
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Տարբեր պայմաններու տակ կ՚ապրինք: Շա՜տ բան փոխուած է եւ դեռ պիտի փոխուի համաշխարհայնացած մեր ներկայ աշխարհին մէջ:
Այնքա՛ն, որ նոյնիսկ յապաղած կարելի է նկատել Հայաստանի Ազգային Ժողովի անդամներու կողմէ վերջերս պատրաստուած ընտանեկան բռնութեանց դէմ օրէնքի մը նախագիծը, որ իր կարգին յառաջիկային պիտի ներկայացուի Ազգային Ժողովին՝ առ ի վաւերացում։
Կարելի է հարց դնել. արդեօք Հայաստանի տարածքին արդէն այսպիսի օրէնք գոյութիւն չունէ՞ր։ Կամ, պարզապէս, ինչո՞ւ այսքան ուշ։ Մանաւանդ երբ հետեւինք երկրի վիճակագրական պատկերին, ուր կարելի է նկատել, թէ հայ կինը իր բազմերես պարտաւորութիւններով կենսական դեր ունեցած է համայնական կեանքին մէջ մեր պատմութեան ընթացքին, մնալով ամրօրէն կառչած հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու, իտէալներու եւ ձգտումներու, ազգային ու կրօնական աւանդութիւններու։
Հակառակ կնոջ նկատմամբ պահպանողական մօտեցում ունեցող արեւելեան ժողովուրդ-ներու ու մշակոյթներու ազդեցութեան մեր կեանքին վրայ, հայորդին պիտի չստորադասէ իր կողակիցը եւ խտրական ոգիով պիտի չմօտենայ հայ կնոջ, այլ յատուկ սէր ու հոգածութիւն պիտի ցուցաբերէ անոր նկատ-մամբ, մանաւանդ երբ համաշխարհային ազատախոհ մշակոյթի մը զօրեղ ու ազդեցիկ օրեր կ՚ապրինք: Միեւնոյն ընկերութեան ու ապրելաձեւին մէջ կը գործէ ու կը շնչէ հայ կինը, միշտ ենթակայ ըլլալով յիշեալ մշակոյթի, ինչպէս նաեւ ամէն ձեւի մտահոգութիւններու, խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու ազդեցութեան:
Դարերու ընթացքին անտեսուած ու ճնշուած, նոյնիսկ որոշ մշակոյթներու մէջ պարզապէս այր մարդուն հաճոյքին ու քմահաճոյքին գերին դարձած կինը միշտ ալ մերժած է այս անմարդկային ոգին ու վերաբերումը: Դեռ աւելին. քստմնելի արարք կարելի է նկատել, թէ՛ ընտանեկան կառոյցներու եւ թէ՛ ընկերութեան հաւաքական կեանքին մէջ կիրարկուած բռնութիւնը կնոջ հանդէպ: Արդ, բազմիցս ֆիզիքական ինքնապաշտպանութենէ զուրկ կնոջ դէմ կառոյցներու եւ ընդհանրապէս արական սեռի այս բիրտ վերաբերումը խստօրէն դատապարտելի է եւ համահաւասար՝ քրէական յանցանքի:
Յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի նշուի Հայաստանի առաջին անկախութիւնը։ Կարճատեւ էր կեանքը, հազիւ երեք տարի, սակայն այդ օրերուն իսկ ղեկավարութիւնը օրինականացուցած էր կիներու քուէարկելու, ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքը, նոյնիսկ տիկին Տիանա Աբգարը նշանակելով որպէս Ճափոնի մօտ դեսպան:
Հետեւաբար, անյապաղ պէտք է գործել, որպէսզի գոյութիւն ունեցող այդ անտեսանելի «պատը» փուլ գայ եւ հայ կի-նը, նկատուելով այր մարդուն համահաւասար դիրքեր ու պարտաւորութիւններ ստանձնելու ատակ անձ, առաւելագոյն չափով մասնակցութիւն բերէ բազմազան բնագաւառներու մէջ՝ կնոջական կազմակերպութիւններու պարտականութիւններէն մինչեւ համայնական կեանքի կազմակերպման ու ծաղկման գործընթացը:
Հուսկ, Ազգային Ժողովին կը մնայ բացարձակ մեծամասնութեամբ քուէարկել ընդդէ’մ ընտանեկան բռնութեան: