ԷՐՏՈՂԱՆ՝ «ԳՈՐՇ ԳԱՅԼԵՐ»ՈՒ ՀԵՏԵՒՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

0 0
Read Time:2 Minute, 46 Second

Ա․Ա․
Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ՝ Եւրոպայի տարածքին կառուցուած ամէնէն մեծ մզկիթին բացման արարողութեան ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան բաւական յանդունգն քայլով մը զինք դիմաւորելու եկած թուրքերը բարեւեց ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան բարեւով, որ միջնեմատն ու մատնեմատը բթամատին միացնելով կը կազմէ ականջները տնկած գայլի մը գլուխը։
Նման բարեւով մը իր հետեւորդները Գերմանիոյ մէջ ողջունելու Էրտողանի այս կեցուածքը անկասկած նախածրագրուած եւ կանխամտածուած է եւ որ իր մէջ մէկէ աւելի պատգամներ ունի՝ թէ՛ Գերմանիոյ, թէ՛ Եւրոպայի առհասարակ, ու նաեւ՝ քիւրտերուն, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն եւ իր ընդդիմադիրներուն։
«Գորշ Գայլեր»ը, իրենց առաջնորդին՝ Ալփասլան Թուրքէշի գաղափարախօսութեան հիմերը կը տեսնեն ծայրայեղ ազգայնականութեան մէջ, որ եթէ քիչ մը խոր քննարկման ենթարկուի, զուգահեռներ կը ստեղծէ, Երիտասարդ Թուրքերեու համաթուրանականութեան հետ։Արդէն գաղտնիք մը չէ, որ «Գորշ Գայլեր»ու ընդհանուր հաւատամքն ալ գրեթէ նոյնն է, ինչ որ էր Երիտասարդ Թուրքերուն՝ «Նախ Թուրքիա», «Թուրքիա ամէն բանէ վեր», «Ով որ թուրք չէ, Թուրքիա չի կրնար ապրիլ» նշանախօսքերու էութեան։
Ալփասլան Թուրքէշի «Գորշ Գայլերեը այսօր կը համարուին եւ վերածուած են թրքութեան պահակներու բանակին, որ ծայրայեղ է։ Չի հանդուրժեր անոնք,որոնք Թրքութեան գաղափարախօսութեան հետեւորդներ չեն, նոյնիսկ եթէ արիւնով եւ ծնունդով թուրք են։
Նման ծայրայեղականութեամբ առանձնացող ,Գորշ Գայլեր»ը ահա Էրտողանի համար Եւրոպայի մեծագոյն պետութեան՝ Գերմանիոյ մէջ կը վերածուի առաջնորդող եւ եւրոպական «սպառնալիքներ» դիմակալող վահանի մը, երբ յանկարծ Թուրքիոյ նախագահը միջնեմատն ու մատնեմատը կը միացնէ բթամատին եւ կը կազմէ «Գորշ Գայլեր»ու նշանակը՝ բազմութիւնը բարեւելով։
Առաջին պատգամը խորհրդանշական է եւ ուղղուած է Գերմանիոյ իշխանութիւններուն, թէ ձեր հողերուն վրայ ահա տեսէք անվախօրէն կը բարեւեմ ձեր կողմէ ահաբեկչական համարուող կազմակերպութեան յատուկ բարեւով։Ուրեմն՝ անտեսուած է գերմանական բոլոր կեցուածքները , ինչ կը վերաբերի «Գորշ Գայլերեու կազմակերպութեան մէկ միաւորը համարուող «Օսմանեն Կերմանիա» խմբակին դէմ հրապարակուած դատական վճիռներուն։Այս խմբակին անդամները՝ կռփամարտիկներ են, եւ որոնք կը գտնուին աւազակախումբեր կազմելու ծանր ամբաստանութիւններու տակ՝ քիւրտեր եւ Էրտողանի ընդդիմադիրները Գերմանիոյ տարածքին հալածելու նպատակով։
Էրտողանի երկրորդ պատգամը ուղղուած է ամբողջ Եւրոպայի, ուր սկսած է ձեւաւորուիլ եւրոպական ազգայնականութեան բաւական լուրջ շարժում մը, որ թէեւ մէկ ու միացեալ ճակատ մը չէ՝ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը մերժելու իմաստով, սակայն ունի բաւական պարարտ ենթահող, թէ պիտի վերագծէ Եւրոպական Միութեան արժէքային համակարգը, ուր բնականաբար Թուրքիա տեղ չունի։
«Գորշ Գայլեր»ու բարեւով բազմութիւնը բարեւելու եւ ողջունելու էրտողանի այս քայլին երրորդ պատգամը սպառնալիք է՝ ուղղուած քիւրտերուն եւ իր թուրք ընդդիմադիրներուն, թէ պէտք է զգուշ եւ զուսպ ըլլան, զինք քննադատելու ատեն։ Այլապէս՝ «Գորշ Գայլեր»ը, որոնք արդէն իսկ բաւական արիւնոտ անցեալ մը ունին իրենց ետին՝ մանաւանդ 1970-ական թուականներուն կատարուած արիւնալի յարձակումներու եւ խուլիկանութիւններու միջոցով, կրնան նոյնիսկ Եւրոպայի ամէնէն ապահով կարծուած ոստաններուն մէջ զիրենք հարուածել։
«Գորշ Գայլեր»ու բարեւով՝ Էրտողան նաեւ լռելեայն սպառնալիք մըն ալ կ՛արձակէ Թուրքիոյ մէջ ապրող իր ընդդիմադիրներուն։Ասիկա աւելի խորհրդանշական կը թուի, բայցեւայնպէս զուրկ չէ մտահոգիչ բաղադրիչներէ։Էրտողան հնազանդ ու հաւատարիմ հետեւորդ մըն է Մեհմէտ Զահիտ Քոթլուի, որ քաղաքական իսլամութեան հայրն է եւ որ Թուրքիոյ ամէնէն հեղինակաւոր կրօնականն էր իսլամութեան եւ քաղաքականութեան միջեւ կապերու ստեղծման իմաստով։
Եւ ահա ամէնէն վտանգաւոր պատգամը ի յայտ կու գայ։ Ծայրայեղ թրքութեան եւ ծայրայեղական իսլամականութեան միջեւ ամուր կամուրջներու ստեղծիչի դեր մը, որ Էրտողան ինքզինքին վերապահած է՝ ոտնատակ ընելու համար Աթաթուրքն ալ,չափաւորականութիւնն ալ, Եւրոպան ալ՝ եթէ ատոր ալ կարիքը զգացուի։
Եւրոպացիք ասիկա պիտի զգա՞ն։ Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային արժէքներու՝ խօսքի, կրօնի, եւ այլ ազատութիւններու պահպանման զուգահեռ, եւրոպա որքան եւ ինչ տարողութեամբ հասուն է՝ իր գոյութեան սպառնացող թրքական եւ իսլամական ծայրայեղականութեան այս երկգլխանի գազանը դիմակալելու համար։Եւ կասկած չկայ,որ այս գազանը իր սնունդը ,Գորշ Գայլերեու գաղափարախօսութենէն կը ստանայ՝ իսլամութեան արժէքներու թիւր մեկնաբանութեամբ մը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles