Զրոյց Ինքզինքիս Եւ Ընթերցողի Հետ․- ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՆՔ ՍԽԱԼ ԵՒ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆ
Յ. Պալեան
Հաւատքը առաջնահերթ առաքինութիւնն է, յոյսը սոսկ երկրորդն է, քանի որ հարկ է սկսիլ առանց ոեւէ յոյսի, յոյսը կու գայ աճէն եւ յառաջդիմութենէն:
Ալէն (Էմիլ-Օկիւսթ Շարթիէ) , ֆրանսացի իմաստասէր
Ամէն հայու պէս, մտահոգ՝ Հայաստանի անլոյս կացութեամբ, կը տագնապիմ: Կը լսեմ, կը հետեւիմ լրատուամիջոցներու:
Օրը քանի մը անգամ կը դիտեմ Հայաստանի կրկնուող ցոյցերը, Երեւանի եւ այլ քաղաքներու: Աղէտի մատնուած երկրին մէջ հազարաւորներ կը մասնակցին այդ ցոյցերուն: Ուժերու անտեղի սպառում եւ մսխում, հետապնդելով երկիրը աղէտէ դուրս բերելու նպատակը կամ անոր հետեւանքներու դարմանումը:
Եթէ հազարաւորներ կը բողոքեն, երկրի իշխանութիւնները պարտք պէտք է համարեն լսել զանոնք: Ի վերջոյ, ինչո՞ւ չմտածել, որ անոնց բողոքը անհանգստութեան մը արտայայտութիւնն է, անոնք ալ, իշխանութեան ղեկավարներուն պէս, հայրենիքի եւ ժողովուրդի մտահոգութիւնը ունին: Ազգի եւ հայրենիքի թշնամիներ չեն: Անոնք ալ տէր են եւ ծառայ հայրենիքին: Զանոնք անտեսել անպատասխանատուութիւն է:
Ինչո՞ւ չհասկնալ, որ իշխանափոխութիւնը պարտուածի հոգեխոցի (trauma) դարման կրնայ ըլլալ, ըլլալ վերանորոգման եւ վերականգնման սկիզբ:
Հայաստանէն նամակիս պատասխան երկտող մը ստացայ: Նոյնութեամբ կ’արտագրեմ քանի մը տող. «Ուշ պատասխանեցի, քանի որ թաղում էինք զինուոր զարմիկիս, որին 2 ամիս չէինք գտնում: Այո, պարտուած ենք, ջախջախուած եւ յուսալքուած…Լաւ ղեկավարների մասով, չգիտեմ, բայց գոնէ գործող պիղծից ազատուենք մինչեւ տարին աւարտուի»:
Լսել ժողովուրդը, նաեւ անոնք որոնք իշխանութեան թեր կամ դէմ ըլլալով շահախնդրուած չեն: Նամակագիրը գրականութեամբ զբաղող կին է, ամուսինը՝ գիտաշխատող: Զինուոր զարմիկ թաղած է: Քաղաքական տեսութիւններ չի յայտներ, բայց կը յուսայ, որ «գոնէ գործող պիղծից ազատուենք մինչեւ տարին աւարտուի»: Դիրքի տիրանալու ցանկութիւն չունի, այլ միայն՝ «պիղծից ազատուել»-ու:
Հայաստանեան մամուլին մէջ կարդացի Արարատի մարզի հոգեւոր տեսուչ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանի խօսքը: Կարծէք ֆրանսացի իմաստասէր Տէքարթի աշակերտը ըլլար: Տէքարթ կ’ըսէր, որ «ողջախոհութիւնը աշխարհի լաւագոյն բաժնուած բանն է»: Սրբազանը կ’ըսէ. «Ողջախոհութիւնը յուշում է, որ ազգային անվտանգութիւնը, ազգի լինելիութեան խնդիրը չեն կարող քաղաքական փառամոլ նկրտումների հարց դառնալ ո՛չ իշխանութեան եւ ո՛չ էլ ընդդիմութեան համար»։
Երեք միտքեր կան, որոնք պէտք է առաջնորդեն, առաջնորդէին, իշխանութեան ղեկին ետին գտնուողները, առաջին հերթին, ապա նաեւ ընդդիմութիւնը. ազգային անվտանգութիւն, ազգի լինելութիւն եւ փառամոլ:
Օրուան ղեկավարութեան պարտականութիւնն է ապահովել ազգի անվտանգութիւնը: Բացորոշ իրականութիւն է, որ ղեկավարութիւնը չէ յաջողած այդ ընել, ի՛նչ ալ եղած ըլլան պայմանները եւ պատճառները, արդարացուցիչ կամ ոչ: Ի վերջոյ, իրականութիւններ կան, զորս կարելի չէ շրջանցել լեզուական ճապկումներով: Երկրի մը պարտութեան եւ ձախողութեան մեղքը կը ստանձնէ օրուան ղեկավարութիւնը, ան կ’արձանագրուի իր հաշուեկշիռին վրայ: Կը փճացնէ իր վարկը: Այսինքն անկարելի կը դարձնէ վերականգնումի յոյսը, եթէ նորը չգայ, վերանորգման յոյս բերելով:
Ազգի լինելութեան գաղափարը աւուր պատշաճի քարոզի զարդ չէ: Ան կ’ընդգրկէ ազգի գոյութեան համար անհրաժեշտ բոլոր նիւթաբարոյական ազդակները. հայրենի տարածքը, ժողովուրդի կեանքը, բանակը, տնտեսութիւնը, նոր սերունդի կրթութիւնը, ինքնութիւն կերտող մշակոյթը իր բոլոր արտայայտութիւններով: Ի՞նչ կ’ըսէ հաշուեկշիռը. օրուան իշխանութիւնը կորսնցուցած է տարածքներ, հազարաւոր երիտասարդներ զոհուած են, բանակը բարոյալքուած է եւ զրկուած արդիական սպառազինումէ, ազգային կրթութեան համակարգը գլխիվայր շրջուած է, անապահովութեան պայմաններու մէջ տնտեսութեան մէջ ներդրումներ չեն ըլլար:
Այս պայմաններուն մէջ իշխանափոխութիւնը կը բերէ վերականգնումի յոյս, որ պարտութեան հոգեխոցին (trauma) դարման կրնայ ըլլալ: Այս պատճառով ալ, ձախողած կամ պարտուած ղեկավարներ կը փոխարինուին նորերով, որոնք նամակագիրիս գործածած պիղծը չեն ունենար որպէս բնորոշում:
Սրբազանը խօսած է փառամոլ նկրտումներու մասին: Եթէ իշխանութիւնը ծառայութիւն է, ան ինքզինք տեւաբար պէտքէ սրբագրէ փառամոլական ախտէ, ինչ որ եղած է եւ է փորձութիւնը ամէն բնոյթի իշխանութիւններու, թաղապետութենէ նախագահութիւն, եկեղեցիներ, կուսակցութիւններ: Բայց ազգի իրաւ ծառան, ճակատագրական պահուն, պիտի գիտնայ յաղթել փառամոլութիւնը (աւելի ցած մակարդակներու ցուցամոլիկութիւնները) եւ տեղը տալ նորին, որպէսզի մէկտեղուին ուժերը, յոյսը եւ կամքը:
Այսօր Հայաստան ընկճուած է թշնամիին դէմ, ընտանիքներ սգաւոր են: Բնական է որ ժողովրդական դատումը յանցաւոր համարէ օրուան իշխանութիւնը, որ գտնուած է ղեկի ետին:
Նոր իշխանութիւնը վերականգնումի հաւատքը պարտի բերել: Այս է անհրաժեշտը: Հինը այդ չի կրնար ընել: Նորը կը յաջողի՞: Այդ ալ ժամանակը ցոյց կու տայ:
Հայաստանի իւրայատուկ կացութեան մէջ, նախնականութիւն է կարմիր լաթի վերածել, ինչպէս կ’ըսուի, նախկիններու վերադարձի սարսափը: Պարտուածներով կարելի չէ վերականգնիլ, նախկինները ըստ ամենայնի մերժել ամբոխավարական հիւանդութիւն է:
Ես հարց կու տամ, որ Հայաստանի երեք միլիոնը եւ հայութեան տասը-տասնըհինգ միլիոնը այնքա՜ն չորցած են, որ նոր եւ վերանորոգուած ղեկավարութիւն մը չեն կրնար յառաջացնել: Երբ կը խօսինք նախկիններու եւ անոնց սխալներուն մասին, կը յիշեմ ֆրանսացի մեծ գիտնական-իմաստասէր Ժան Ռոսթանը, որ ըսած է. «Ճշմարտութիւնը՝ թառած իր սխալներու դէզին վրայ»: Այսինքն սխալները սրբագրութեամբ յաջողութեան ճամբայ կը բանան:
Այսօր Հայաստան եւ հայութիւն վերականգնումի հրամայականին առջեւ կանգնած են, որուն համար հարազատ եւ վաւերական յեղափոխականի հաւատք պէտք է, այնպէս ինչպէս այդ բանաձեւած է ֆրանսացի իմաստասէր Ալէն. «Հաւատքը առաջնահերթ առաքինութիւնն է, յոյսը սոսկ երկրորդն է, քանի որ հարկ է սկսիլ առանց ոեւէ յոյսի, յոյսը կու գայ աճէն եւ յառաջդիմութենէն»: Այսինքն՝ հաւատքը կը սնուցանէ յոյսը:
Ղեկավարը իրեն հետ պիտի բերէ ՀԱՒԱՏՔ, իմաստասէրի բացած ուղիով:
Բայց նաեւ մեր բանաստեղծի հնչեցուցած հաւատքով, որ ազգային իրաւ քաղաքականութեան խտացած պատգամ է.
Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում‚
Բայց մեզ էլ գիտենք –
Մեզ հա՜յ են ասում։
Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք…
Կա՛նք: Պիտի լինե՛նք: Ու դեռ – շատանա՜նք:
(Պարոյր Սեւակ)
Հաւատքի օրակարգ. շատանա՜նք: Տասնըհինգ միլիոն հայրենատէրերով եւ անոնց բոլոր կարողութիւններով:
Այս հաւատքը եւ այս յոյսը ներշնչող ղեկավարութիւն կը սպասէ ազգը, որպէսզի վերականգնի:
Ղեկավարութիւն՝ որ բարեկամի եւ թշնամիի ըսէ եւ կենսագործէ բանաստեղծի մարգարէական կանչը.
Կա՛նք: Պիտի լինե՛նք: Ու դեռ – շատանա՜նք:
Այդ կ’ըլլայ՝ միացումով, հայրենի տարածքներու իւրաքանչիւր թիզ հողի բնակեցումով եւ հայրենադարձութեամբ:


