
“Մենք ձեզ երբեք չենք մոռանայ
Ու միշտ կը յիշենք…“
Լիզպոնի Հինգին հերոսներուն սխրալի նահատակութեան 30-րդ տարեդարձը կը մօտենայ:
Չեմ սպասեր Յուլիս 27-ին, երբ սովորաբար անոնց յուշակոթողին շուրջ կը հաւաքուինք հեռակայ կամ մօտակայ կարգով, կը յիշենք, կը յիշատակենք, կը յիշեցնենք ու կը վերանորոգենք ուխտը:
Կը նախընտրեմ տարեդարձէն քանի մը օր առաջ, ա՛յսօր, ա՛յս երեկոյ, արեւամուտէն ետք, երթալ ուխտավայր, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ծանօթ անկիւնը, նստիլ Անոնց շիրիմ-յուշարձանին առջեւ, առանձինն խորհրդածել անոնց ոգեղէն ընկերակցութեան շուքին:
Մտածումներուս հետ երեւակայութիւնս անշշուկ կը սաւառնի դէպի հոն` Պուրճ Համուտի ուխտավայրը: Կը նստիմ կողքի գերեզմանաքարին վրայ: 30 տարիներ առաջ, Յուլիս 15-ին, տակաւին ո՛չ ոք գիտէր, թէ քանի մը օր ետք` Յուլիս 27-ը, Խանսորի պատմական սխրանքի տարեդարձէն երկու օր ետք, մեր պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուէր մեր ժամանակներո՛ւ արդարատենչութեան նորագոյն սխրանքը, իբրեւ թագադրում` ուժական պայքարի նորագոյն շղթային, որ, ինքնին, պիտի վերածուէր մեր հերոսական անցեալը ներկային ու ապագային կամրջող փայլուն օղակի մը…
Ամառնային տաք ու խոնաւ երեկոյ է, սակայն արեւամուտի սա պահուն, թեթեւ զեփիւռ մը կը տարածուի գերեզմանատան վրայ, պտոյտ կ՛ընէ տապանաքարերուն չորս բոլորը, կը գգուէ բարձահասակ ծառերը, որոնց ամէնէն բարձրադիր ճիւղերը նազանքով կ՛օրօրուին զեփիւռին շոյանքին հետ, կը ճօճին գինովցած: Կիսամութը կը տարածուի դանդաղօրէն, ծառերու հեզաճկուն պարին տալով մարդկային շարժումներու շպար մը:
Պահը չէ սառած. ժամը կը թռչի: Խաւարը արդէն տիրապետող դարձած է ու կը յուշէ, որ հոս հասնելէ ետք, պէտք էր քանի մը մոմ վառէի յուշակոթողին, հոն` ուր Հայաստանի քարտէսը կը բազմի իր պատմական տարածքներուն հմայքով, իրագործելի տենչերու պատգամով, հինգ հերոսներուն նահատակութիւնը իմաստաւորելով…
Հինգ մոմեր կ՛ամրացնեմ յուշակոթողի պատուանդանին ու պահ մը կը մնամ գլխահակ, մտաբերելով այն մանրամասնութիւնները, որոնք 30 տարի առաջ, Յուլիս 27, 1983ի յետմիջօրէէն սկսեալ, մամլոյ աղբիւրներու կողմէ սկսան վառօդի նման տարածուիլ աշխարհով մէկ. Լիզպոնի թրքական դեսպանատան մէջ պայթող ռումբերը ստեղծեցին ահեղ երկրաշարժի մը ցնցումին ազդեցութիւնը` թէ՛ աշխարհին, թէ՛ ցեղասպան Թուրքիոյ եւ թէ մեր` հայութեան կեանքին մէջ: Կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս, նոյն երեկոյեան իսկ, պատկերասփիւռի կայաններ ամբողջ աշխարհին ծանուցեցին, որ Հայկական Յեղափոխական Բանակի անդամ հինգ երիտասարդներ, աշխարհասփիւռ հայութեան բաբախող սիրտէն` Լիբանանէն թռչելով, անձնասպանական գործողութիւն մը կատարած էին Փորթուգալի թրքական դեսպանատան դէմ, նահատակութեան գնով աշխարհին յիշեցումներ կատարած էին հայութեան անսակարկելի իրաւունքներուն մասին, հինգ նոր քուէ աւելցուցած` ի նպաստ “մահ իմացեալ անմահութիւն է“ պատմական խօսքին տակ…: Աշխարհը շաբաթներ շարունակ ապրած էր առաջին երկրաշարժին յետ-ցնցումները: Յետոյ` նահատակուած հերոսներուն աճիւնները վերադարձած էին Լիբանան, զիրենք ծնող ու պայքարի մէջ դարբնող ծննդավայրը, որ այդ օրերուն կը տուայտէր արիւնալի դէպքերու մորմոքին մէջ: Անտեսելով օրուան տարապայման վիճակները, հայութիւնը, իր պատանիով, երիտասարդով ու տարեցով, իբրեւ բարձրաճակատ յուղարկաւոր ու առաջին ուխտապահ` կ՛ուղղուէր Պուրճ Համուտի գերեզմանատան այս անկիւնը, զոր, առանց բառեր գործածելու` կը հռչակէր նոր ժամանակներու նորագոյն ուխտավայր…: Տակաւին, քանի մը տարի ետք, Արցախի պայքարին պայթումի նախօրեակին, տեսաերիզ մը կը հասնէր հայութեան ձեռքը. հինգ նահատակներուն անկորնչելի կտակն էր այդ երիզը. սենեակիս մենութեան մէջ, գիշեր մը լուսցուցեր էի համեստ միջոցներով արձանագրուած եւ աննախընթաց մասունքի մը արժէքը ունեցող երիզը կրկին ու կրկին դիտելով-մտիկ ընելով. պաստառէն` Սիմոնը, Վաչէն, Սագոն, Սեդրակն ու Արան, պարզունակ բայց ահեղ արտայայտութիւններով, իրենց սիրտերէն ու կամքէն ժայթքող խորհրդածութիւններով, անջնջելի պատգամ մը կը կտակէին ապրող սերունդներուս` երէցին, երիտասարդին, պատանիին ու պարմանուհիին, հայրերուն, մայրերուն, քոյրերուն եղբայրներուն, ընկերներուն, քաղաքական ու պետական այրերուն, պայքարի ուղեկիցներուն, փաստացիօրէն ստորագրելով իրենց մշտական ներկայութիւնը մեր մէջ, պայքարի ճամբուն վրայ` մեր ու իրերայաջորդ սերունդներու կողքին:
Ու անկէ ետք, մեր պատմութիւնը կը թաւալէր նոր իրադարձութիւններով, Պուրճ Համուտի գերեզմանատան այս անկիւնէն` ամէն տարի 27 Յուլիսին ուխտին հաւատարմութեան ու վերանորոգման նոր արձագանգ մը կ՛ալիքաւորուէր դէպի հայաշխահի չորս ծագերը…
***
Յանկարծ… գերեզմանատան մուտքի կողմը գտնուող սաղարթներուն արանքէն մարդկային ստուերներ կը մարմնաւորուին դանդաղօրէն, ձեւ-կերպարանք կը հագուին: Մէկ… երկու… երեք… չորս… հինգ երիտասարդներ մութին մէջէն սահանքով կը մօտենան ու կը նստին շուրջ բոլորս: Իրե՛նք են` Սիմոնը, Վաչէն, Սագոն, Սեդրակն ու Արան: Պահած են երիտասարդական ա՛յն պատկերը, ինչպէս որ էին 30 տարի առաջ, Յուլիսեան ա՛յդ օրը: Երիցագոյնը չէ բոլորած 25 տարիքը: Մնացած են ու կը մնան երիտասարդ, որովհետեւ հերոսները, նահատակները տարիք չեն ճանչնար: Յաղթական հպարտանք մը կը ճառագայթէ անոնց ճակատներուն վրայ, ամբողջացնելով շրթունքներէն ծագող ժպիտները. հերարձակ են, ինչպէս սխրալի Գործին օրը. մոմէն իրենց ճակատներուն հասնող շողերը պահ մը կը մատնահարեն անոնց մազերը, կ՛արտացոլան վահագնացող աչքերուն խորքէն:
Ինծի ակնածանք պարտադրող լռութիւնը կը շարունակուի պահ մը. շուտով զրոյցի կը բռնուիմ անոնց ակնարկներուն հետ, աչքերս կ՛ոստոստեն զոյգ-զոյգ աչքերուն: Մտապատկերիս մէջ կ՛ուրուագծուին լուսդախող նկարները հին ու նոր բազմաթիւ ֆետայիներու եւ նահատակներու, Արեւմտեան Հայաստանի Գէորգ Չաւուշէն ու Աղբիւր Սերոբէն մինչեւ Արցախի Տուշմանն ու Բեկորը, որոնք նո՛յնպէս երիտասարդ մնացած են միշտ: Կը սպասեմ, որ իրե՛նք ըլլան լռութիւնը խզողը, ինչպէս որ 30 տարի առաջ, իրենց խոյանքը խզած ու խորտակած էր մեր անտեսուած իրաւունքներուն շուրջ աշխարհի անտարբերութեան հիւսած պատը, Պերլինի “Ամօթի Պատ“ին փլուզումէն շա՜տ առաջ…:
Սպասումս երկար չի տեւեր. Լիզպոնի Տղաքը կը խօսին հերթով, հանդարտ ու տիրական ձայնով: Կ՛արտայայտուին տեսաերիզին մէջ իրենց արձանագրած խօսքերուն պարզունակ ու հաղորդական ոճով, սակայն շուտով կ՛անդրադառնամ, թէ ժամանակը որքա՜ն հասունցուցած է այս տղաքը, անոնց արտայայտութիւններուն ներարկած է յաւելեալ խորք ու տարածք: Կը փորձեմ բառ չկորսնցնել իրենց արտայայտութիւններէն:
***
Վաչէն է զրոյցը բացողը.- “Ահա դարձեալ յիշատակի օրը կը մօտենայ: Մի՛ կարծէք, որ միայն դուք, մնացողներդ կը յիշէք Լիզպոնի Դէպքը: Մե՛նք ալ կը յիշենք, եւ` ամենայն մանրամասնութեամբ. ամէն օր այսպէս, քով քովի կու գանք եւ վերաքաղը կ՛ընենք բոլոր մանրամասնութիւններուն, ծրագրումէն մինչեւ յարձակում եւ ռումբերու որոտ…: Մեր շուրջ բոլորը կ՛ըլլան Բաբգէն Սիւնին, Արամ Մանուկեանն ու բազմաթիւ հերոսներ, որոնց հանդէպ պաշտամունք ունէին մեր ֆիզիքական կենդանութեան, ու հիմա կը վայելենք անոնց մտերմութիւնը, դարձած ենք հարազատներ: Ամէն տարի, մեր բոլոր նահատակ հերոսներուն հետ կը վերապրինք Լիզպոնի, ինչպէս որ կը վերապրինք մեր պատմութիւնը դրոշմող իւրաքանչիւր հերոսամարտի ու հերոսական արարքի յիշատակը, վստահ ըլլալով, որ այդ սխրագործութիւնները կը վերապրին իւրաքանչիւր հայու, իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի՛ հոգիին, էութեան մէջ“:
Սիմոնն է.- “Մեր արարքը պարզ մարդասպանական արարք չէր. չէինք յարձակած ու դեսպանատունը գրաւած` ինքնանպատակ սպանութիւն գործելու կամ վրէժխնդրական նկատումներով. մեր առած քայլը վսեմ ահաբեկչութիւն էր, քաղաքակա՛ն արարք, որովհետեւ իրաւունքի պաշտպանութեան բազմաթիւ միջոցներէն` ամէնէն ազդուն է քաղաքական ահաբեկչութիւնը: Եթէ մեր նախատեսութիւնները իրականանային, մարդկային զոհեր չէին արձանագրուեր, մենք ալ չէինք հասներ նահատակութեան հանգրուանին, որովհետեւ…“
Սագոն կը շարունակէ` Սիմոնին խօսքը կտրելով.- “…Նահատակութիւնը մեր հաշիւներուն մէջ կար, բայց անիկա վերջին ու գերագոյն միջոցն էր, ու մենք հարկադրուեցանք ետ չկանգնելու այդ քայլէն: Բացէք պատմութեան էջերը. բոլոր ժողովուրդներուն մօտ ալ պիտի գտնէք մեզի նման “խենթեր“, որոնց հանդէպ պաշտամունք ունին զիրենք ծնող ժողովուրդները, զանոնք ոտնակոխել կը փորձեն միայն անոնց թշնամիները“:
Արան կը շարունակէ ընկերներուն խոհերն ու պատգամները.- “Մեր երիտասարդները պէտք չէ մոռնան, պէտք է սորվին ու վերյիշեն, թէ մեր պայքարը ի՛նչ փոթորիկներէ կ՛անցնէր 30 տարի կամ աւելի առաջ: Մեզմէ առաջ, բազմաթիւ հայ երիտասարդներ վերցուցած էին այն դրօշը, որ անցեալին ծածանած էր Թեհլիրեաններու, Շիրակեաններու, Թորլաքեաններու եւ սերնդակիցներուն բազուկներով, եւ սակայն ատեն մը տժգունած էր աշխարհի ստեղծած դաւադիր ու շինծու մոռացութեան դիմաց…“
Սեդրակը մէջ կ՛իյնայ.- “Մեր նպատակն էր աշխարհին, նա՛եւ մեր հայրենակիցներուն յիշեցնել, որ եթէ իրաւունքի համար պայքար ունիս, քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներու կողքին, անհրաժեշտ է նաեւ երբեմն բազուկդ եւ բռունցքդ գործածել, որովհետեւ այսօրուան աշխարհին հետ դժբախտաբար կարելի չէ խօսիլ միայն քաղաքակիրթ լեզուով: Ցեղասպանն ու գործակիցները երբեմն պէտք է հայուն բազուկի ուժի՛ն ալ համը առնեն…“:
Սագոն է դարձեալ.- “Մենք նոր ճամբայ չբացինք, այլ անցեալի հերոսական ճամբան վերականգնեցինք: Այս ճամբան բացուած էր հայ թէ ոչ հայ արդարատենչներու կողմէ: Ըսինք, որ մեր արարքը օրինակ պիտի ծառայէ մեր հասակակիցներուն, յաջորդ սերունդներուն: Ատիկա չէր նշանակեր, որ մեր բոլոր երիտասարդները անձնասպանական նման արարքներ պիտի գործէին ամէն օր, այլ մեր կտակն էր անձնազոհութիւն, հայրենիքի ու մեր Դատին համար ամբողջական նուիրո՛ւմ ներշնչել մեր ժողովուրդին ու յաջորդող սերունդներուն“:
Սիմոնը կը շարունակէ.- “Մենք ձեզմէ` մեր ժողովուրդէն ու հայրենիքէն, հայութեան պայքարէն վերջնականապէս չբաժնուեցանք Յուլիս 27, 1983ին, այլ կը շարունակենք մնալ ձեզի հետ, մեր հայրենիքին հետ, կ՛ուզենք պայքարի հոգին ամուր պահել այսօրուան ու վաղուան երիտասարդներուն մէջ“:
Վաչէն կ՛աւելցնէ.- “Մենք մեր ժողովուրդին հետ էինք ու կը մնանք Հայաստանի վերանկախացման օրերէն ի վեր. Արցախի Պայքարի օրերուն` բաժնեկից եղանք մեր տղոց յաղթանակներուն, ցաւեցանք նահանջներուն ու կորուստներուն համար. ամէնէն ցաւալին` հողերու կորուստն էր, Գետաշէնն ու Շահումեանը: Սակայն մեր հպարտութիւնը ձերինին չափ էր, երբ տեսանք, վկայ դարձանք, որ քանի՜-քանի երիտասարդներ քալեցին անձնազոհութեան ու հայրենիքի պաշտպանութեան դրօշին տակ, բարձր պահեցին յաղթանակի դրօշը, կրկնեցին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Վանի, Ուրֆայի եւ միւս հերոսամարտներուն խոյանքը, կորուստներուն ու նահատակներուն դիմաց, յաղթանակներ ու նուաճումներ արձանագրեցին մեր ապրող պատմութեան մէջ, լայնցուցին պայքարի ճամբան. մեր այս փոքր յուշակոթողին դիմաց, Երեւանի մօտակայ Եռաբլուրը դարձաւ ակնակուռ, զարդարուեցաւ բազմաթիւ տապանաքարերով, որպէսզի նահատակներու արիւնէն ծլած սերմերը տարածուին ու ծաղկազարդեն հայրենի հողը, ծառայեն իբրեւ նոր յաղթանակներու առաջնորդող փարոսներ“:
Կը մտածեմ. հարցնե՞մ թէ չհարցնեմ. սակայն հետաքրքրութիւնս ի վերջոյ կը յաղթանակէ ու իրենց խօսքերը պահ մը կ՛ընդմիջեմ քիչ մը տափակ հնչող հարցումով մը.- “Սիրելի տղաք. ձեր նահատակութենէն ու զոհաբերումէն ետք, եղան ու կան մարդիկ, որոնք կը մտածեն, որ պէտք չունէիք ձեր կեանքերը զոհելու. այս դարուն, այլեւս գերագոյն զոհաբերութիւնն ու անձնասպանութեան գնով նահատակութիւնը այն արժէքը չեն ներկայացներ, ինչ որ էին հին-հին դարերուն, երբ մեր նախահայրերն ու աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ ունէին տարբեր մտածելակերպ…: Մինչեւ իսկ Հայաստանի մէջ կան մարդիկ, որ ձեր արարքը կը փորձեն դիտել աշխարհի այսօրուան ըմբռնումներով` բացասական արարքներու, ոճրային ահաբեկչութեան ակնոցով…“
Արան չի թողուր, որ շարունակեմ.- “Անոնք, որ մեր նահատակութիւնը կը նկատեն աւելորդ ու անտեղի, անոնք, որ այսօրուան աշխարհի միականի ու ձախաւեր տրամաբանութեամբ, վսեմ ահաբեկչութիւնը խեղաթիւրող արարքներու դիտանկիւնէն կը մեկնաբանեն մեր զոհաբերումը, պէտք է ընդունին, որ ո՛չ մեր, ո՛չ ալ աշխարհի պատմութեան ծանօթ են, չեն հասկնար, թէ իսկական պայքար ի՛նչ կը նշանակէ…“
Սեդրակը կը շարունակէ.- “Եթէ մեր նահատակութիւնը անիմաստ ու անտեղի էր, կը նշանակէ, որ մեր հողին ու տարրական իրաւունքներուն պահպանման համար բոլոր պայքարողները անիմաստ բաներ ըրած են: Կը նշանակէ, որ մեր ֆետայիները անիմաստ կերպով զոհած են իրենց կեանքերը, կը նշանակէ, որ Արցախի Պայքարին մէջ ինկողները նահատակուած են անիմաստ կերպով, մինչդեռ, դուք այսօր կը տեսնէք, թէ Արցախը ինչպէ՛ս կը շնչէ ազատ, ինչպէ՛ս վերամիացած է իր հարազատ հայրենիքին ու ժողովուրդին: Այդ բոլորը կարելի պիտի ըլլա՞ր առանց պաշտպանական պայքարի, առանց նահատակներուն…“
Սիմոնը կ՛ամբողջացնէ այս միտքը.- “Սիրելիս. մեր իրական պայքարի բոլոր հանգրուաններուն ալ եղած են նման պարտուողական մօտեցում ունեցողներ. Վարդան Մամիկոնեանէն առաջ եւ անկէ դարեր վերջ, 19-րդ դարու մեր ազատագրական պայքարի շղթայազերծման օրերո՛ւն ալ եղած են նման “իմաստուն“ քաղաքագէտներ, դիւանագէտներ, որոնք մտածած են, որ կարելի է թուրք թշնամին ողոքել, մեծ ու փոքր, բայց մի՛շտ հետեւողական զիջումներով անոր հետ լեզու գտնել, զայն տարհամոզել, թէ պէտք է հրաժարի հայութեան հայրենիքը խլելու, հայերս ջարդելու եւ մեզ ամէն տեսակի բռնաբարումի ենթարկելու իր նախամարդու մոլուցքէն: Ուժական պայքարի ընտրանքը մենք` հայերս, ու մեզի պէս շատ մը իրաւազուրկ ժողովուրդներ ձեռք չենք առած քմահաճոյքի համար, այլ հոն հասած ենք, երբ այլեւս ուրիշ ձեւ չէ մնացած, բոլոր խաղաղ միջոցները սպառած են. մեր բանաստեղծին հետ մենք ալ երգած ենք.- “Երբ չի մնում ելք ու ճար/խենթերն են գտնում հնար…“: Բանաստեղծներն ու Խրիմեան Հայրիկները ամէն օր մեզի հետ են, չեն պառկած իրենց գերեզմաններուն մէջ, պատրաստ են լուսաւորելու եւ առաջնորդելու մեր ուղին, պայմանաւ, որ տեսնողներ ու լսողներ չպակսին, նորեր գան միանալու Խաչատուր Աբովեանի օրերուն ու անկէ ալ առաջ հունաւորուած պայքարի ուղիին: Գերագոյն զոհաբերութեան արարքները քննադատողները շատ ալ տարբեր չեն մեր թշնամիին մտածելակերպէն, կ՛արձագանգեն թշնամիին մեկնաբանութիւններուն, որոնցմէ միայն թշնամի՛ն շահ ունի“:
Սագոն կը խօսի աւելի՛ խոհական ու բարի ժպիտով մը.- “Մենք կը տեսնենք, որ հայութեան մէջ պատասխանատու դիրքեր գրաւողնե՛ր անգամ այսօր կը փորձեն աժան քաղաքականութիւն խաղալ, անտեսել մեր իրակա՛ն պատմութենէն մեզի հասած անվիճելի դասերը: Ընկերս քիչ առաջ ըսաւ, որ մեր ու նմաններու արարքները պարապ բան նկատողները չեն գիտեր մեր պատմութիւնը, չեն հասկցած մեր պատմութեան, մշակոյթին ու հայու էութեան իմաստը: Ես ալ աւելցնեմ. եթէ մեր հայրենիքն ու իրաւունքները պիտի պահպանենք, մեր գրաւեալ հողերուն ու սակարկութիւն չճանչցող իրաւունքերուն տիրութիւն պիտի ընենք, պիտի հասնինք Սրբազան Լերան գագաթին, նման ծուռ եւ տգէտ հաշիւներու հետ գործ չունինք, անոնք ապագայ չեն խոստանար. այսպէս մտածողներ շուտով պիտի աւլուին մեր կեանքի էջերէն, մեր երիտասարդութիւնը ի՛նք պիտի վերականգնէ ազգային գիտակցութիւնը, զայն պիտի տարածէ ապրող սերունդներուն միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ, մեր ու նմաններու արարքներէն բխող պատգամները պիտի ողողեն ամէ՛ն մէկ հայու հոգին, միտքն ու կեանքի բոլո՛ր օրերը: Արեւմտեան Հայաստանը, Ջաւախքը, Ատրպէյճանի գրաւման տակ մնացող Նախիջեւանն ու Գանձակը, հայկական Կիլիկեան ու պատմական բոլոր ժառանգութիւնները պիտի վերականգնին միայն ու միայն մե՛ր ճիգերով, մե՛ր պայքարով, կարելի բոլո՛ր ճիւղերով մղուող պայքարով: Մեծ ուժերը իրենց հաշիւներուն ու շահերուն համաձայն կը դատեն մեզի պէս ժողովուրդներու պայքարները, մէկը կը կոչեն ահաբեկիչ, ուրիշ մը` ազատութեան մարտիկ: Մենք ալ պիտի շարունակենք շարժիլ մե՛ր շահերուն ու պահանջներուն տրամաբանութեամբ, մեզի ի՞նչ, որ մեր արարքը, մեր պայքարը ինչպիսի՛ որակումներ կը գտնեն, ծուռ հայելիներով կը դիտուին: Մեր պայքարն ու նպատակը տկարութիւն պիտի չճանչնան բնաւ…“:
Մեր զրոյցը շարունակուեցաւ երկար. բաւական ուշ զգացինք, որ Պրումմանայի լեռնագագաթները երիզող երկինքը սկսած էր վարդագունիլ: Հինգ հերոսները բազմաթիւ օրինակներով, բայց մանաւանդ յաղթանակողի վճռակամութեա՛մբ հաստատեցին, թէ թուրքը պիտի չյաջողի իր դաւադիր ու դրժողական ճամբուն մէջ, անոր սկսած նահանջն ու տեղատուութիւնները պիտի արագանան մեր աննահանջ ու արդար պայքարին դիմաց, հայութիւնը պիտի հասնի իր բոլոր իրաւունքներուն գիտակցութեան, իր կեանքէն դուրս պիտի նետէ մեր Դատին վնասող ներքին ու արտաքին ամէ՛ն տեսակի խոտորում:
“Վստահ ենք, որ դարաւոր մարտահրաւէրներէ յաղթական դուրս եկած մեր ժողովուրդն ու մեր հայրենիքը շուտով պիտի թօթափեն շփոթանքի ու ինքնալքումի ամէն ընտրանք, պիտի գտնեն մեր իրաւունքներուն վերահաստատման, մեր հայրենիքի ընդարձակման ու բարգաւաճման միջոցները, հայահաւաքը պիտի փոխարինէ արտագաղթի հոսանքը: Մեր ժողովուրդը պիտի չվարանի ատենին դիմելու նաեւ ուժական պայքարի եւ ինքնապաշտպանութեան ընտրանքին, ինչպէս որ ըրին արցախցիներն ու անոնց զինակցող հայաստանաբնակ եւ սփիւռքի հայերը: Ճիշդ է.- քիչ ենք, բայց մեզի հայ կ՛ըսեն: Այս բառերուն խորքն ու իմաստը ոեւէ մէկէն առաջ մե՛նք պիտի հասկնանք եւ պիտի հետեւինք անկէ բխող պատգամներուն“, եզրակացուցին Հինգ Հերոսները:
***
Յուշարձանին մոմերը հալած-մաշած էին, սակայն շիրիմէն բարձրացող լոյսի շողերը կը խոյանային դէպի երկինք, գիրկընդխառնուելու համար արեւուն հետ, որ Վահագնի Ծնունդը յիշեցնող փայլքով սկսած էր արշաւել երկնակամարին վրայ: Հինգ հերոսներուն ստուերները միախառնուած էին տարածուող լոյսին. հոս, քովս էին վստահաբար, բայց ես այլեւս զիրենք չէի տեսներ պարզ աչքերով:
Գերեզմանատան մենութեանս մէջ, ինքնեկ մղում մը զգացի, եւ կարծէք թէ կամքէս անկախ, սկսայ երգել (ձայնս գեղեցիկ չէ, չեմ համարձակիր ուրիշներու ներկայութեան երգել, բայց այս պահուն, որո՞ւ հոգը. զիս լսողը վստահաբար միայն Իրենք են` աներեւոյթ ներկայութեամբ.-
…Քար էք դարձել կրանիթ,
Բայց մենք չունենք քարէ սիրտ,
Դուք մեր սրտում, մեր մէջ էք,
Մենք ձեզ երբեք չենք մոռանայ
Ու միշտ կը յիշենք: