Լրահոս
Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի ժողովին Հ.Յ.Դ.-ն Կասեցուց Ատրպէյճանական Հակահայ Քարոզչութիւնը
Յուլիս 11 եւ 12-ին Նիւ Եորքի մէջ կայացաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի ժողովը, որուն առաջին նիստին հիւրաբար խօսք առաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս։ Մ.Ա.Կ.-ի ընդհանուր քարտուղարը իր ուղերձին մէջ յատկապէս անդրադարձաւ զինեալ բախումներու պատճառով ստեղծուած տեղահանուածներու համատարած տագնապին, աշխարհը պատուհասող միջազգային ահաբեկչութեան եւ կենսոլորտի փոփոխութեան ճգնաժամին եւ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, մանաւանդ շեշտելով համատարած անգործութեան լուծումներ գտնելու հրամայականը։ Ան շեշտեց նաեւ, որ զինեալ առճակատումներու կանխարգիլման ուղղութեամբ աւելի գործնական լուծումներ պէտք է որդեգրէ միջազգային ընտանիքը։


