
Ա․Ա․
Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու լարուածութիւնը օրէ օր աւելի կը բարձրանայ՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը առաւել յարձակողական դարձնելով։
Էրտողան, յստակ է, որ որդեգրած է սպառնալիքներու եւ քայլերու աստիճանական սաստկացման քաղաքականութիւն մը, ուր տակաւին չէ գործածած Տահէշի խաղաքարտը։
Գաղտնի սպասարկութիւններու եւ հակաահաբեկչութեան գործակալութիւններու ամերիկացի եւ եւրոպացի պաշտօնատարներ արդէն իսկ որոշ մտահոգութիւններ յայտնած են, թէ թուրքեւամերիկեան այս լարուածութիւնը կրնայ ի վերջոյ վտանգել տեղեկութիւններու փոխանակումն ու ապահովական համագործակցութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ, ինչ կը վերաբերի Իսլամական պետութեան զինեալներուն դէմ շղթայազերծուած պայքարին՝ Սուրիոյ մէջ։
Ճիշդ է, որ թուրքեւամերիկեան միացեալ ուժերու հսկողութեան ջոկատները շատ մօտիկ ապագային գործի պիտի անցնին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Տահէշի նախկին ամրոցներէն մին հանդիսացած Մանպիժի մէջ, սակայն կայ ընդհանուր մտավախութիւն, թէ ապագային, նման գործակցութիւն չկրկնուի, նկատի ունենալով, որ երկուստէք կեցուածքները կը մնան անփոփոխ։
Էրտողան տակաւին կը հակադարձէ՝ տնտեսական որոշումներով։ Ասոնց նորագոյնը եղաւ Միացեալ Նահանգներէն ներածուած ապրանքներու վրայ մաքսատուրքերուն բարձրացումը՝ իբրեւ հակազդեցութիւն՝ Թուրքիայէն ներածուած ալիւմինումի եւ մետաղներու մաքսատուրքերը բարձրացնելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին։
Ամերիկացի եւ եւրոպացի պաշտօնատարներ մտահոգ են, որ յառաջիկայ օրերուն Էրտողան սկսի քանի մը օր առաջ յայտարարած իր Բ. ծրագրին, որ ըստ երեւոյթին կրնայ ըլլալ Տահէշի զինեալներու մասին տեղեկութիւններու փոխանակման դադրեցումը։ Ասիկա իսկապէս Միացեալ Նահանգները նեղ կացութեան կրնայ մատնել։Էրտողան կրնայ աւելի յառաջ երթալ եւ հրահանգել թրքական սահմանէն Սուրիական հողեր թափանցելու կարելիութիւններ ստեղծել Թուրքիա գտնուող իսլամական ծայրայեղականներու՝ ամբողջ կացութիւնը գլխիվայր դարձնելով։
Ամենայնդէպս, ամերիկացիք ունին ուրիշ պատճառ մըն ալ՝ վերապահութիւններ եւ մտահոգութիւններ ունենալու, Թուրքիոյ նկատմամբ, ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ ծայրայեղական իսլամականներու դէմ մղուող պայքարին մէջ թրքական դերակատարութեան եւ մասնակցութեան։ Գաղտնիք մը չէ, որ Թուրքիա ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերեց Թահրիրէլ Շամ անունը կրող ծայրայեղականներու հատուածին, որ նախապէս Ժապհաթէլ Նուսրան էր։ Ասիկա հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Քայիտայի թեւը կը համարուի։
Թուրքիոյ իշխանութիւնները Ժապհաթէլ Շամը կը գործածեն՝ Սուրիոյ քիւրտերուն դէմ, որոնք կը վայելէին ամերիկեան զօրակցութիւն եւ հովանաւորութիւն։Ամերիկեան մտահոգութիւնը կը բխի այն իրականութենէն, թէ մինչ Թուրքիա քանի մը քայլեր առած է՝ Տահէշի զինեալներուն դէմ, անդին՝ Էրտողանի կառավարութիւնը զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն կը տրամադրէ ծայրայեղ իսլամական այլ հատուածներու։ Այս երկուութիւնը կացութիւնը առաւել կը բարդացնէ, այն պահուն երբ ամերիկեան օժանդակութիւն եւ հովանաւորութիւն վայելող Քրտական Ժողովրդավարական Ուժերը կը պատրաստուին վերջին յարձակման մը՝ Իսլամական պետութեան վերջին ամրոցներէն մին համարուող Հաժինի վրայ, որ Եփրատի հովիտին մէջտեղը կը գտնուի։
Հիմա կը մնայ սպասել, թէ ինչ ուղղութեամբ պիտի զարգանան դէպքերը եւ իրադարձութիւնները։
Մինչ այդ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ունի լուրջ մտադրութիւն՝ Թուրքիոյ դէմ հաստատել տնտեսական պատժամիջոցներու երկրորդ փաթէթը, ուր տեղ ունի Թըրքիշ Էյրլայնզի դէպի Միացեալ Նահանգներ թռիչքներուն դէմ արգելք մը, կամ գէթ սահմանափակումներ, որոնք շատ ծանր պիտի ազդեն թրքական օդանաւային ընկերութեան աշխատանքներուն վրայ։
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն պահանջը յստակ է։ Անյապաղ ազատ արձակել ոչ միայն կրօնական Էնտրիւ Պրանսընը, այլեւ ՆԱՍԱ-ի գիտնականներէն՝ Սերքան Կէօլկէն, եւ այն երեք թուրքերը, որոնք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաները կը սեպուին։ Երեքն ալ Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմին մաս կը կազմեն եւ ձերբակալուած են Ֆեթհիւլլա Կիւլէնի հետ կապեր ունեցող թուրքերու հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու մեղադրանքներով։
Յառաջիկայ եօթանասուն երկու ժամերը շատ ճակատագրական են՝ թուրքեւամերիկեան լարուածութիւնը առաւել սրելու կամ մեղմացնելու համար։ Եւ դիւանագիտութեան մէջ ամէն ինչ, նոյնիսկ անսպասելին շատ հաւանական է։