

Ա․Ա․
Գերմանիոյ մէջ քաղաքական բուռն բանավէճի նիւթի վերածուած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը Պերլին հրաւիրելու Գերմանիոյ իշխանութիւններուն որոշումին դէմ, որ ըստ ընդդիմութեան, անտեղի եւ անյարմար որոշում մըն է, որովհետեւ Էրտողանի նման բռնատէր մը ոչ մէկ պարագայի Գերմանիա պէտք է այցելէ։
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Գերմանիա հաւանական այցելութեան դէմ սուր բանավէճը պայթեցաւ անցեալ շաբաթ, երբ գերմանական մամուլը հաղորդեց, որ նախագահ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայըր Էրտողանը պաշտօնապէս Գերմանիա հրաւիրած է։ Թէեւ այցելութեան թուականը ճշդուած չէ, բայց եւ այնպէս երկու կողմերը արդէն իսկ քննարկումներ կը կատարեն՝ այցելութեան թուականը ճշդելու համար։Յստակ չէ նաեւ այցելութեան բնոյթը, եթէ անիկա պիտի ըլլայ աշխատանքային կամ պարզապէս արարողակարգային այցելութիւն մը։
Գերմանական ընդդիմութիւնը սակայն կտրականապէս դէմ է Թուրքիոյ նախագահին Գերմանիա այցելութեան։Կանաչներու կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Չէմ Օզտեմիր յայտարարեց, որ Էրտողան ժողովրդավար երկրի մը նախագահը չէ՝ յայտարարելով, որ ան Թուրքիան վերածած է Թուրքմենիստանի կամ Ատրպէյճանի նման բռնապետութեան մը։
Ծայրայեղ աջակողմեան Գերմանական Այլընտրանք կուսակցութիւնը, որ այժմ պատգամաւորներու աթոռներու թիւով երրորդ մեծագոյն խմբակցութիւնը ունի խորհրդարանին մէջ, կոչ ըրաւ՝ ջնջելու Էրտողանի ուղղուած հրաւէրը՝ նշելով, որ Պերլինի իշխանութիւնները պէտք չէ արտօնեն Էրտողանի, որ քաղաքական ցուցադրութիւններ կազմակերպէ Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ։
Ընդդիմութեան այս բաւական կարծր կեցուածքներուն հակադարձելով՝ արտաքին գործոց նախարար Հեյկօ Մաաս յայտարարեց, որ ճիշդ չէ չբանակցիլ խնդրահարոյց դաշնակիցներու հետ, իսկ Անժելա Մերքելի Քրիստոնեայ¬ Դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ էլմար Պրոք նկատել տուաւ, որ եթէ Գերմանիոյ իշխանութիւնները միայն ժողովրդավար ղեկավարներու հետ բանակցին, ապա շուտով Գերմանիա առանձինն կը մնայ միջազգային ասպարէզին մէջ։
Ամենայնդէպս, եթէ էրտողանի այցելութիւնը իրականանայ, անիկա պիտի ըլլայ առաջինը՝ 2014էն ի վեր։
Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունին լուրջ տարակարծութիւններ՝ Պունտըսթակի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումէն մինչեւ Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ շրջանառութեան դրուած այն մեղադրանքները, թէ Գերմանիոյ իշխանութիւնները կ՛աջակցին ահաբեկիչներու եւ Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաղրջման փորձ կատարած Կիւլենականներուն։
Քաղաքական մեկնաբաններու համաձայն, Թուրքիա առանցքային նշանակութիւն ունի Եւրոպայի համար, յատկապէս միջին արեւելեան երկիրներէ խոյս տուած գաղթականներու ընդունման հարցով, որուն լուծումը Անժելա Մերքելի կառավարութեան համար բաւական լուրջ մարտահրաւէր մըն է։
Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ քաղաքական սուր տարակարծութիւններու նիւթ է նաեւ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու եւ Էրտողանի ընդդիմադիրներուն նկատմամբ կիրարկուող պետական քաղաքականութիւնը, որուն արձագանգները նաեւ լսելի եղան Գերմանիոյ տարածքին, երբ թրքական ծայրայեղական խմբաւորում մը՝ «Օսմանէն Գերմանիա» աւազակախումբը, գերմանական ոստիկանութեան կողմէ հալածանքի ենթարկուեցաւ եւ երեւան եկան յստակ կապեր, որոնք գոյութիւն ունին աւազակախումբին ղեկավարներուն եւ Էրտողանի վարչակարգին միջեւ։
«Օսմանէն Ճերմանիա» կազմակերպութիւնը, որ աւելի քան երեք հազար հինգ հարիւր անդամ ունի, երեւութապէս կռփամարտիկներու մարզումներ կազմակերպող միութիւն մըն է, որ կը հետապնդէ մարզական նպատակներ։ Սակայն խորքին մէջ, ինչպէս գերմանական գաղտնի սպասարկութիւններուն հետախուզութիւնները ցոյց կու տան, այս կազմակերպութիւնը Գերմանիոյ տարածքին կը զբաղի պոռնիկներու գործունէութեան ղեկավարմամբ, թմրեցուցիչներու եւ զէնքերու մաքսանենգութեամբ։ Իսկ ամէնէն յատկանշականը այն է, թէ միութեան անդամներ կը հետեւին Էրտողանի հրահանգներուն, անոր ընդդիմադիրները հալածելու եւ պատժելու համար։ Այս ծիրին մէջ Գերմանիոյ հանրային պատկերասփիւռի «Ֆրոնթըլ 21» յայտագրին աշխատակիցները կատարեցին բաւական ուշագրաւ բացայայտումներ, որոնք երեւան հանեցին Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներէն՝ Մեթին Քուլունքի կապերը այս աւազակախումբին ղեկավարութեան հետ։ Գերմանական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ հեռաձայնային գաղտնալսումները բացայայտեցին, որ Քուլունք աւազակախումբին ղեկավարներուն թելադրած է հալածել եւ սարսափի մատնել Գերմանիա ապրող քիւրտեր, որոնք կը պայքարին քրտական դատին համար։
Այս ցնցիչ բացայայտումները տակաւին թարմ են Գերմանիոյ ընդդիմութեան յիշողութեան մէջ, որ իրաւացիօրէն կը մերժէ Էրտողանի այցելութիւնը։