ԷԼԻ ՊԷՐ­ՊԷՐ­ԵԱ­ՆԻ ՆՈՐ ՁԱՅ­ՆԱՊ­ՆԱ­ԿԸ` “ԱՐ­ԵԱՆ ԿԱՆ­ՉԸ“

0 0
Read Time:8 Minute, 21 Second

p15 cd cover-

ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ԹՐԹՌԵԱՆ

Նիւ Եորք

Մեծ ու­րա­խու­թեամբ ստա­ցայ Էլի Պէր­պէր­եա­նի նոր ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կը` “Ար­եան Կան­չը“ խո­րագ­րով եւ ու­զե­ցի անձ­նա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներս ար­տա­յայ­տել այս գրու­թեամբ: Նախ կ՛ու­զեմ յստա­կաց­նել թէ ո՛չ երա­ժիշտ եմ եւ ո՛չ ալ քննա­դատ, յա­ւակ­նո­տու­թիւնն ալ չու­նիմ ոչ մէ­կը, կամ միւ­սը` ըլ­լա­լու: Այս յօդ­ուա­ծը պար­զա­պէս փորձ մըն է լոյ­սի տակ առ­նե­լու եւ գնա­հա­տե­լու հայ երա­ժիշ­տի մը ազ­նիւ աշ­խա­տան­քը:

“Ար­եան Կան­չը“ Էլի Պէր­պէր­եա­նի չոր­րորդ երաժշ­տա­կան ալ­պոմն է որ կը յա­ջոր­դէ իր “Նրան Եր­գը“, “Յոյ­սի Դու­ռը“ եւ “Վար­դեր Ու­ղար­կիր“ ալ­պոմ­նե­րուն: Ինչ­պէս խո­րա­գի­րը կը յու­շէ, “Ար­եան Կան­չը“ ազ­գա­յին, յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու ըն­տիր հա­ւա­քա­ծոյ մըն է: Ձայ­նապ­նա­կի կող­քի գրքոյ­կին մէջ Էլի Պէր­պէր­եան կը գրէ.- “Հայ­կա­կան հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րուն մէջ մենք կը գտնենք մեր անց­եա­լի յաղ­թա­նակ­նե­րու, մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու ինչ­պէս նա­եւ արիու­թեան եւ նա­հա­տա­կու­թեան պատ­մու­թիւն­նե­րը, … պա­հե­լով այդ եր­գե­րուն հա­րա­զատ երաժշ­տու­թիւնն ու բա­ռե­րը մենք կը փոր­ձենք անոնց պատ­գա­մը այս ալ­պո­մով հասց­նել մեր երի­տա­սարդ եւ երէց սե­րունդ­նե­րուն:

Ալ­պո­մին առա­ջին եր­կու եր­գե­րը` “Հրանդ Տինք“ եւ “Շու­շի“ նոր եր­գեր են: Առա­ջի­նը` գրուած Ման­ուէլ Չար­շաֆ­եա­նին եւ երկ­րոր­դը` Յա­կոբ Արս­լան­եա­նին, իսկ երաժշ­տու­թիւնը` Էլի Պէր­պէր­եա­նին կող­մէ: Պան­ծաց­նե­լով հան­դերձ Հրանդ Տին­քի յի­շա­տա­կը, առա­ջին եր­գը ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ կ՛ուր­ուագ­ծէ ալ­պոմ-ին երաժշ­տա­կան ուղ­ղու­թիւնը.- թե­նո­րի ու­ժա­կան (dynamic) եւ ճկուն ներ­կա­յա­ցում եւ մե­ղե­դի­նե­րու հա­րուստ եւ ներ­դաշ­նակ մշա­կում: “Շու­շին“ իր երաժշ­տու­թեամբ եւ դաշ­նա­ւո­րու­մով կա­րե­լի է նկա­տել որ­պէս նոր ժո­ղովր­դա­կան երգ մը: Այս­տեղ կը վեր­ջա­նան Էլի Պէր­պէր­եա­նին նոր եր­գե­րը եւ կը սկսի բո­լո­րիս ծա­նօթ ազ­գա­յին, յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու իր մեկ­նա­բա­նու­թիւնը: Սա­կայն այն որ կը կար­ծէ թէ այս­տեղ կը վեր­ջա­նան անա­կն­կալ­նե­րը չա­րա­չար կը սխա­լին:

Յե­ղա­փո­խա­կան այս եր­գե­րու շար­քին առա­ջի­նը` “Բաբ­գէն Սիւնիի Մա­հը“ն է, որ եթէ աչ­քերդ փակ ունկնդ­րես, երաժշ­տու­թեան հա­րուստ մշա­կու­մը եւ Էլի­ին ան­վախ ձայ­նը, քե­զի զգաց­նել կու տան թէ Բաբ­գէն Սիւ­նի Պանք Օթօ­մա­նը դի­մացդ կը գրա­ւէ եւ դուն ալ իր օգ­նա­կան­նե­րէն մէկն ես: Յա­ջորդ եր­գին մէջ – “Զոհ­ուած­նե­րին“ կամ “Դա­ժան կռւում դուք ըն­կաք“- Էլի­ին ձայ­նին մէջ եղող յու­զու­մը այն­քա՜ն ազ­դու է, որ կա­րե­լի չէ ունկնդ­րած ժա­մա­նակ խո­րունկ վիշ­տով չմտա­ծել մե­զի ծա­նօթ կամ ան­ծա­նօթ, մեր ազ­գի սի­րոյն զոհ­ուած “Ջա­հել սի­րուն տղա­ներ“ուն մա­սին:

Ներ­հա­յե­ցո­ղու­թեան եւ ցա­ւի այս մթնո­լոր­տը կը փո­խէ յա­ջորդ եր­գը` “Գի­նի Լից“-ը, որուն դաշ­նա­ւո­րու­մը աւե­լի հա­րա­զատ է Հա­յաս­տան պատ­րաստ­ուած եւ հա­մա­ցան­ցին վրայ ընդ­հան­րա­ցած տար­բե­րա­կին: “Պե­տո­յի Յի­շա­տա­կին“ եր­գին մէջ գոր­ծած­ուած երաժշ­տա­կան յա­տուկ ներ­գոր­ծու­թիւն­նե­րը (effects) ինչ­պէս նա­եւ շուիի, քա­ման­չա­յի եւ թառ-ի գոր­ծա­ծու­թիւնը հմա­յիչ են: “Գէ­որգ Չա­ւու­շի Յի­շա­տա­կին“ եր­գին կա­տա­րո­ղու­թեան մէջ Էլի կը հե­տե­ւի այն ուղ­ղու­թեան, ուր Չա­րեն­ցի “Ես իմ անոյշ Հա­յաս­տա­նի“ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան վեր­ջին հա­մա­րը կ՛ար­տա­սան­ուի: Կաս­կած չկայ թէ 1907-ին, 10 տա­րե­կան Չա­րեն­ցը իր բա­նաս­տե­ծու­թիւնը գրած չէր, սա­կայն վստա­հա­բար Մա­սիս սա­րը եւ մեր բո­լոր հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րը սրբու­թիւն էին հայ­րե­նի­քին հա­մար իր կեան­քը զո­հող Գէ­որգ Չա­ւու­շին:

Մայր Հայ­րե­նի­քէն կ՛անց­նինք Կի­լիկ­ի­ան հայ­րե­նի­քը “Աս­պե­տա­կան“ եւ “Ատա­նա­յի կո­տո­րա­ծը“ եր­գե­րու կա­տա­րո­ղու­թեամբ: Jessica Scarlato-ի soprano-ի նե­րա­ծա­կա­նը, “Ատա­նա­յի կո­տո­րած“-ին կու տայ requiem-ի տպա­ւո­րու­թիւն: “Մենք ան­կեղծ զի­նուոր ենք“ին եւ “Քեռի­ին երգ“ին մի­ջեւ նա­եւ Էլին կ՛եր­գէ “Օտար, ամա­յի“ եր­գը որ նա­եւ ծա­նօթ է “քա­րա­ւան“ անու­նով: Վեր­ջինս մշակ­ուած է զուտ հայ­կա­կան գոր­ծիք­նե­րու ստեղ­ծած տխուր եւ խորհր­դա­ւոր ձայ­նով, իսկ երաժշ­տա­կան յա­տուկ ներ­գոր­ծու­թիւն­նե­րը (effects) կը փշա­քա­ղեց­նեն ունկն­դի­րը:

Մեր ազ­գա­յին, յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րը վե­րամ­շա­կե­լը չա­փա­զանց վտան­գա­ւոր յանձ­նա­ռու­թիւն է որով­հե­տեւ անոնք սրբա­ցած են մեր նա­հա­տակ հե­րոս­նե­րուն ան­մահ յի­շա­տա­կով` մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն շրթնե­րուն վրայ: “Ար­եան Կան­չը“ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի գործ մըն է որով­հե­տեւ Էլի Պէր­պէր­եա­նին աշ­խա­տա­կից երա­ժիշտ­նե­րը վե­րամ­շա­կե­լով այդ եր­գե­րը նոր երանգ մը տուած են անոնց: Փօլ Մա­լա­խան­եա­նը որ դաշ­նա­ւո­րած է ալ­պո­մէն հինգ եր­գեր եւ ար­տադ­րողն (producer) է ալ­պո­մին, Տիգ­րան Շի­րին­եա­նը` դաշ­նա­ւո­րած եօթը եր­գեր եւ Մար­քօ (Mr. Tam-Tam)  տա­րած են այն­պի­սի աշ­խա­տանք որ հայ­կա­կան գոր­ծիք­նե­րը` դհոլ, դու­դուկ, զուռ­նայ, շուի, թառ եւ քա­ման­չա այն­քան հա­մե­րաշխ կը հնչեն արեւմտ­եան թմբուկ­նե­րու կշռոյ­թին (beat), կի­թա­ռի ան­վախ մե­նա­կա­տա­րում­նե­րուն (solo) եւ այլ երաժշ­տա­կան յա­տուկ ներ­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հետ եւ կը ստեղ­ծեն ձայն մը որ հա­ճե­լի է երի­տա­սարդ եւ երէց սե­րունդ­նե­րուն:

Ի՞նչ կը վե­րա­բե­րի Էլի Պէր­պէր­եա­նին. Էլին երա­ժիշտ է: Երա­ժիշտ է ո՛չ թէ միայն անոր հա­մար, որ առա­ջին եր­կու եր­գե­րուն երաժշ­տու­թիւնը ի՛նք գրած է, կամ չորս տա­րի­ներ ու­սա­նե­լէ ետք Լի­բա­նա­նի Պե­տա­կան Երաժշ­տա­նո­ցին մէջ իր երաժշ­տա­կան ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծած է Մա­գիստ­րո­սի տիտ­ղո­սով, Գա­նա­տա­յի McGill հա­մալ­սա­րա­նէն (Master of Music in Performance) եւ կամ անոր հա­մար որ այս ալ­պո­մին մէջ եւ իր բե­մա­յին ելոյթ­նե­րուն ըն­թաց­քին իր ձայ­նը տի­րա­կան է, այլ երա­ժիշտ է մա­նա­ւա՛նդ անոր հա­մար, որ գի­տէ թէ ի՞նչ կ՛եր­գէ: Այս Գար­նան երբ Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յի­նը կազ­մա­կեր­պած էր աշու­ղա­կան հա­մերգ մը, Սա­յաթ Նո­վա­յի ծննդեան 300 ամ­եա­կին առ­թիւ, Էլին դիւ­թեց ներ­կա­նե­րը ո՛չ միայն իր ձայ­նով, այլ մա­նա­ւա՛նդ ունկն­դիր­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լով իւ­րա­քան­չիւր եր­գի պատ­մու­թիւնն ու իմաս­տը:

Էլի Պէր­պէր­եան նոր աստղ մըն է, որ կը փայ­լի սփիւռ­քա­հայ երաժշ­տու­թեան մէջ: Նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կը սպա­սեն Էլի­ին, որ ապա­գա­յին նա­յե­լով, կառ­չած կը մնայ իր ար­մատ­նե­րուն: Իրեն հա­մար իր պա­պե­նա­կան տու­նը եղած է իր առա­ջին դպրո­ցը, ուր հայ­րը քա­ջա­լե­րած է իր մէջ եր­գե­լու տա­ղան­դը, սոր­վե­ցու­ցած եր­գե­րուն եղա­նակ­նե­րը. մինչ մայ­րը բա­ցատ­րած է եր­գե­րուն բա­ռերն ու իմաստ­նե­րը: Ահա թէ ին­չո՞ւ Էլին “Ար­եան Կան­չը“ կը ձօ­նէ իր հօր Յա­կո­բի յի­շա­տա­կին, զայն կը նուի­րէ նա­եւ իր մօր, եղ­բօր եւ նշա­նա­ծին:

Էլի Պէր­պէր­եա­նին երազն է տես­նել սփիւռ­քա­հայ երաժշ­տու­թեան վե­րել­քը եւ այդ երա­զը իրա­կա­նաց­նե­լու հա­մար “Ար­եան Կան­չը“ այ­րի կնոջ լու­մա­յին նման կը զե­տե­ղէ մեր մշա­կոյ­թի գան­ձա­նա­կին մէջ:

Ձայնդ անս­պառ սի­րե­լի Էլի:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles