ԸՆԿ. ՀՐԱՉ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 3 Second

abrahamian Մարտ 19ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Ուաշինկթընի մէջ մահացաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախկին անդամ եւ տարիներ շարունակ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս ծառայած ընկ. Հրաչ Աբրահամեան: Ստորեւ կը ներկայացնենք Մարտ 23ին կայացած յուղարկաւորութեան ընթացքին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի արտասանած դամբանականը.

Այսօր մեզմէ առ յաւէտ կը բաժնուի յետ եղեռնեան սերունդի մեր ներկայացուցիչներէն մին, որ Սփիւռքի կազմաւորման, հայ պայքարի, հայրենիքի վերազարթօնքի եւ ՀայաստանՍփիւռք կամրջումի մարզերէն ներս ունեցաւ իր իւրայատուկ դերը եւ առաջնորդի հանգամանքը:
Ընկեր Հրաչ մաս կազմեց անձնուրաց ղեկավար այն փաղանգին, որ կազմակերպեց գաղութներ, հայ պայքարին տուաւ նոր շունչ եւ ուժականութիւն, ու ճամբայ յարթեց “Դէպի՛ Երկիր“ կարգախօսի իրականացման:
Հրաչ Աբրահամեան ծնած էր Րեշտ` ուսումնատենչ, գաղափարական եւ հայրենաշունչ ընտանիքի մէջ: Իրանի հայկական հնոցին մէջ ստացած էր իր հայեցի դաստիարակութիւնը, հոն թրծուած էր իր ազգային նկարագիրը եւ այնտեղ արմատաւորուած էին իր համոզումները, որոնք զինք դարձուցած էին պայքարի մարտիկ` ի սպաս իր ժողովուրդին ու մեծ Դատին:
Իր հօրմէն ժառանգ ստացած էր ատամնաբուժական ասպարէզը. իր ուսումը կատարելագործած էր Փարիզի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն համալսարաններուն մէջ, վաստկելով վիրաբուժական դոկտորայի տիտղոս եւ արժանանալով բազմաթիւ մրցանակներու:
Ինչպէս իր կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ, ընկեր Հրաչ իր ատամնաբուժական մասնագիտութեան ալ փարեցաւ համակ նուիրումով, հաստատակամութեամբ եւ իր առաքելութեան մարդկային ու հայկական երեսներուն ամբողջական գիտակցութեամբ: Իր գործի կողքին` կամաւոր բժիշկ էր, անվճար մատակարարող իրեն դիմող կարիքաւոր հիւանդներուն:
Փնտռուած խորհրդատու էր, որ իրեն յատուկ նախաձեռնութեան ոգիով կը բաշխէր իր գիտելիքներն ու փորձառութիւնը` իր մասնագիտութեան բնագաւառի գործընկերներուն եւ հաստատութիւններուն:
Դոկտ. Հրաչ իր մասնագիտութիւնը ի սպաս դրաւ նաեւ իր Հայրենիքին, որուն վերանկախացումը մեծապէս խանդավառեց զինք ու մղեց գործի նոր դաշտ. արդ` 1990ականներուն բազմիցս ճամբորդեց դէպի Հայաստան, Երեւանի համալսարանին օժանդակելու եւ իր փորձառութիւնը փոխանցելու հայրենի ուսանողութեան. պատրաստեց դասագրքեր` իր աշխատութիւններու եւ հրատարակութիւններու թարգմանութեամբ, մարզեց հայրենի նոր ատամնաբոյժներ եւ, որպէս իր մասնագիտական մեծագոյն պարգեւը Հայրենիքին, հիմնեց դիմածնօտի վերականգնումի կեդրոն Հայաստանի զինուորական հիւանդանոցին մէջ, կեդրո՛ն մը որ իւրայատուկ է Կովկասի մէջ:
Դոկտ. Հրաչը էր նաեւ հայր, հայատրոփ գուրգուրանքով նուիրուած իր ընտանիքին եւ հարազատներուն: Մնայուն լաւատեսն էր, որ կեանքի բոլոր մարտահրաւէրները կը դիմագրաւէր խիզախութեամբ եւ դրական լուծումներ գտնելու պատրաստակամութեամբ:
Ես ընկեր Հրաչը ճանչցայ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի տարիներուս, որպէս Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ խոհուն ղեկավար. իր մէջ տեսայ յատուկ սէր ու գուրգուրանք հանդէպ հայ երիտասարդութեան առհասարակ ու մանաւանդ` Դաշնակցութեան ճամբով իր ժողովուրդին ծառայող Հ.Ե.Դ.ականներուն: Ինծի եւ իմ տարեկիցներուս համար ինքը կենդանի օրինակն էր ամբասիր կուսակցականի, համոզուած գործիչի ու հաղորդական դաստիարակի:
70ականներու վերջաւորութեան եւ 80ականներու սկիզբը, ընկեր Հրաչի ու իր գործընկերներու առաջնորդութեամբ բռնկած երիտասարդական նոր շարժումը գաղափարական ամուր հիմքերով թրծեց կարգապահ նոր փաղանգներ, որոնք յաւելեալ թափ տուին հայ պայքարին ու իր նման երդուեցին ծառայել Հայաստանին ու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դատին:
Այդ օրերուն տեսանք ընկեր Հրաչը պատնէշի վրայ ամենուրէ՛ք. Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն` լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործի կազմակերպիչն էր, այդ կենսունակ գաղութին նիւթական պատկառելի գումարներ հասցնող. հայ երիտասարդութեան Հ.Յ.Դ.ի մէջ ներգրաւման ջատագովն էր` շարունակաբար նոր աւիշ, նոր մօտեցումներ, նոր ոյժեր ներարկելու քարոզիչ. անվախ պայքարողն էր իր ժողովուրդի միասնականութեան, անոր անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերումին, յանձնառու Սփիւռքի եւ հզօր Հայրենիքի կերտման ի խնդիր:
Պաշտօնի վրայ, թէ պաշտօնէ դուրս, ան անսակարկ ծառայեց իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Մեսրոպ սրբազան Աշճեանին հետ հանդիսացաւ այն մղիչ ոյժը, որ 1985ին կազմակերպեց համաամերիկեան տարողութեամբ Եղեռնի 70ամեակին Ուաշինկթընի փառահեղ նշումը, որ մեր երիտասարդ հոգիներուն մէջ դրոշմեց վերանորոգ յոյս եւ վճռակամութիւն: Ան ստանձնեց նաեւ առաջնորդողի դեր, Կանայեան ընտանիքին հետ, ի խնդիր զօրավար Դրոյի աճիւններուն Հայրենիք փոխադրութեան եւ Ապարանի մէջ ամփոփումին:
Ու այսօր ահաւասիկ հողին կը յանձնենք հմուտ մասնագէտ մը, իսկական մարդասէր մը, տիպար հայ հայր մը եւ մանաւա՛նդ` Հայ Դատին զինուորագրուած եւ իր ազգին ու Հայրենիքին նուիրուած ղեկավա՛ր ընկեր մը:
Վարձքդ կատա՛ր, ընկեր Հրաչ. քու վարքդ ու գործդ պիտի շարունակեն հանդիսանալ ներշնչումի յարատեւ աղբիւր` ժողովուրդիդ, հարազատներուդ, ընկերներուդ եւ գալիք սերունդներուն համար:
Հողը թեթեւ գայ հոգնաբեկ ոսկորներուդ վրայ, սիրելի ընկեր, ու յիշատակդ մնայ` անթառամ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles