Ընտրական Հետազօտութիւնները Գիտական Հիմքով Որոնումնե՞ր Են, Թէ՞ Բախտագուշակութիւն

0 0
Read Time:3 Minute, 18 Second

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն ի տես` չէի կրնար անձայն մնալ եւ չարձանագրել հետեւեալ մտածումները:

Այսպէս, խորհրդարանական ընտրութեան գիտական, վիճակագրական եւ հետազօտական ամէն տեսակի կանխատեսումներուն հաւանական արդիւնքները, վստահաբար, բախտագուշակի գործի չէին նմաներ: Կան գիտական որոշ արժեչափեր, որոնց ներքեւ կը ձեւաւորուին այդ աշխատանքները: Նաեւ` եկէ՛ք ընդունինք, որ ամէն մէկ հետազօտական-վերլուծական հաստատութիւն այդքան ալ անկողմնակալ կամ անաչառ չ՛ըլլար իր մօտեցումներուն մէջ` հաշուի առնելով զինք հովանաւորող պետութեանց կամ միջազգային կեդրոններու «ճաշակով» ներկայացնելու նկրտումները:

Սակայն քաղաքական կեանքի մէջ չկայ օրինակ մը, երբ գիտական մօտեցումներով ընտրական կանխատեսումներու թիւերն ու տոկոսները իրական եղելութեան մը պատկերէն մեծ տարբերութիւն արձանագրէին յաղթական հռչակուող կողմին ի նպաստ: Հայաստանի պարագային, բոլոր կանխատեսումները կը խօսէին աւելի շատ, մօտ եւ մրցունակ թիւերու մասին, պայքարող քաղաքական հիմնական երկու խմբաւորումներու միջեւ:

Անձնապէս հրապարակային իմ ելոյթներովս ջատագովը չեմ եղած վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձնաւորութեան վարած քաղաքականութեան: Սակայն հետեւելով գետնի վրայ զարգացումներուն եւ աշխարհաքաղաքական «նախասիրութիւններու ճաշակի» վարկածին, զսպելով մէջս յամեցող անձնական հակումներս` հաւանական կը տեսնէի քանի մը տոկոսով առաւել արձանագրելու պատկեր մը` իշխող ուժին ի հաշիւ: Կանխատեսուած այդ արդիւնքը ամենեւին ալ Փաշինեանին ու իր ներկայացուցած խումբին հնարաւորութիւն պիտի չտար ձեռք բերել մեծամասնութիւն եւ կազմել կառավարութիւն: Բոլոր լուրջ հետազօտական կեդրոնները կը տեսնէին ընտրութեան երկրորդ փուլի անխուսափելի հանգրուան մը, ուր պիտի վճռուէր այս արտահերթ ընտրութեան ճակատագիրը:

Պէտք է ընդունինք մէկ իրականութիւն, որ այս բոլորին մէջ փաշինեանական բախտագուշակները ճիշդ դուրս եկան իրենց մեծխօսիկութեամբ: Աճպարարի մը բոլոր հնարքները ի գործ դրուեցան, եւ շինծու իրականութեան մը արդիւնքները կուպրով կրկին զարդարեց շատ գովերգուած հայկական ժողովրդավարութեան պաստառը:

«Կոլափ»-ի նման հետազօտական կեդրոններու եւ միջազգային բոլոր լրատուամիջոցներու կանխատեսումները ի դերեւ ելան: Ի տես յայտարարուած պաշտօնական թիւերուն` պէտք է հարց տալ անոնց, թէ իրենց քաղած տեղեկութիւնները որքանո՞վ հաւաստի են եւ` Երկիր մոլորակի աղբիւրներէ սնած: Վերջապէս, նուազ կամ առաւել չափով այդ տոկոսներու տրամաբանական տարբերութիւնները պէտք է բացատրել ու հասկնալ` մտահան չընելով ուրկէ հովանաւորուելու այդ հաստատութիւններու երբեմն թաքուն, երբեմն ալ յականէ-անուանէ հասցէագրուած էութիւնը:

Այլ հանգամանքներու վրայ պիտի չկեդրոնանամ եւ միայն այս առարկութեամբ պիտի փորձեմ հայ հասարակութեան ուշադրութեան կիզակէտը դարձնել տուեալ երեւոյթը: Այս մէկն ալ ընդգծեմ, որ հրաշագործութեան հաւատացող չեմ, որպէսզի ընտրութեան վերջին օրուան մէջ նաեւ տեսնեմ աստուածային միջամտութիւն, Հոգեգալստեան օրուան նման բնազանցական ազդու հնարք` համայն ընտրազանգուածը իր քուէն ուղղորդելու Փաշինեանի հաշուոյն, որուն իբրեւ արդիւնք ալ առկայ իշխանութիւնը ստացաւ «շռնդալից յաղթանակ»-ի յայտարարուած այս պատկերը:

Եթէ տրամաբանական թիւերով խօսուէր ու ներկայացուէր մրցունակ պատկերին մօտ արդիւնքներ, գլուխ պիտի ծռէի «ժողովուրդի կամքի առջեւ» եւ բարձրաձայն պիտի աղաղակէի` «Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ»:

Այսուամենայնիւ, ընտրութեան գործընթացին հսկող միջազգային դիտորդներու տեսակէտները եկան վկայելու արդիւնքներուն վաւերականութեան մասին: Վերեւ մատնանշած նոյն հարցադրումներս իրենց ալ ուղղելով` կու գամ հաստատելու, որ լեռը որոտաց, բայց մուկ ծնաւ: Իսկ Ջիւանի բառերով պիտի ըսէի.

«Յղի է, ծնելու մօտ է, գոռում է սարը ահագին,

Տայ Աստուած, որ ծնի առիւծ եւ ոչ փոքրիկ մի մուկ չնչին»:

Չեմ ուզեր այս բառերով նսեմացնել Փաշինեան անձը, սակայն տրամաբանութեանս մէջ կ՛ուզեմ արդարացնել հողատուի, կեղծ եւ շինծու տեղեկութիւններով պատերազմ ղեկավարողի եւ մահացու մեղքերու մէջ թաթխուած առաջնորդի կերպարի «շռնդալից վերընտրութեան» հանգամանքը:

Մեղքը չեմ ուզեր բարդել այն խեղճացած զանգուածին վրայ, որ միայն իր կուշտին «տարտով» կ՛ապրի: Հարցը այդ ստրկացած զանգուածէն ալ անդին է: Ամէն գնով իշխանութիւն պահելու մոլուցքին մէջ պէտք է տեսնել բացակայ օղակը: Անոնց մէջ, որոնք չարդարացուցին անարիւն յեղափոխութեան լոզունգները, հաշուետուութեան եւ արդար համակարգի գերիշխանութեամբ օժտելու «նոր Հայաստանը»:

Քաղաքական դաշտը կը սպասէր, որ ազգի ճակտին պարտուողականութեան խարանը մաքրուէր, ապա դէմ յանդիման կանգնէինք քաղաքակիրթ մարդկութեան դիմաց` ճակատաբաց, առանց ամօթի բարդոյթին:

Յառաջիկայ օրերը դիմակայենք ամերիկացի գրող Օկտաւիա Պաթլըրի այս յարիր մտածումներով. «Ընտրեցէ՛ք ձեր ղեկավարները իմաստութեամբ եւ նախամտածուածութեամբ: Վախկոտով առաջնորդուիլը կը նշանակէ վերահսկուիլ այն ամէնով, որոնցմէ վեհերոտը կը վախնայ: Յիմարով առաջնորդուիլը կը նշանակէ առաջնորդուիլ յիմարին վերահսկող պատեհապաշտներու կողմէ: Գողի մը կողմէ առաջնորդուիլը կը նշանակէ մատուցել ձեր ամենաթանկ գանձերը գողցողին: Ստախօսի կողմէ առաջնորդուիլը կը նշանակէ նաեւ ստելը ընդունիլ: Բռնապետի կողմէ առաջնորդուլիը կը նշանակէ ստրկութեան վաճառել դուն զքեզ եւ այն բոլորը, զորս կը սիրէք»:

Իրերու դասաւորումով, որոնց մէջ միջազգային մութ ուժեր իրենց փայլը ունէին, սուտի եւ կեղծիքի նոր զաւեշտական արարի մըն ալ այսպէս վերջակէտ դրուեցաւ: Յուսանք, որ այս ձեւակերպումը վերջինը կ՛ըլլայ, մուրով արձանագրուած եղելութիւններու` հայ ազգի պատմութեան էջերուն մէջ:

Սպասելով ոսկետառ յաղթական նուաճումներու, որոնք հպարտութեամբ պիտի արձանագրուին պատմութեան մատեաններուն մէջ: Պի՛նդ մնացէք:

Թորոնթօ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles