
Դեկտեմբեր 4-ին, կազմակերպութեամբ «Համազգային»-ի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղին եւ Սրբոց Վարդանանց Կիրակնօրեայ դպրոցին, տեղի ունեցաւ ամանօրեայ մանկապատանեկան հաւաք մը։ Արդարեւ, աւելի քան 200 պատանի-պարմանուհիներ իրենց ծնողներուն հետ ըմբոշխնեցին «Թալինն ու ընկերներ»-ը, որոնք գեր-խանդավառութիւն ստեղծեցին։
Տարիներէ ի վեր Թալին իր «Նապիկ» եւ «Փիսօ» տիպարներով հռչակ սփռած է։
Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որուն ընթացքին «Կաղանդ Մամա»-ն եւ «Կաղանդ Պպա»-ն նուէրներ բաժնեցին եւ նկարուեցան պատանի-պարմանուհիներուն հետ։ Այս հաւաքը կը վայելէր հովանաւորութիւնը շրջանի հովիւ Գերպ․ Տ, Սահակ Ծայր․ Վարդապետ Եմիշեանի։