին նստած են խումբ մը երիտասարդ- երիտասարդուհիներ եւ տարբեր երաժշտական գործիքներով կը նուագեն ու կ’երգեն Կոմիտաս ու Նարեկացի: Անդին, ուրիշներ թաւ ջութակները առած՝ ճամբուն մէջտեղը նուագելով իրենց քայլերթը կը կատարեն: Ուրիշ մը Արամ Խաչատուրեանի սուսերամարտը կը հնչեցնէ: Եւ այս ոգեշնչող մթնոլորտին մէջ երանութիւն կ’ապրիս, որովհետեւ դուն պարզապէս դիտողի դերի մէջ չես, այլ մէկ մասնիկը երկրին ու ժողովուրդին ու դուն քեզ լիարժէք քաղաքացի զգալով՝ բաց ձեռքերդ վեր կը պարզես ու կը մասնակցիս խաղաղ քայլերթին:

Իսկ երբ տունն ես, այդ չի նշանակեր որ կտրուած ես դուրսի շարժումէն: Դիմատետրը իր դերը կը խաղայ այստեղ ու իր մեծ նպաստը կը բերէ սոյն յեղափոխութեան իրականացման՝ քաղաքական արագընթաց զարգացումներուն մեզ իրազեկ դարձնելով եւ ցուցարարներուն համախմբման ի խնդիր կոչեր տարածելով:

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը յայտնաբերեց ժողովուրդին ունեցած շնորհքներէն մին եւս: Ժողովուրդը այսօր ո՛չ միայն ծիծաղիլ գիտէ, այլ ծիծաղեցնել: Անկարելի է աննկատ անցնիլ ու չծիծաղիլ դիմատետրին մէջ ողողած իւրաքանչիւր օրուան  համահունչ, երբեմն նոյնիսկ չափազանցութեան տանող երգիծանկարներուն ու անեկդոտներուն դիմաց: Սակայն, միթէ երգիծաբանութեան գլխաւոր ու էական յատկանիշը միշտ ալ չափազանցութիւնը չէ՞ եղած .  «Մոլութիւններուն վրայ ծիծաղիլը առաքինութեան ճամբուն վրայ գտնուիլ ըսել է», կը վկայէ երգիծագիրներու հայր՝ Յակոբ Պարոնեան:

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը ունեցաւ նաեւ այլ երես: Ազգովին դարձանք քաղաքագէտ: Ամէն կողմէ կարծիք կը հնչէ, հակաճառութիւն, վիճաբանութեան տանող զրոյցներ, հակառակ բեւեռներ պարունակող խօսակցութիւններ, միտքեր, պնդող գաղափարներ ու դիտարկումներ: Ո՜վ է ճիշդը, ո՜վ՝ սխալ, ո՜վ է սկզբունքայինը, ո՜վ՝ փոփոխամիտ: Ժողովուրդին,  քաղաքական գործիչներուն ու լրագրողներուն տարակարծիքները կարդալով տեսակ մը մտմտուք կ’արթննայ մէջդ: Օր մը կը մեղադրեն դիմացինը իր փոփոխամտութեան համար, յաջորդ օր նոյն «սկզբունքայինները» իրենց մէկ օր առաջուան առած որոշումին ճի՛շդ հակառակ կը գործեն: Է՜հ,  Քաղաքակութիւն է, կը փորձես ընբռնել ու վայրկեանը վայրկեանին փոփոխուող վիճակին հետ քայլ պահել՝ երբեմն ներքին լարուածութեամբ, երբեմն ըմբոստութեամբ, երբեմն հանգիստ, երբեմն անորոշ: Ու հիմա կը հասկնաս որ ի զուր չէ ըսուած, թէ քաղաքականութեան մէջ «այժմը այլեւս այժմ չէ»: Պէտք է պատրաստ ըլլալ ամէն անակնկալ զարգացումներու եւ փոփոխութեանց ու պայքարի ոգին երբեք չընկճել:

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը սկիզբ մըն է նոր կեանքի: Խաւար օրերը լոյսի վերածելու երկար ու դժուար ճանապարհ կ’ակնկալուի, սակայն քանի կայ այս վերածնած միասնական ոգին, մաղթենք ու հաւատանք, որ յառաջընթաց քայլերով թէկուզ դանդաղ, սակայն ուղիղ ճանապարհով ազգովին պիտի կերտենք «նոր արշալոյսը՝ նո՛ր յոյսերով, նո՛ր երգով»՝ ունենալու համար բոլորիս երազած «յոյսի հայրենիք, լոյսի հայրենիք»-ը:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles