Մարտ 24-ին, Թալինի մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան կազմակերպած բազմամարդ հանրահաւաքը, որուն ընթացքին շրջանի բնակիչներուն իր խօսքը ուղղեց Արագածոտնի մարզին մէջ Հ.Յ.Դ. վարկանշային ընտրակարգով առաջադրուած թեկնածու բժիշկ Տարօն Տօնոյեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «Սիրելի՛ թալինցիներ, պատկերացուցէ՛ք, որ ունիք մէկ հրացան, մէջը միմիայն մէկ փամփուշտ: Այդ փամփուշտը մենք կա՛մ պիտի ուղղենք անարդարութեան ճակտին, կա՛մ կաշառք պիտի առնենք ու օդը կրակենք: Մենք պէտք է կրակենք անարդարութեան ճակտին, որովհետեւ անարդարութիւնն է պատճառը ընկերային չարիքին, թշուառութեան, յուսահատութեան: …Մենք արիւն ու քրտինք թափած ենք, մենք ետդարձի իրաւունք չունինք, մենք նահանջելու ուրիշ տեղ չունինք»:
Տօնոյեան հաստատեց, որ պայքարը բաւական դաժան է, դրամի կռիւ կայ, բայց Դաշնակցութիւնը իր խումբով պատրաստ է դիմակայելու ամէն բան, որովհետեւ վստահ է, որ ժողովուրդին մէջ ազգային գիտակցութիւնը տակաւին չէ մահացած: