
Սփիւռքահայ զանազան գաղթօճախներէ ներս կը կատարուին զօրակցական հաւաքներ, խաղաղ ցոյցեր, քայլարշաւներ ի նպաստ Քեսապի:
Շիքակոյի մէջ, Կիրակի Մարտ 30-ին, “Շահնազարեան“ Կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հաւաք: Տեղւոյն Հ.Յ.Դ. “Քրիստափոր“ Կոմիտէութեան անունով, ելոյթ ունեցաւ Կրէկ Պետեան, որ մանրամասնօրէն զեկուցեց պատահած անցուդարձերուն մասին: Ան նաեւ շեշտեց թէ պէտք է անյապաղօրէն պահանջել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն, որ կասեցնեն Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութեանց դէմ կոտորածներ իրականացնող ծայրայեղական զինեալներուն տրամադրուող օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ պահանջեն “դաշնակից“ Թուրքիայէն, որ դադրեցնէ սուրիահայութեան դէմ ընդհանրապէս եւ Քեսապի հայ բնակչութեան դէմ` մասնաւորապէս, շղթայազերծած իր ցեղասպանական գործողութիւնները:
Լոս Անճելըսի մէջ ալ, հարիւրաւոր հայորդիներ, ընդառաջելով Հ.Ե.Դ.-ի եւ Քեսապի Հայրենակցական Միութեան հրաւէրին` զօրակցութեան ցոյց կատարեցին թրքական հիւպատոսարանին առջեւ: Ցուցարարները թրքական իշխանութեանց կողմէ հովանաւորուած Քեսապի վրայ յարձակումները դատապարտող լոզունգներով ու պաստառներով, երկու ժամ քալեցին թրքական հիւպատոսարանին առջեւ: Ցոյցի աւարտին մասնակիցներուն իրենց պատգամը փոխանցեցին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետի պաշտօնակատար Ճեք Հաճինեան, Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Ամերիկայի գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատրեան, Հայ Իրաւաբաններու Միութեան նախագահ Կարօ Ղազարեան, Քեսապի Կրթասիրաց Ընկերակցութեան ատենապետ Եսթեր Չելեպեան եւ Հ.Ե.Դ.-ի ներկայացուցիչներ: Պատգամախօսները նաեւ դիմեցին ներկաներուն, որ մասնակցին “Փրկենք Քեսապը“ արշաւին: Ցոյցը աւարտեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով:
Գանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ “Արմէն Գարօ“ Ուսանողական Միութեան կազմակերպութեամբ, Ապրիլ 3-ին, Քեսապի զօրակցական բողոքի հաւաքներ տեղի ունեցան Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ: Թորոնթոյի բողոքի հաւաքը տեղի ունեցաւ տեղւոյն թրքական հիւպատոսարանի շէնքին դիմաց: Ցոյցի ընթացքին խօսք առին Երիտասարդական Միութեան անդամներ, որոնք բուռն կերպով դատապարտեցին թրքական պետութեան գործօն մասնակցութիւնը Քեսապի դէպքերուն:
Թորոնթոյէն եւ Քեմպրիճէն ժամանած 600 երիտասարդներ, համալսարանական ուսանողներ Հ.Օ.Մ.-ի “Գոլոլեա“ն երկրորդական վարժարանի աշակերտներ եւ թորոնթոհայ ազգայիններ կը մասնակցէին ցոյցին: Մօտ 20-25 թուրքեր եւ ազերիներ, հիւպատոսարանին դիմաց հակադարձեցին հայկական կողմի բողոքի հաւաքին: Նոյն օրուան ընթացքին, Մոնրէալի Մ.Ա.Կ.-ի շէնքին դիմաց կայացաւ բողոքի ցոյց, որ կազմակերպուած էր Գանատայի երիտասարդական միութեան եւ Հ.Յ.Դ. “Արմէն Գարօ“ Ուսանողական միութեան կողմէ: Բողոքի հաւաքին կը մասնակցէին նաեւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի երկրորդականի բարձրագոյն կարգերու աշակերտները, ինչպէս նաեւ Մոնրէալէն եւ Լաւալէն ժամանած շուրջ 500 հայորդիներ: Ցուցարարները Մ.Ա.Կ.-էն պահանջեցին ապազինել Քեսապն ու շրջակայքը եւ դատապարտեցին թրքական յարձակողապաշտ ընթացքը:
Փարիզի մէջ ալ, Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդի նախաձեռնութեամբ, Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ կայացաւ բողոքի ցոյց մը, ներկայութեամբ հազար հայորդիներու: Անոնց պարզած պաստառներուն վրայ, կարելի էր կարդալ` “Քեսապը մե՛րն է“, “Ցեղապաշտ թուրք դո՛ւրս Քեսապէն“ եւ այլ նման գրութիւններ:
Առաջին խօսք առնողն էր տեղւոյն Հայ Դատի պատասխանատուներէն` Մուրատ Փափազեան, որ զուգահեռ գծելով Էրտողանի եւ Թալէաթի միջեւ` ըսաւ, թէ Թուրքիա պէ՛տք է պատժուի եւ պայքարը մինչեւ վերջ պիտի շարունակուի: Ան Ֆրանսայի կառավարութենէն պահանջեց դատապարտել Քեսապի դէմ յարձակումը: Հայ Դատի Փարիզի գրասենեակին կողմէ հայերէնով արտայայտուեցաւ Հրաչ Վարժապետեան եւ դատապարտեց Թուրքիան հովանաւորող Ֆրանսայի պետութեան կեցուածքը, կոչ ուղղելով` մինչեւ վերջ պահանջատէր ըլլալու եւ միասնական ուժերով շարունակելու պայքարը:
Հաւաքի վերջին բանախօսը Յարութ Մարտիրոսեանն էր, որ Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ, իր կարգին, դատապարտեց Ֆրանսայի մեղսակցութիւնը` յայտնելով, որ ան ծանր պատասխանատուութիւն կը կրէ եւ պէտք է պաշտպանէ Քեսապը: Մարտիրոսեան անիմաստ եւ տկար նկատեց Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարութեան այսառիթով հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Աթէնքի եւ Փիրէայի մէջ, բաժնուեցան թռուցիկներ, որոնց մէջ մանրամասնօրէն կը նշուէր Քեսապահայութեան տեղահանման հարցի տուեալները, պարզելով Թուրքիոյ մեղսակցութեան դերակատարութիւնը եւ մատնանշելով միջազգային քաղաքական հանրութեան անտարբերութիւնը:
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը կարեւոր նախաձեռնութիւն մը առաւ անցնող շաբաթավերջին եւ երեք կեդրոնական վայրերու մէջ թռուցիկներ բաժնեց Քեսապի դէպքերուն առնչութեամբ, յոյն հասարակութիւնը տեղեակ պահելու նպատակով` հայաբնակ Քեսապի ճգնաժամային իրավիճակի մասին: Երիտասարդները համախմբուեցան Փիրէայի Քորայի, Նէա Զմիռնիի կեդրոնական հրապարակներու եւ Թեսաղոնիկէի կեդրոնական հրապարակին վրայ, ուր երկար մնացին, անցորդներուն թռուցիկները բաժնելով եւ իրենց հարցումներուն պատասխանելով:
Աւստրալիահայեր Սիտնիի թրքական հիւպատոսարանին դիմաց հազարէ աւելի կազմակերպեցին ցոյց մը, որուն մասնակցեցան աւելի քան հազար հայորդիներ: Ցուցարարները իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով քեսապահայութեան` թրքական հիւպատոսարանին դիմաց բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր` “Քաշեցէ՛ք ձեր ձեռքերը Քեսապէն“, “Թուրքիան մեղաւոր է…“ եւ այլն, ինչպէս նաեւ պահանջեցին Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկել` իր երկրէն ծայրայեղ իսլամականներուն Սուրիա մուտքը ապահովելու համար: “Ասիկա անընդունելի է, մենք չենք կրնար անգործ նստիլ, երբ Թուրքիան առանց խղճի խայթի կը շարունակէ իր հալածանքները հայերուն եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ“, նշեց ցոյցը կազմակերպած Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ կառոյցի ներկայացուցիչ Արամ Թուֆենկեան:Պուէնոս Այրէսի մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ ցոյցեր, որուն մասնակցեցան 300է աւելի հայորդիներ:
Ապրիլ 5-ի յետմիջօրէին, Պոլսոյ Կալաթասարայ հրապարակի “Լիսէ“-ին առջեւ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ` Սուրիոյ Քեսապ գիւղաքաղաքի հայերուն դէմ ի գործ դրուած տեղահանութեան եւ թալանի դէպքերուն համար: Ցոյցը իրականացաւ լրագրող Մուրատ Էզերի ջանքերով: Մեծ բազմութեան մը ներկայութեան կարդացուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն: Ժողովուրդը մեղադրական կարգախօսերով յանկերգեց` քննադատելով Քեսապի դէմ որդեգրուած եւ ի գործ դրուած անընդունելի քաղաքականութիւնը:
Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ եթէ քաղաքական կուսակցութիւններ, մարդասիրական ընկերութիւններ, միութիւններ եւ իրաւասու հաստատութիւններ այս դէպքին դիմաց լուռ մնան եւ ստեղծուած կացութիւնը չմերժեն, ապա քանի մը օր ետք պիտի կատարուի աւելի կազմակերպուած բողոքի ցոյց մը:
Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ., Ս.Դ.Հ.Կ. եւ Ռ.Ա.Կ. տեղական մարմիններուն, Ապրիլ 9-ին Նիկոսիոյ “Նարեկ“ վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քեսապի մասին զեկուցական հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, հոգեւոր հայրեր, ազգային, կրթական ու հասարակական կառոյցներու պատասխանատուներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արթօ Դաւիթեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք Քեսապի կացութիւնը, բացատրեց հաւաքին նպատակը ու յայտագրին մանրամասնութիւնները: Ան թուեց նաեւ Քեսապի կապակցութեամբ կիպրահայ գաղութէն ներս պետական ներկայացուցիչին, Ազգային Երեսփոխանական ժողովին եւ երեք կուսակցութիւններու տեղական մարմիններուն կատարած աշխատանքները: Ապա ներկայացուեցաւ Քեսապի համառօտ պատմութիւնը:
Ապա Յակոբ Մանուկեան խօսեցաւ սուրիական տագնապի ներկայ փուլին մասին` ներկայացնելով բոլոր այն փաստերը, որոնք կը վկայեն արեւմտեան ուժերուն կողմէ արաբական աշխարհն ու յատկապէս Սուրիան ոչնչացնելու մեծ ծրագրի մը առկայութիւնը: Բանախօսը կարճ վերլուծում մը ըրաւ նաեւ տարածաշրջանային հարցերուն մասին` եզրակացնելով, թէ Թուրքիոյ‘ դրացիներու հետ “զերօ խնդիրներ“-ու քաղաքականութիւնը ներկայիս վերածուած է “զերօ դրացիներ“-ու քաղաքականութեան:
Ներկայացուեցաւ Քեսապի տագնապին շուրջ լրատուական միջոցներէն քաղուած տեսերիզներու փունջ մը, որ յստակ կերպով կը ցուցադրէր գործողութիւններուն ընթացքն ու գաղթականութեան վիճակը:
Ասատուր Տեւլեթեան, խօսք առնելով, սկսաւ Ցեղասպանութենէն‘ անդրադարձաւ սուրիահայ գաղութին կազմութեան ու դերակատարութեան‘ որպէս նորակազմ սփիւռքի հիմնասիւնը: Ան համոզիչ կերպով ընդգծեց, թէ հայ ժողովուրդը ի գին ամէն զոհողութեան պէտք է անպայման զօրաշարժի ենթարկուի ու պահէ սուրիահայ գաղութը, որովհետեւ առանց հայրենամերձ ու համախմբուած այդ գաղութին` կը վտանգուի ամբողջ հայկական սփիւռքը:
Երեկոն փակուեցաւ Մաշտոց Քահանայի հակիրճ խօսքով ու “Պահպանիչ“-ով:
Թեհրանի Սասուն քաղաքամասի Սուրբ Թարգմանչաց եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաք` ի պաշտպանութիւն Սուրիոյ մէջ գտնւող հայաբնակ Քեսապ քաղաքի հայութեան:
Հաւաքը տեղի ունեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի հովանաւորութեամբ, ուր մասնակից էին եւ իրենց զօրակցութիւնը բերած էին թեմի իւրաքանչիւր միութիւն, հասարակական մարմին եւ միաւոր: Հանդէս եկաւ Իրանի խորհրդարանի մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեան, նաեւ ընթերցուեցաւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Սարգսեանի պատգամը, որ աշխատանքային այցով կը գտնուէր Սուրիա: Պատգամի մէջ կը յայտնուէր թէ.- “Այսօր ամբողջ հայութիւնը մէկ մարդու նման ոտքի կանգնած է եւ կը փորձէ օգնութեան հասնիլ սուրիահայութեան եւ կը հասնի ու միւս կողմէն ալ աւելի հաստատակամ ու վճռորոշ կառչած կը մնայ իր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն եւ կը գորէ ու կը պայքարի միշտ տեսիլքով իր ամբողջական հայրենիքի ու ժողովուրդի: Մենք այս առիթով կ’ողջունենք մեր ծննդավայր հայրենիքի` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խոհուն, իմաստուն եւ ժողովրդամէտ քաղաքականութիւնը‘ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ տագնապին յարաբերաբար: Հաւատանք ու հաւատքով գործենք ու շարունակենք մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ, մէկ եկեղեցի ու հայրենիք տեսլականով եւ վստահ եղէք, որ օր մը պիտի հասնինք մեր երազին ու տեսիլքին“:
Ցուցադրուեցան նաեւ քեսապահայութեան կացութեան մասին պատմող սահիկներ:
Իրանահայ համայնքը նաեւ բողոքի գրութիւն յղած է Իրանի մէջ դիւանագիտական օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւններուն` դեսպանատուներուն, ի մասնաւորի Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու` Ռուսաստանի Դաշնութեան, Չինաստանի, Ճափոնի, Հնդկաստանի, Գանատայի դեսպանատուներուն, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ, Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցչութեան: Յղուած գրութեան մէջ նկարագրելով Քեսապի վերջին դէպքերը` ներկայացուած են այդ առնչութեամբ հայութեան պահանջները:
***
Ուրուկուայի մայրաքաղաք` Մոնթեվիտէոյի մէջ կատարուեցաւ բողոքի ցոյց մը, ի նպաստ Քեսապի: “Փրկենք Քեսապը“ պաստարներով, դրօշներով, Քեսապի իրավիճակի մասին պատմող թերթիկներ բաժնելով եւ անցորդներուն բացատրութիւններ տալով, հայորդի պատանիներ երկու ժամուայ ընթացքին յաջողեցան ուշադրութիւն գրաւել, բանուկ երթեւեկութեան այդ կեդրոնի մէջ հետաքրքրութիւն ստեղծելով:
Ժընեւի Հայ կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ Զուիցերահայոց Միութեան, Ապրիլ 3-ի երեկոյեան, զեկուցական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ` ներկայութեամբ շուրջ յիսուն ժընեւաբնակ հայորդիներու, օրակարգ ունենալով հայ իրականութիւնը յուզող գլխաւոր նիւթը` Քեսապի աղէտը:
Զուիցերիահայ միութեան ատենապետ Նժդեհ Խաչաատուրեան իր բացման խօսքին ընթացքին, անդրադարձաւ Քեսապի հարցին, որուն համար միութիւնը նախաձեռնած էր այս երեկոն, ապա ներկայացուց զեկուցաբերները եւ անոնց նիւթերը:
Ֆրանսահայ “Երկիր եւ Մշակոյթ“ միութեան ժընեւաբնակ անդամ Անուշ ՍատԷֆ- Տէրտէրեան լրատուական զանազան աղբիւրներէ քաղուած համացանցի պատկերներով ներկայացուց անցնող տասնհինգ օրերու գործողութիւններուն ընթացքը, զուգահեռաբար հայկական պետական եւ կրօնական ղեկավարութեան քայլերը` այս տագնապին շուրջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ժընեւի արտակարգ դեսպանորդ Սաթենիկ Աբգարեան զեկուցեց Քեսապի տագնապին առիթով Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ կատարուած պետական յարաբերութւններուն մասին` լուսարձակի տակ առնելով Ազգային ժողովի պատուիրակութեան այցը տագնապահար հայրենակիցներուն:Ան կարեւորութեամբ շեշտեց յառաջիկայ օրերուն զուիցերիահայ գաղութին ցուցաբերելիք օժանդակութեան նախաձեռնելու եւ ցուցական զօրակցութեան մասին:
Հալէպահայ Մաթիկ Էպլիղաթեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Քեսապ գաւառին պատմականը, ազգագրական աւանդը, տոհմիկ կեանքը, աշխարհագրական դիրքը, մարդկային յարանուանական կրթական, գիւղատնտեսական, զբօսաշրջութեան եւ այլ մարզերու մասին:
Քաղաքական իրավիճակին մասին ելոյթ ունեցաւ լրագրող Վիգէն Չիթիրեան` անդրադառնալով տարածաշրջանի մէջ հակամարտ ուժերու եւ միջազգային քաղաքական կացութեան շուրջ, կարծիքներ յայտնելով յառաջիկայ հանգրուանի հայ զանգուածի դիրքորոշումներուն մասին, որուն շուրջ այլ վարկածներով ներկաներէն ոմանք յայտնեցին իրենց տեսակէտները եւ մտահոգութիւնները:
Մթնոլորտը կը ցոլացնէր հայ ժողովուրդին այս օրերուն ապրած պատմական եւ քաղաքական ծանր վերիվայրումները, որուն մէկ մանրանկարն էր Ժընեւի հայ գաղութի յիշեալ երեկոն: