Գլխաւոր

ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԴՂԵԱԿԷՆ ՆԵՐՍ…

p1 main

Երկուշաբթի, Յունուար 12-ին, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս, որ Փարիզ այցելած էր, մասնակցելու համար ահաբեկչութեան դէմ եւ «Շառլի» երգիծական շաբաթաթերթի զոհերուն զօրակցելու քայլարշաւին,վերադարձին ժամանեց Անգարա եւ հիւրը եղաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի…նորակառոյց «Աք Սարայ» դղեակէն ներս:
Հանդիպումէն աւելի մելան հոեսեցնել տուաւ Էրտողանի կատարած յատուկ դիմաւորութիւնը, ուր նախագահական պատուոյ պահակագունդի 16 անդամներ կը կրէին Թուրքիոյ պատմութեան 16 կայսրութիւններու տարազները (որոնց կարգին սելճուք, մոնկոլ, թաթար եւ օսմանական):
Հոլիվուտեան պատմական պատրաստութիւն մը յիշեցնող լուսանկար մըն է այս մէկը, որ ցայսօր քննադատութեան, ծիծաղի եւ երգիծանքի առարկայ կը դառնայ, ընկերային ցանցերէ ներս…Պէն Հը՞ր, Քալի՞կուլա, թէ Տր Ֆօլ օֆ տը Ռոմըն (այս պարագային Թըրքիշ) Էմփայր:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button