
ԵՐԵՒԱՆ․- ԵրԵքշաբթի, Ապրիլ 5-ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Պաշտպանելով Արցախը` պաշտպանենք Հայաստանը» խորագիրով` Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններուն նախաձեռնած բազմամարդ հանրահաւաքը, որուն միացած էին շարք մը քաղաքական ուժեր եւ ընդդիմադիր հասարակական գործիչներ:
Հ․Յ․Դ․-ի անդամները Մատենադարանի յարակից հրապարակէն երթով շարժեցան դէպի Ազատութեան հրապարակ: Հանրահաւաքի նախաձեռնողները քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղէին կանգնելու Արցախի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ:
Հանրահաւաքի մասնակիցները բարձրացուցած էին հետեւեալ գրութիւններով պաստառներ. «Արցախը երբեք չի լինելու Ատրպէյճանի կազմում», «Թուրքն իմ թշնամին է», «Հայաստանը թրքական միջանցք չէ», «Նիկոլը չի ներկայացնում հայկական շահը», «Recognize Artsakh»:
Անոնք կը վանկարկէին «Հայաստա՛ն, ոտքի», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Արցախը չի լինելու Ատրպէյճանի կազմում»:
«Մեր հայրենիքը վտանգի տակ է», յայտարարեց ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան եւ աւելցուց, որ դիմադրութեան հոլովոյթը պիտի չդադրի, քանի դեռ այս իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց զիջողական քաղաքականութիւնը: Այսուհետեւ հանդուրժելու տեղ չունինք, ո՛չ մեր երկրի բզկտումը, ո՛չ ալ բզկտողները պիտի հանդուրժենք. իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Յակոբեան:
Ելոյթներով հանդէս եկան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արամ Վարդեւանեան, Տիգրան Աբրահամեան եւ Հայկ Մամիջանեան:
«Այսօր այս հրապարակէն կը յայտարարենք նոր պայքարի սկիզբը։ Պայքարը աւարտին պիտի հասցնենք այն օրը, երբ բոլորը միանան մեզի, եւ այդ օրը հեռու չէ: Կ՛ըսէք` ծրագիր ունի՞ք, կ՛ըսեմ` այո, կրնա՞նք երկիրը այս վիճակէն դուրս բերել, կ՛ըսեմ` այո», իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան:
Հանրահաւաքի մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Ֆրանսայի հրապարակ, ուր տեղադրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան մեծ դրօշը:
Հանրահաւաքի մասնակիցները հրապարակեցին եզրափակիչ բանաձեւ, զոր ընթերցեց Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Մկրտչեան:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ յանուն Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան հրաւիրուած հանրահաւաքի մասնակիցները, անկախ իրենց գաղափարաբանական եւ քաղաքական տարբերութիւններէն, վճռականօրէն կը մերժեն թուրք-Ատրպէյճանական լծակից կողմերէն պարտադրուող օրակարգերը: Ըստ ցուցարարներուն, խաղաղութեան նախադրեալներ ստեղծելու համար Ատրպէյճան պէտք է վերադարձնէ հայ ռազմագերիները, պատանդները, այլ պահուող անձեր, ազատազրկման դատապարտուածները, իր զօրքերը հեռացնէ թէ՛ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն, եւ թէ՛ Արցախի տարածքին մէջ` նոյեմբեր 9, 2020-ի դրութեամբ դիրքերուն:
Յայտարարութիւնը կ՛եզրափակուի այն հաստատումով, որ այս սկզբունքները կը բխին հայ ժողովուրդի կենսական շահերէն, ուստի որեւէ իշխանութիւն պարտաւոր է առաջնորդուիլ այս օրակարգով եւ ապահովել անոր իրականացումը: «Այս օրակարգի առաջադրումը չի նշանակում պատերազմ, այլ հայ ժողովրդի կենսական շահերի հաշուառմամբ իրական, արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւն: Ներկայացուած սկզբունքների չիրագործումն անխուսափելիօրէն կը յանգեցնի համաժողովրդական օրինական հակազդեցութեան բոլոր հնարաւոր միջոցներով եւ եղանակներով», կը փակուի յայտարարութիւնը: