
ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 12-ին Հ.Հ. Ազգային Ժողովի ընդդիմութիւնը պոյքոթի ենթարկեց նստաշրջանը՝ յայտարարելով, որ փոխարէնը պիտի մեկնի Արցախ ու սահմանամերձ մարզեր:
Ընդդիմութիւնը այդ քայլը առաւ՝ մեղադրելով իշխող ուժը Հայաստանին ու Արցախին առնչուող իրական օրակարգերը քննարկելու, լուծումներ գտնելու փոխարէն կրաւորական կեցուածք ցուցաբերելուն համար:
Ընդդիմադիրները գործադրեցին իրենց յայտարարութիւնը եւ ուղղուեցան Արցախ, բայց եւ այնպէս ռուս խաղաղապահները արգիլեցին «Հայաստան» խմբակցութեան անդամները Արցախ մուտք գործել։
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ կը կատարուի Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հերթական յանցաւոր պայմանաւորուածութեան գաղտնազերծումը՝ նշելով, որ վերջինները շատ արագ եւ միաժամանակ արձագանգեցին ընդդիմադիր պատգամաւորներուն Արցախ մեկնելու յայտարարութեան եւ անցակէտին փոխանցեցին Արցախ մեկնող քաղաքական գործիչներուն անունները` պահանջելով թոյլ չտալ անոնց մուտքը Արցախ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն եւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի ծառայողները չեն թոյլատրած Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներուն Արցախ մուտքը։