
Read Time:24 Second

ԵՐԵՒԱՆ.- Շարժանկարի աշխարհահռչակ բեմագիր եւ երաժիշտ՝ Էմիր Քուսթուրիցա, քանի մը օրով ժամանած է Հայաստան: Հռչակաւոր «Underground» (անցեալի Եուկոսլաւիոյ բաժանումը նկարագրող) ժապաւէնի բեմադրիչը ելոյթ ունեցաւ իր երաժշտախումբին՝ «The No Smoking Orchestra»ին հետ:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հ.Հ. մշակոյթի նախարարութեան եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի աջակցութեամբ:
Դեկտեմբեր 25ին, Քուսթուրիցա այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ ի յարգանք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: