Զուիցերիացի Պատգամաւորներ Այցելեցին Ջերմուկ

0 0
Read Time:1 Minute, 27 Second

Վերջերս Հայաստան այցելած են Զուիցերիոյ Համադաշնութեան Ազգային խորհուրդի պատգամաւորները։ Անոնք յատուկ առաքելութեամբ մը, ժամանեցին Ջերմուկ, որ Սեպտեմբեր 13-ին բուռն կերպով ռմբակոծուեցաւ ատրպէյճանական զինուժին կողմէ:

«Մեծ ցաւ կ՛ապրիմ, երբ կը տեսնեմ, թէ ի՛նչ ըրած են ատրպէյճանցիները Ջերմուկի մէջ: Անոնք օգտագործած են այս խաղաղ վայրը՝ ժողովուրդին մէջ ահաբեկչութիւն տարածելու համար: Ինծի համար սարսափելի է այս բոլորը տեսնելը», ըսաւ զուիցերացի պատգամաւոր, Զուիցերիա-Հայաստան պատգամաւորական խումբի համանախագահ Շթեֆան Միւլըր-Ալթերմաթ:

«Ժընեւի մէջ ընդունած ենք բանաձեւ, որուն մէջ դատապարտած ենք Սեպտեմբեր 13-14-ի ատրպէյճանական յարձակումը: Ասիկա առաջին մակարդակն է: Այժմ մենք պէտք է յառաջ երթանք՝ Դաշնակցային ժողով. ասիկա կարեւոր է: Ասիկա կը վերաբերի ոչ միայն Զուիցերիոյ, այլ նաեւ՝ ամբողջ Եւրոպային, որովհետեւ մենք ունինք նոյն արժէքները՝ ժողովրդավարութիւն, մարդու իրաւունքներ եւ միջազգային իրաւունք», ըսաւ Շթեֆան Միւլըր-Ալթերմաթ կարեւորելով, որ իրենք Ջերմուկ կ՛այցելեն դէպքերէն շատ կարճ ժամանակ ետք։ Այս մէկը փաստ մըն է, որ իրենք կանգնած են ոչ միայն խորհրդարանական գործընկերներուն, այլ նաեւ՝ հայ ժողովուրդի կողքին:

Պատգամաւորները կարեւոր նկատեցին տեղի ունեցածը իռենց աչքերով տեսնելը եւ այդ բոլորին մասին տեղեկատուութիւնը գործընկերներուն փոխանցելը:

«Ատրպէյճանցիները, կիրարկելով տարբեր տրամաչափի եւ հեռաւորութեան զէնքեր, վնասած են առողջարանային քաղաքի ենթակառուցուածքները: Վնասուած են Ջերմուկի առողջարանը, պանդոկները, ճամբաները: Հարուածներ հասցուած են նաեւ Կեչուտի գերեզմանատան՝ այդ ձեւով փորձելով նաեւ հոգեբանական ազդեցութիւն գործել տեղւոյն բնակչութեան վրայ: Հակառակորդը գործածած է նաեւ այնպիսի ռումբեր, որոնք արգիլուած են միջազգային ուխտերով», եզրափակեցին այցելուները:

Միւս կողմէն, Ժընեւի նահանգային մեծ խորհուրդը Հոկտեմբեր 14-ին քննարկեց եւ որդեգրեց «Հայաստանի գոյատեւման համար» Զուիցերիական ընկերվարական կուսակցութեան եւ Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութեան շարք մը անդամներու կողմէ միասնաբար նախաձեռնած բանաձեւը: Այս բանաձեւով Զուիցերիոյ դաշնակցային խորհրդարանին կոչ կ՛ուղղուի` դատապարտելու Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ գործուած յարձակումը, ձեռնարկելու քայլերու, որպէսզի Ատրպէյճանի գործողութիւնները չֆինանսաւորուին Զուիցերիոյ մէջ Ատրպէյճանական ուժանիւթի վաճառքէն ստացուող եկամուտներէն:

Նաեւ, կոչ կ՛ուղղուի ճանչնալու Արցախի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը եւ կարելին ընելու հայ պատերազմական գերիներու հայրենադարձման համար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles