ԳլխաւորՅօդուածներ

ԸՆԿԵՐՈՋ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ․- ՄՇԵՑԻ ԱՐՇԱԿԸ

Մշեցի Արշակը իր տիկնոջ հետ՝ Սելանիկ, 1937-ին

ԽՈՍՐՈՎ ՏԷՐԷՊԷԿԵԱՆ
Ծ․Խ․- Արշակ Վարդանեանի մասին գրուած այս յուշերը առաջին անգամ լոյս տեսած են «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ, Մայիս 1984-ին, ապա երկրորդ անգամ «Ասպարէզ»-ի մէջ, Դեկտեմբեր1986-ին՝ անոր մահուան տասերորդ տարելիցի առթիւ:
Որոշ տեղանուններու եւ թուականներու ուղղումներով՝ նաեւ սրբագրուած այժմ կը վերահրատարակենք, ի յիշատակ հեղինակի՝ ազնիւ հայորդի եւ նուիրեալ կուսակցական Խոսրով Տէրէպէկեանի, եւ անշուշտ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ի 120-ամեակին առթիւ:
*
Բոլոր անոնք, ովքեր «Հայրենիք»-ի ընթերցողներ եղած են դէպի ետ՝ տասնեակ տարիներ առաջ՝ 1925-1935 շրջանին, հաւանաբար գաղափար մը ունենալու են Յունաստանի Մակեդոնիոյ շրջանի տասնեակ հարիւրներու հասնող որբերու մասին, որոնց շուրջ յօդուածներ հրատարակուած են զանազան առիթներով ըլլայ Յունաստանի, ըլլայ Սփիւռքի այլ օրաթերթերու մէջ։
Ըլլալով այդ բազմահարիւր որբերէն մէկը, ես պարտք կը զգամ քանի մը տողով գրել անձի մը (Արշակի) մասին, որ եղաւ թթխմորը ամբողջ Մակեդոնիոյ շրջանի այն ատենուան Հ.Յ.Դ.-ի։ Արշակ Վարդանեան ծնած էր 1904-ին հերոսներու աշխարհէն Տարօնի դաշտի Տերգևանք գիւղին մէջ։
Քեմալական շարժման հետևանքով Թուրքիոյ (Սեբաստիոյ, Խարբերդի եւ Պոլսոյ) բոլոր որբերը ամերիկեան Near East Relief-ի հովանաւորութեամբ փոխադրուեցան Յունաստան։ Հազիւ տարի մը թէ երկու անց՝ միսիոներութիւնը կազմալուծուեցաւ եւ որբուհիները ղրկուեցան Սուրիա, Լիբանան եւ Եգիպտոս, իսկ մանչերը բաժնուեցան Մակեդոնիոյ շրջանի Սէրէզ, Գավալա եւ Տրամա քաղաքներու շրջանները՝ աշխատելու եւ սովորելու ծխախոտի մշակութիւնը։
Յունաստանի ծխախոտի մշակութիւնը ունի զանազան տեսակի գործեր, որ նոյնիսկ հինգ տարեկան մանուկ մը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Հետեւաբար, պատճառ մը չկար՝ մեր ղեկավարներուն կարծիքով, որ չկրնայինք աշխատիլ եւ հացերնիս ճարել։ Մենք՝ վեց որբեր, իրարու ծանօթ Սեբաստիոյ որբանոցէն՝ Հրանտ Աւագեան, Յակոբ Գարատելեան, Մաղաք Փանիկեան (երեքն ալ այժմ Հայաստան), Վահան Գալուստեան (Ֆրանսա), Նաում Գապասագալեան եւ ինքս որոշեցինք, որ գիւղերը բաժանուելու պարագային ըլլանք միասին։ Մեզ՝ վեցերնիս, ղրկեցին Սէրէզի շրջանի Նուսքա կոչուած գիւղը՝ գիւղապետին մօտ աշխատելու։ 1924-ի ձմռան ցուրտ օր մը, կիրակի, վեցով միասին դուրս ելած գիւղական հարսանիք մը՝ թամաշա կ՚ընէինք պարողներուն ու կը զուարճանայինք։ Տասը-տասնհինգ ոտք անդին հուժկու երիտասարդ մը՝ միմիայն ճերմակ շապիկով, գլխաբաց եւ թեզանիքները վեր, ձիուն սանձը բռնած ուշի-ուշով մեզի կը հետեւէր: Ձին թողուց եւ յուշիկ մեզի մօտեցաւ։ Եւ այդ ցուրտ օդին աւելի քան ժամ մը խօսեցաւ։ Խօսեցաւ թրքական գազանային ոճրագործութիւններուն մասին եւ անոնց ձգած արհաւիրքին եւ խօսք տուաւ, որ յաջորդ կիրակի մեզի «Հայրենիք» օրաթերթ պիտի ղրկէ, ինչպէս նաեւ «Հայրենիք» ամսագիր՝ մասնաւորապէս շեշտելով կարդալու Ռուբէնի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները»։ 1924-ի ձմռան էր, որ շնորհիւ այդ անձին՝ Արշակին, կորիզը դրուեցաւ Հ․Յ․Դ․-ի եւ օրէ-օր աճեցաւ ու բազմացաւ՝ փրկելով հարիւրավոր որբերը ձուլումէ։ Եւ կազմուեցաւ մեր շրջանի Հ․Յ․Դ․-ն։
Նուիրեալ դաշնակցական և յեղափոխական՝ Արշակը դադար չունէր։ Գիւղերը կը պտտէր եւ կը խօսէր հայ պատանիներուն մեր ներկայի ու նաեւ մեր ապագայի պարտականութեանց մասին։ Հետզհետէ աւելցաւ շարանը որբերուն։ Եղաւ ժամանակ մը, որ միայն մեր գիւղին մէջ 125 որբեր եկան։

Խոսրով Տէրէպէկեան, 1935-ին, իր ընկերներու զաւակներուն հետ

Արշակին բնակած գիւղը կը կոչուէր Տովիստա, մեզմէ մօտաւորապէս երեք քառորդ ժամ հեռաւորութեամբ՝ քալելով։ Առանց բացառութեան ամէն շաբաթ ես իրեն եւ ինքը մեր գիւղը կ՚այցելէինք։ Մեր շարքերը խտացան հասնելով 300-400 ընկերներու։
Արշակը անդադար Սէրէզէն Տրամա եւ Գավալա քաղաքներու շրջանները կը պտըտէր։ Ինքը կապ կը պահէր Սելանիկի Կոմիտէին և Աթէնքի Կեդր. Կոմիտէութեան հետ։ Մեր գիւղը անուանեցինք «Ռազմիկ», իսկ 3-4 տարի յետոյ Շաւարշ Միսաքեանի այցելութեան ատեն անոր հրահանգով կոչուեցաւ «Սարալանջի» ենթակոմիտէ։
Տարի մը հազիւ անց՝ մեզ մօտ սկսան գալ մեր ղեկավար ընկերներէն նախ Կարօ Գէորգեան՝ Սելանիկէն, յետոյ Գաբրիէլ Լազեան՝ Աթէնքէն, ու սկսաւ շարանը՝ Յակոբ Սիմոնի, Ամատունի, Շաւարշ Միսաքեան, Անտոն Կազէլ, Միհրան Փափազեան եւ ուրիշներ։
Ասոնք ամէնքն ալ մասնաւոր գուրգուրանք մը ունէին մեր հանդէպ։
1934-ին Արշակը ձգելով մեր շրջանը անցաւ Սելանիկ եւ մնաց մինչեւ Համաշխարհային Բ․ պատերազմը։
1947-ին Հայաստան ներգաղթեց, որ իր կեանքին մտասեւեռումն էր։ Կ՚ուզէր իր ընտանիքով խաղաղ կեանք մը ապրիլ։ Սակայն 1948-ի Մայիսին Ք․Կ․Պ․-ին զինք կը ձերբակալէ իր չգործած յանցանքին համար եւ եօթը տարուան բանտարկութեան ու յաւելեալ հինգ տարուան ազատ աքսորի կը ղրկէ Սիպերիոյ սառնամանիքները։ Կը վերադառնայ 1957-ի ամռան, լման ինը տարի չարչարուելէ վերջ՝ հիւծած ու բոլորովին մաշած։ Տարի մը թէ երկու անց զինք դատարան կը կանչեն, որպէսզի խոստովանի իր ըրած յանցանքը, ներողութիւն խնդրէ եւ ստանայ իր քաղաքացիական իրաւունքը։ Ըմբոստ Արշակը՝ լսելով այս, կը զայրանայ ու կը պոռայ դատական կազմի երեսին. «Հայրենադաւե՛ր, դաւաճաննե՛ր, ներողութիւն դու՚ք է որ պիտի խնդրէք»։
Ի զարմանս ներկայ բազմութեան՝ դատարանը զինք որպէս ցնորած կը հռչակէ ու թոյլ կու տայ որ երթայ։
1974-ին բախտը ունեցայ Հայաստան այցելելու. զինք գտայ ֆիզիքապէս չափազանց տկար, բայց հոգիով, խառնուածքով և գաղափարով նո՛յն Արշակը։
Օր մը ուզեց, որ երթանք Երեւանէն դուրս խորոված ուտելու։ Լեցուեցանք ինքնաշարժին մէջ և քաղաքէն հեռու կանգ առինք ծառերով ու կանաչութիւններով շրջապատուած գիւղի մը մօտ։ Երկարաշար նստարաններու վրայ տարեց մարդիկ նստած էին։ Զիս տարաւ անոնց մօտ՝ ըսելով. «Սասունցի ասլաններուն հայրենակիցները» եւ քիչ անդին ցոյց տալով Զօր. Անդրանիկի կիսանդրին. «Հոն ալ ասլաններուն ասլանը. քանի մը բան ըսէ»։ Երկուքիս ալ կոկորդը սեղմուեցաւ. «Երթանք», ըսաւ։
Վերադարձիս, երբ իրեն գացած էի մնաս բարովի, տխուր կերպարանք մը առած էր։ Առաջարկեցի, որ կերպով մը աշխատի Ամերիկա գալ։ Ուժով մը ուսիս զարկաւ և շեշտակի աչքերուս մէջ նայելով ըսաւ.
«Գնա՛, յիշէ զիս եւ մի՛ մոռնար գրելու»։
1976-ի ձմռան՝ Արշակը, որ Յունաստանի ամբողջ Մակեդոնիոյ շրջանի պատանի երիտասարդներու
Հ․Յ․Դ․ կազմակերպութեան թթխմորը եղաւ եւ դարբնոցը, խթանեց մեզ գաղափարախօսութեամբ, շղթայեց շրջանները իրարու,— մեռաւ ի վերջոյ հոն, ուր իր երազանքն էր՝ շատ հաւանաբար դեռ մանուկ հասակէն։ Մեր ընկերներէն շատեր, որոնք մինչև հիմա ալ դեռ հոն են իրենց ընտանիքներով, առանց բացառութեան ներկայ գտնուած են իր թաղման։
Կը խորհիմ, թէ ինչպէս ես, անոնք բոլորն ալ՝ յիշելով անցեալը, մանաւանդ Արշակին անխոնջ աշխատանքը, որով մեր մէջ հիմնաւորեց հայութեան ազատագրութեան եւ անկախութեան ուխտը, երբե՛ք պիտի չմոռնան զինք։
Սիրելի Արշակ, վաղաժամ գացիր. քեզ չենք մոռցած եւ ոչ ալ պիտի մոռցուիս, որովհետև մեր թոռնիկներն անգամ պատգամ մը ունին քեզմէ։

Նիւ Ռոշել, Նիւ Եորք

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button