Լրահոս

Զուիցերիոյ Խորհրդարանականները Ի Նպաստ Արցախահայութեան  

 

ՊԵՌՆ․- Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ 26 Մայիսին իր աշխատանքներուն պիտի սկսի « Զուիցերիոյ խաղաղութեան նախաձեռնութեան» աջակցող 19 պատգամաւորներէ կազմուած միջկուսակցական յանձնախումբը` օժանդակելու արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացման համար միջազգային անհրաժեշտ գործիքակազմերը կենսագործելու մասին` Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատի 18 Մարտի որոշումին, որ երկրի գործադիր իշխանութեան համար ունի իրաւակիրառ պարտադիր նշանակութիւն:

«Նախաձեռնութեան նպատակն է աջակցիլ Զուիցերիոյ յանձնառութեանը` հնարաւորութիւն տալու Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներու միջեւ բաց երկխօսութեան` միջազգային վերահսկողութեան ներքոյ կամ միջազգային նշանակալի դերակատարներու ներկայութեամբ` բանակցելու պատմականօրէն բնակուած հայ բնակչութեան անվտանգ եւ համատեղ վերադարձի շուրջ: Միջկուսակցական լայն աջակցութիւն ունեցող յանձնախումբը կը գլխաւորէ Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի պատգամաւորներ Էրիխ Ֆոնթոպելը եւ Շթեֆան Միւլըր-Ալտերմաթը: Միջոցառման ընթացքին ելոյթներ ունեցան յանձնախմբի համանախագահները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքների պաշտպանութեան յանձնախմբի նախագահ Վարդան Օսկանեանը, Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնի տնօրէն Վարդան Թադէոսեանը, Զուիցերիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի գլխաւոր քարտուղար Սարգիս Շահինեանը եւ Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութեան կազմակերպութեան հանրային հարցերով տնօրէն դոկտ․ Ժոէլ Ֆելտքամփը: www.swisspeacekarabakh.com հասցէով կը գործէ յանձնախումբի պաշտօնական կայքը», կը տեղեկացնէ հաղորդագրութիւնը։

Մինչ այդ, Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի կարգ մը ներկայացուցիչներ Երեւանի մէջ, 15 Մայիսին հանդիպում ունեցան Զուիցերիոյ Ազգային խորհրդարանի երեսփոխան Էրիխ Ֆոնթոպելի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այնպիսի հարցեր, որոնց կարգին են արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը, անոնց ընկերային վիճակը եւ այն հարցերը, որոնց արցախցիները ամէն օր դէմ յանդիման կը գտնուին:

Ֆոնթոպել հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ` Արցախի շուրջ խաղաղ երկխօսութիւն յառաջ մղելու նպատակով։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button