ԷՍ – 400 ՀՐԹԻՌՆԵՐՈՒ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ․- ԹՈՒՐՔԻԱ- Ա․Մ․Ն․ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՍԱԿԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 3 Second

Ա.Ա.

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեվլիւթ Չաւուշօղլու Ուաշինկթընի մէջ ստացաւ ամերիկեան յստակ թելադրանք մը, որ կը վերաբերէր ռուսական Էս – 400 տիպի գերարդիական հրթիռներուն, որոնք կարողութիւնը ունին արգելակելու ՆԱԹՕ-ի պատերազմական օդանաւերուն, ներառեալ՝ ամերիկեան գերարդիական Էֆ – 35-ներուն թռիչքները։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի թելադրանքը յստակ էր։Թուրքիոյ իշխանութիւնները յանձնառու պէտք է ըլլան՝ Էս – 400 հրթիռները ոչ մէկ պարագայի գործածելու։
Բնականաբար՝ Չաւուշօղլու անընդունելի համարեց այս թելադրանքը, որ սակայն ունէր իր երկրորդ բաժինը՝ Սուրիոյ Մամպիժ նահանգին վերաբերեալ։ Թուրքիա վերջին շրջանին բարձրացուցած էր իր սպառնալիքներուն մակարդակը եւ խոստացած ուժեղ հարուած մը տալ Մամպիժի մէջ հաստատուած Քրտական Ինքնապաշտպանութեան Միաւորներուն, որոնք Անգարայի կարծիքով՝ ահաբեկիչներ են եւ կը սպառնան Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան եւ պետական ապահովութեան։ Բայց հարցը այն է, թէ Մամպիժ կը գտնուին նաեւ ամերիկեան ուժեր, որոնք գաղտնի չեն պահեր քիւրտերուն ցուցաբերած օժանդակութեան թէ որակը, թէ ալ չափը։Իսկ եթէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները գործադրէին իրենց սպառնալիքը եւ թրքական բանակային ուժեր Մամպիժ ներխուժէին, յստակ է, որ ամերիկեան ուժերուն հետ բախում մը անխուսափելի պիտի դառնար։Ասիկա ձեռնտու չէր թէ՛ թուրքերուն, եւ թէ՛ ամերիկացիներուն համար, որոնք ՆԱԹՕ-ի զինակիցներ են, նաեւ ռազմավարական դաշնակիցներ՝ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ։
Սակայն ռազմաքաղաքական զինակցութիւններն ալ շատ յաճախ բաւարար չեն՝ տուեալ պետութիւններուն սեփական շահերուն միջեւ բախումները կանխարգիլելու համար։ Եւ հոս արդէն բացայայտօրէն կեդրոնական դերակատարութիւն կը ստանար ռուսական գործօնը։Նախ՝ ռուսերը թուրքերուն պիտի առաջարկէին միջցամաքամասային հրթիռներ խորտակելու կարողութիւնը ունեցող Էս 400 տիպի հրթիռներու երեք համակարգ վաճառել, նոյնիսկ վարկեր ալ տրամադրելով, որպէսզի թուրքերը կարենային համակարգերը գնել։
Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան այս պարագային չտատամսեցաւ եւ քանի մը անգամ Մոսկուա այցելելով՝ եզրակացուց հրթիռներուն գնման պայմանագիրը։ Ամերիկացիները անշուշտ ուշի ուշով կը հետեւէին ռուսեւթուրք մերձեցման այս հոլովոյթին, ուր նաեւ բաւական նշանակալից իրադարձութիւն մը կ՛ըլլար Թուրքիոյ առաջին կորիզային կայանին կառուցման ծրագրին մէջ Ռուսիոյ ունեցած մենատիրութիւնը։
Եւ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը գործի լծուեցաւ։ Փոմփէօ սեղանի վրայ դրաւ Մամպիժի թղթածրարը եւ թուրքերուն առաջարկեց միացեալ քայլերու համար ճամբու քարտէս մը պատրաստել, որպէսզի չքանար թուրքերուն մտավախութիւնները, թէ իր հարաւային սահմաններուն վրայ քիւրտեր ուժ եւ գերակշիռ հեղինակութիւն ունենալու ձգտումներ կը դրսեւորեն։ Փոմփէօ այս ճամբու քարտէսին փոխարէն թուրքերուն թելադրեց Էս – 400 հրթիռներու պահ դրուիլը։
Աւելի՛ն։Ամերիկեան դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ նոյնիսկ ակնարկութիւն կատարած է ամերիկեան Փէթրիըթ հրթիռներու համակարգի վաճառքը՝ Թուրքիոյ, որ ինչ- ինչ պատճառներով մինչեւ այսօր կը զլացուէր թուրքերուն։
Յամենայնդէպս՝ յառաջիկայ զարգացումներուն մէջ իր ըսելիքը պիտի ունենայ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւն մը ապահովելու ռազմաքաղաքական ուղղութիւնը, որ իր գինը պիտի պարտադրէ Թուրքիոյ։Եթէ ռուսեւթուրք մերձեցումը կտրէ ու անցնի սահմանները, ամերիկացիք դարձեալ Մամպիժ նահանգը իբրեւ զէնք պիտի գործածեն թուրքերուն դէմ։
Մինչ այդ՝ պէտք է սպասել ու հետեւիլ, որպէսզի կացութիւնը առաւել յստակ դառնայ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles