ԳլխաւորԼրահոս

ԷՏԸՄ ՇԻՖ ՔՈՆԿՐԷՍԻ ԲԵՄԷՆ ՊԻՏԻ ԿԱՐԴԱՅ ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

p3 schiff

ՈՒԱՇԻՆԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ ան նախաձեռնած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու անուններ հաւաքելու համացանցային արշաւի մը, որպէսզի Քոնկրէսի բեմէն կարդացուին։

Շիֆ որոշած է Ապրիլ 22ին ամբողջ ժամ մը յատկացնել, Ներկայացուցիչներու տան բեմէն Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու մէկ փոքր մասնիկին անունները կարդալուն, որուն համար ան կոչ կþընէ զոհերու շառաւիղներուն, որոնք կրնան ըլլան թէ՛ իր ընտրաշրջանէն եւ թէ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն, ղրկելու զոհերու անունները, որոնք պիտի պահուին Քոնկրէսի արխիւներուն մէջ։

Advertisement Subscribe Today

“Աւելի քան 1.5 միլիոն զոհի անուն կարդալու համար հարկաւոր են երկար շաբաթներ, եւ ես յոյս ունիմ, որ զոհերու անուններու ընթերցումը պիտի օգնէ ուշադրութիւն հրաւիրել յանցագործութեան վրայ: Անունները, ի տարբերութիւն թիւերուն, այդքան վերացական չեն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը մէկուն զաւակն էր, մայրը կամ հայրը, մեծ մայրը կամ մեծ հայրը, հօրեղբայրը կամ մօրաքոյրը: Իւրաքանչիւրը թանկարժէք կեանք էր“, յայտարարած է Շիֆ:

Կարելի է անունները ղրկել.- https://docs.google.com/forms/d/1mig8GYxDyDTbqqLopIDFwgCYj6UyPBIDXBesl8uy2lM/viewform

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button