
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի տարբեր մարզերէն Պռոշեան ժամանած եւ տեղացիք, Շաբաթ Ապրիլ 6-ին, հրաժեշտ տուին իրենց Արցախեան ազատագրութեան մարտական ընկերոջ, արժանաւոր գիւղապետ` Հրաչ Մուրատեանին, որ Ապրիլ 2-ին, դաւադիր փամփուշտի զոհ դարձած էր:
Պռոշեանցիները նկատել տուին, որ Հրաչ Մուրատեանին համար նոյնիսկ մահը խնդիր չէր, եթէ կենդանի ըլլար, ան պիտի ըսէր. “Գործերս թերի մնացին, գերեզմանը ինծի հոգ չէ“: Պռոշեանցիներուն համար Հրաչ Մուրատեանի անժամանակ մահը ոչ միայն բազմաթիւ հարցեր յառաջացուց, այլ նաեւ մտահոգութիւն: Պարզումէկին, երբ Հայաստանի մէջ կը սպաննուի ազատամարտիկ, հայրենիքի եւ սեփական փոքր համայնքի նուիրեալ ղեկավարը, ապա մտահոգուելու լուրջ պատճառ կայ: Պռոշեանցիները անգամ մը եւս փաստեցին, որ ան անմնացորդ կը ծառայէր բոլորին:
Ան կռուեցաւ մարտի դաշտին վրայ, թշնամիի գնդակը խնայեց անոր, բայց ինկաւ ներքին դաւաճանի գնդակէն: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան յայտնեց.- “Հրաչ Մուրատեան խոնարհ հերոս էր եւ անձայն, առանց աւելորդ ցուցամոլութեան իր աշխատանքը կը կատարէր: Որեւէ գործի մէջ անոր նուիրուածութիւնը վարակիչ էր` թէ՛ իբրեւ համայնքի ղեկավար, թէ՛ արցախեան ազատամարտին մէջ: Ան մնաց Արցախի մէջ մինչեւ զինադադար կնքուիլը: Ըստ անոր, ան խաղաղ կեանքին մէջ չունէր նիւթական միջոցներ, պետական աջակցութիւն եւ թիկունք, քանի մը անգամ յաղթեց եւ գիւղապետ դարձաւ, որովհետեւ ան ժողովուրդին համակրանքը ունէր“:

Միւս կողմէ, ոստիկանութեան հաղորդագրութեան համաձայն, նախաքննութեան շրջագիծին մէջ հարցաքննուած են քանի մը տասնեակ անձեր, կատարուած են ձերբակալութիւններ: Գիւղի բնակիչներ Արտակ եւ Արայիկ Պետրոսեաններ ձերբակալուած են:
Նշենք թէ Ազատութիւն հրապարակին վրայ, կատարուեցաւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ դաւադրաբար սպաննուած ազատամարտիկին: Մոմավառութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ Հրաչ Մուրատեանի նուիրուած ժապաւէնը: