ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹՒԻՆ ՄԸ (Արա Արծրունիի “5 Թատերգութիւններ“ գործը)

0 0
Read Time:5 Minute, 23 Second

Ara Ardzrouni

          Մեր մամուլին ու հայ բեմին ճամբով, աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր հայ մշակութասէր հասարակութեան ծանօթ անուն է Արա Արծրունի, որ վիպակներով, վէպերով ու մանաւանդ թատերական գործերով կերտած է ստուար վաստակ: Եւ ահա Արային վաստակը կը հարստանայ նոր հատորով մը, լոյս տեսած` 2012ի վերջերուն, Պէյրութի մէջ, “5 Թատերգութիւններ“  խորագիրով, մեկենասութեամբ Կ. Լ. Նազարեան հիմնադրամին: Կեանքի հարկադրանքներուն բերումով` առեւտրական, սակայն խառնուածքով ու առաքելութեամբ մշակոյթի ու թատրոնի մարդ` Արա Արծրունի այս հատորին մէջ ընդգրկած է հինգ թատերակ, որոնք երկնուած են 2007էն 2012ի միջեւ: Հատորին մէջ թատերակները կը ներկայանան հետեւեալ կարգով.Ara Portr

Ա.- Լռութեան Սեմֆոնին, 2011, 36 էջ. կազմուած է նախամուտէ մը եւ երկու արարներէ, հիւսուած` հինգ կերպարներու վրայ:

Բ.- Բարի Լոյս, Պրն. Մատթէոս, 2007. 18 էջ, մէկ արար եւ չորս կերպար:

Գ.- Կոնտոլեզիա, Իմ Սէր, 2012, 39 էջ, կը բացուի բացատրականով մը, ապա կը տարածուի երկու արարի վրայ, գործող անձերը 6 են, կան նաեւ բազմաթիւ լուռ դերակատարներ:

Դ.- Ո՞վ է Դուռը զարնողը, 2008, 37 էջ. կազմուած է նախերգանքէ մը եւ երկու արարէ, հիւսուած է չորս տիպարներու վրայ:

Ե.- Ո՞վ է Հեղինակը, թուականը չէ նշուած, 37 էջ, 2 արար, ունի 9 գործող անձ:

Խնամուած հատոր մըն է Ա. Արծրունիի այս հատորը, թէ՛ բովանդակութեամբ եւ թէ ներկայացման ձեւին մէջ. նորագոյն շրջանին հրատարակուած հազուադէպ հատորներէն, որ նուազագոյն չափով կը տառապի տպագրական թերութիւններէ: Սակայն սա հատորին միայն մէկ բարեմասնութիւնն է, որովհետեւ գլխաւոր բարեմասնութիւնները բովանդակութեան մէջ են:

Պէտք է ըսել, որ մեր թատերական գրականութիւնը այնքան հարուստ չէ, որքան, օրինակ, բանաստեղծութիւնն ու արձակով այլ արտայայտութիւններ` վէպ, վիպակ, յուշագրութիւն եւայլ. հետեւաբար, այս հատորը առաջին հերթին կարեւոր ներդրում է մեր թատերական գրականութեան մէջ: Անմիջապէս աւելցնենք, թէ մեր կարգ մը տաղանդաւոր գրողները ունին թատերական գործեր, որոնք աւելի վիպական յղացք ունին եւ դժուար բեմադրելի են, կամ զայն բեմադրել փորձող բեմադրիչ մը կրնայ մատնուիլ անկարելիութեան (մեր թատրոնի տիտաններէն` Լեւոն Շանթի “Շղթայուած“ը, օրինակի համար, աւելի կը յարմարի սինեմայի կարելիութիւններուն, քան բեմի): Իսկ թատերական գործ մը ի բնէ կը գրուի, պէտք է գրուի բեմադրուելու մտասեւեռումով, զայն բեմ հանելը բան կը կ՛աւելցնէ, պէ՛տք է աւելցնէ բնագիրին վրայ, ակնդիրը տանի պարզ ընթերցումի վիճակէն անդին, շնորհիւ ձայներու եւ լոյսի խաղերու, շարժումի, բեմական ներգրաւող, յաճախ կախարդող միջոցներու, հմայիչ մթնոլորտի…:

Եթէ փորձէինք մինչեւ իսկ հպանցիկ մանրամասնութիւններով ներկայացնել իւրաքանչիւր թատերակը, հարկադրուած պիտի ըլլայինք բազմաթիւ սիւնակներ յատկացնել, հետեւաբար, կը նախընտրենք հինգ գործերուն անդրադառնալ ընդհանրական գիծերու մէջ, մաղթելով, որ ընթերցողը, բայց նաեւ մեր բեմի գործիչները առիթ ունենան զանոնք ընկալելու մէկ առ մէկ:

Առաջին հերթին պէտք է արձանագրենք Արա Արծրունի հեղինակին գլխաւոր յատկանիշները, որոնք տարբեր յղացքներով ու միջավայրերու մէջ արտայայտուած են հինգ գործերուն մէջ: Արա Արծրունի քաջածանօթ է մեր թատրոնին, հետեւած է միջազգային թատրոնին ու անոր շարժումներուն, արդի թատրոնին ու նորարարութիւններուն, մէկ խօսքով` Թատրոնի Մարդ է բառին լայն իմաստով, եւ իր այդ “դրամագլուխը“ ըստ կարելւոյն լաւագոյնս կ՛օգտագործէ թատերական իր հեղինակութիւններուն մէջ: Այս հեղինակը կեանքի ուղիներէն պարզ ու անտարբեր անցորդ մը չէ, այլ կը հետեւի զինք շրջապատող աշխարհի իրադարձութիւններուն, կ՛ապրի ողջ մարդկային ու հայութեան տագնապները, եւ զանոնք ընդհանրապէս այլաբանական արտայայտութիւններով ու արդի թատրոնի յանձնարարած միջավայրերուն մէջ կ՛արձանագրէ իր էջերուն, յարգելով այն սկզբունքը, ըստ որուն, գրաւոր արտայայտութիւն մը պէտք է ըլլայ ստեղծագործական, լայնօրէն վստահի երեւակայութեան, առանց անջատուելու իրականութիւններէ, իրական աշխարհէն, հեղինակն ու ընթերցողը, հանդիսատեսը զերծ պահելով փղոսկրեայ աշտարակներու թակարդէն:

Յիշեալ թատերակներէն առաջինը զետեղուած է կղզիի մը վրայ, որուն աշխարհագրական վայրը անորոշ է, սակայն հոն տեղի ունեցող դէպքերը թէ՛ այժմէական են, թէ՛ կը ներկայանան մարդկութիւնը յաւիտենապէս տագնապեցնող արտայայտութիւններով: Հոն կայ մէկ կողմէ` մարդ արարածը շրջապատող բնութեան, կեանքի պահպանման նախանձախնդրութիւնը, սակայն նաեւ հզօրին կողմէ տկարին ու պարզունակին չարաշահման կացութիւն, աշխարհամասի մը բնիկին ու եկուոր տիրապետողին միջեւ հակադրութենէն ծագող տագնապը: Հարցեր` որոնք եթէ մերօրեայ աշխարհի տարբեր շրջաններու տագնապներուն արձագանգումներն են, նոյնքան ալ կ՛արտացոլացնեն դարաւոր վիճակներ: Դէպքերուն զարգացումը առաւելաբար դասական ձեւով է, մինչդեռ յաջորդներուն մէջ տիրապետող են արդին, գերիրապաշտութեան ու անհեթեթի թատրոնի տարրերը:

“Բարի Լոյս, Պրն. Մատթէոս“ը, շարքին ամէնէն կարճը, իբրեւ միջավայր կ՛օգտագործէ շոգեկառքի կայարան մը, ուր կան կայարանապետ, ճամբորդներ, եկող-գացող շոգեկառք (որ բեմին վրայ չ՛երեւիր յամենայնդէպս), սակայն թատերակը յագեցած է այլաբանութեամբ, ըստ ձեւի` վերացականութեամբ, իսկ էութեան` մարդկային ողբերգութիւններու տարբեր վիճակներով: Տիրապետող մտածումներէն են կեանքին “պարգեւած“ պատահականութիւնները, որոնք ճամբորդը կրնան տանիլ տեղ մը, որ կապ չունի անոր ցանկութեան հետ, դիպուածով մարդիկ կրնան դառնալ ընկեր-ընկերակից, բախումի մղուիլ, կամ` բարեկամանալ:

“Կոնտոլեզիա, Իմ Սէր“ը նմանապէս ստեղծագործ երեւակայութեան մը արդիւնք է: Քրիստոսէ 6141 տարիներ առաջ ժամանակի մը եւ այսօրուան իրականութիւնները ցոլացնող միջավայրի մը մէջ զարգացող թատերակը այլաբանական ստեղծագործութիւն է, եւ հատորին միւս գործերուն նման ունի բանաստեղծական արտայայտչաձեւեր: Հեղինակը խորագիրին տակ արձանագրած է “Ծանր Ողբերգութիւն“ բացատրութիւնը, որ բացարձակապէս արդար չէ, որովհետեւ թատրերակը ունի նաեւ երգիծական տարրեր, կը ներկայացնէ կեանք կոչուող ողբերգա-կատակերգութիւնը` ըստ ամենայնի: Վերը նշեցինք, որ թատերական գործի մը բեմ հանուիլը լիարժէք պիտի դարձնէ զայն. այս գործը կ՛արդարացնէ այս հաստատումը: Նիւթը, նմանապէս մարդկութիւնը յաւիտենապէս յուզող ու տագնապեցնող հարցերու ոլորտը կը շօշափէ, տիրող-տիրապետողի, կամակատարներու, շահադիտական մղումներով վերաբերմունքի ու նման հարցեր: Ընթերցող-հանդիսական վստահաբար մեծ զարմանք պիտի չապրին, երբ նախամարդու տարազով կերպարներուն վարմունքին մէջ տեսնէ մերօրեայ արտայայտութիւններ, կիրարկումներ` որոնք կը պատահին աշխարհի որեւէ մէկ երկրին, ինչո՞ւ չէ նաեւ մեր Հայաստանին մէջ…: Այս թատերակին մէջ լաւ ձեւով կ՛օգտագործուին բեմական շարժումի թեքնիքները, յագեցած` այլաբանութեամբ ու խորհրդապաշտութեամբ:

“Ո՞վ է Դուռը զարնողը“ խորագիրն ալ ունի բացատրութիւն մը` “Անհեթեթ կատակերգութիւն“, որուն անհեթեթի բաժինը կը գերադասէ կատակերգութիւն բաժինին: Հեղինակը իր տիպարները զետեղած է դարմանատան մը միջավայրին մէջ, հոն կան ֆիզիքական հիւանդներ, որոնք ձգտումը ունին կեանքի, կ՛ընտրեն խաղալ մահուան դեր, հեղինակին նման ընթերցողն ու հանդիսականը մղելով բազմաշերտ խորհրդածութիւններու, նաեւ արշալոյսին սպասումի:

Վերջինը` “Ո՞վ է Հեղինակը“ թատերակը եւս հարուստ է այլաբանութեամբ եւ խորհրդապաշտական պատկերներով: Միջավայրը, հեղինակին բառով` սանաթորիում մըն է, ուր կը գործեն մարդկային տարբեր նկարագիրով տիպարներ ստեղծող մը, գործակիցը եւ խամաճիկանման արարածներ, որոնք դասակարգուած են իբրեւ արու եւ էգ, իբրեւ իմաստուն թուացող, կամազրկութեան դատապարտուած զանգուածներու ներկայացուցիչներ: Թատերակը լայնօրէն կը յենի բեմական շարժումի եւ տարբեր իրերու օգտագործման վրայ, յեգնախառն զարգացումով կը շօշափէ ժողովրդավարութեան խեղաթիւրման նիւթը. կայ նաեւ դառնութիւն` մերօրեայ աշխարհի ընթացքին վրայ կէս մտաւորականներու, կէս քաղաքագէտներու եւ շատ մը ուրիշ կէսերու տիրապետութեան պատճառով: Բնականաբար կարելի է հարց տալ, թէ արդեօք պիտի ըլլա՞յ աշխարհ մը, ուր լիակատարները ըլլան կառավարող, ու անսայթաք…:

Ինչպէս նշեցինք արդէն, Արա Արծրւոնի քաջածանօթ է բեմին ու անոր պահանջներուն. լոյսի եւ շարժումի մատնանշուած թեքնիքներու օգտագործման կողքին, կայ նաեւ բեմ (դերակատարներ)-հանդիսական փոխ-յարաբերութիւն, երբ կարգ մը տեսարաններու մէջ սրահը կը դառնայ բեմին մէկ երկարաձգումը: Ընթերցող-հանդիսական նաեւ պատրաստ պէտք է ըլլան վայելելու անակնկալներ, պեղելու կեանքի հարցերու տարբեր մակարդակներն ու երեսները, փորձ կատարելու թափանցելու հոգիներու այն խորքերը, ուր, Լեւոն Շանթի բացատրութեամբ` կան մութ եւ խորհրդաւոր անկիւններ, որոնց վրայ լոյս կը սփռէ պրպտող մտաւորականը: Միւս կողմէ, սակայն, կարելի է նաեւ մտածել յոյն փիլիսոփային պէս ու ըսել, որ պէտք չէ նորութիւն փնտռել արեւուն տակ…:

Ինչ որ կը մնայ, թատերական արուեստի արտայայտութիւն մըն է անկասկած:

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Յունիս 2013

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles