ԶՈՒԱՐԹ ՏԳԻ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ

0 0
Read Time:16 Minute, 3 Second

var ՎԱՐ­ԴԱՆ ՄԱՏ­ԹԷ­ՈՍ­ԵԱՆ

Անց­եալ Ապ­րիլ 27-ին, Սփիւռ­քի նուիր­ուած գի­տա­ժո­ղով մը տե­ղի ու­նե­ցած է Հա­րա­ւա­յին Գա­լի­ֆորն­իոյ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ` Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան Արեւմտ­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Կեդր. Կո­մի­տէ­ին, եւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ հա­մալ­սա­րա­նի Հա­յա­գի­տա­կան Հիմ­նար­կին, Հայ Մշա­կու­թա­յին Հիմ­նար­կու­թեան եւ “Ար­մինի­ըն Ռի­վիւ“ հա­յա­գի­տա­կան հան­դէ­սին:

Դա­տե­լով մա­մու­լի լրա­տուու­թիւն­նե­րէն եւ հոն խմբուած անուն­նե­րու ցան­կէն, առն­ուազն ու­շագ­րաւ գի­տա­ժո­ղով մըն էր: Մաղ­թե­լի է, որ ու­սա­նե­լի եղած ըլ­լայ ունկն­դիր­նե­րուն հա­մար, Սփիւռ­քի ներ­կայ հանգր­ուա­նին կարգ մը իրո­ղու­թիւն­նե­րու անդ­րա­դարձ­ներ կա­տա­րե­լու եւ քա­րա­ցած մտայ­նու­թիւն­ներ թօ­թա­փե­լու հա­մար:

Սոյն յօդ­ուա­ծով կ՛ու­զենք անդ­րա­դառ­նալ դառ­նա­համ պա­տա­ռի­կի մը, որ ար­ձա­նագր­ուած է լու­սանց­քի վրայ: Ար­դա­րեւ, քա­նի մը օր ետք, մաս­նա­կից զե­կու­ցա­բեր մը կը հա­ղոր­դէր.-

“Լոս Ան­ճե­լը­սի Սփիւռ­քի գի­տա­ժո­ղո­վէն “լա­ւա­գոյն“ թե­լադ­րու­թիւնը` ունկն­դիր­նե­րէն մէ­կուն կող­մէ. քա­նի որ հա­յե­րէ­նի ուղ­ղագ­րու­թիւնը դժուար է, իսկ հա­յե­րէն այ­բու­բե­նը առ­ցանց չի գոր­ծած­ուիր, ին­չո՞ւ հայ­կա­կան այ­բու­բե­նը չջնջենք եւ լա­տի­նա­կան այ­բու­բե­նը չսկսինք գոր­ծա­ծել, ինչ­պէս մեր դրա­ցին ըրած է… Իսկ ան լուրջ էր…“:

Մեր նա­մա­կա­գի­րը մէջ­բե­րու­մը ըրած էր “Western Armenian spelling“ գրե­լով, իսկ ու­րիշ մաս­նա­կից մը յայտ­նած է, թէ խօ­սո­ղը պար­զա­պէս “Armenian spelling“ ըսած է: Ըստ էու­թեան, երկ­րոր­դա­կան է—թէ­եւ “արեւմ­տա­հա­յե­րէն ուղ­ղագ­րու­թիւն“ կոչ­ուա­ծը գո­յու­թիւն չու­նի—, ինչ­պէս եւ երկ­րոր­դա­կան կը նկա­տենք, որ ար­տա­յայ­տուո­ղը ամե­րի­կա­ծին հայ մը եղած ըլ­լայ: Այ­սօր, երբ լի­բա­նանա­հայ հա­յա­խօս մայ­րեր իրենց զա­ւակ­նե­րը օտար վար­ժա­րան կը տե­ղա­ւո­րեն եւ սար­սա­փա­հար կ՛ընդ­դի­մա­նան, երբ վեր­ջինս կը փոր­ձէ կազ­մա­կեր­պել հա­յե­րէ­նի դա­սըն­թացք­ներ, ո՛չ ոք իրա­ւունք ու­նի ան­մե­ղու­թեան պատ­մու­ճան հագ­նե­լու եւ առա­ջին քա­րը նե­տե­լու “ձուլ­ուած“ կամ “այ­լա­սե­րած“ հա­յե­րու վրայ:

Բնա­կա­նա­բար, սո­վո­րա­կան պա­տաս­խա­նը պի­տի ըլ­լար ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ամ­բողջ զի­նա­նո­ցին վկա­յա­կո­չու­մը` “դա­րե­րու դի­մաց կե­ցող ապա­ռաժ“ Օշա­կա­նի սուր­բէն մին­չեւ անա­պա­տին մէջ հա­յե­րէն տա­ռե­րը իրենց զա­ւակ­նե­րուն սոր­վեց­նող առաս­պե­լա­կան մայ­րե­րը: Նոյ­նիսկ մարդ կրնար նշել, որ մեր դրա­ցին(երը) օտար այ­բու­բեն մը փո­խա­րի­նած են ու­րիշ օտար այ­բու­բե­նով մը, մինչ Գա­լի­ֆորն­իոյ մեր “լուրջ“ մտա­ծո­ղը—եւ ո՞վ գի­տէ` քա­նի՜ լուռ մտա­ծող­ներ—մե­զի կը թե­լադ­րէ, որ մեր այ­բու­բե­նը փո­խա­րի­նենք օտար այ­բու­բե­նով մը: Ի դէպ, ասի­կա առա­ջին ան­գա­մը չէ, որ նման առա­ջարկ հրա­պա­րակ կը նետ­ուի` գրա­ւոր կամ բա­նա­ւոր:

Սա­կայն, գի­տա­կից ենք, որ նման հռե­տո­րա­կան զե­ղում­ներ եւ յու­զում­նա­թա­թաւ վկա­յու­թիւն­ներ կը պատ­կա­նին… անց­եալ հա­զա­րամ­եա­կին, եւ ոչինչ կ՛ար­ժեն փաս­տի ու տրա­մա­բա­նու­թեան առ­ջեւ, պայ­մա­նաւ, որ փաստ ու տրա­մա­բա­նու­թիւն իրա­պէս շղթայ­ուած ըլ­լան իրա­րու:

Ար­դա­րեւ, մար­դիկ եր­բեմն կը կար­ծեն, որ փաս­տա­կան տու­եալ մը իրենց կար­ծի­քը տրա­մա­բա­նա­կան կը դարձ­նէ: Բայց, ինչ­պէս գի­տենք, եթէ ըսենք, որ “բո­լոր մահ­կա­նա­ցու­նե­րը կը մեռ­նին“ եւ “որոշ մահ­կա­նա­ցու­ներ մարդ են“, եզ­րա­կա­ցու­թիւնը` “որոշ մար­դիկ կը մեռ­նին“, տրա­մա­բա­նօ­րէն ճիշդ է ու փաս­տօ­րէն` սխալ:

Ըն­թեր­ցո­ղը թե­րեւս մտա­ծէ, թէ չ՛ար­ժեր պա­տաս­խան տալ բա­նա­ւոր կար­ծի­քի մը, որ գու­ցէ պա­տաս­խա­նող կամ հա­կա­ճա­ռող ու­նե­ցած ըլ­լայ տեղ­ւոյն վրայ: 1929-էն, երբ Շա­հան Շահ­նու­րի վէ­պին հե­րո­սը “կը նա­հան­ջէ լե­զուն, կը նա­հան­ջէ լե­զուն“ տո­ղե­րը ար­տա­բե­րած էր, մին­չեւ Փետր­ուար 2010, երբ ԻՒ­ՆԵՍ­ՔՈն արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կ՛ընդգր­կէր “վտանգ­ուած լե­զու­ներ“ու շար­քին, մա­մու­լէն ու բե­մե­րէն ան­դադ­րում խօս­ուած էր լեզ­ուա­կան ան­հե­տա­ցու­մի վտան­գի մա­սին: Բայց վեր­ջին երեք տա­րի­նե­րուն, օտա­րին մատ­նան­շու­մը կար­ծէք թէ անհ­րա­ժեշտ էր, որ­պէս­զի յան­կարծ նիւ­թը հան­րա­յին հնչե­ղու­թիւն ստա­նար եւ ամէն ոք‘ իմաս­տու­նէն մին­չեւ խեն­թը, իր ճշմար­տու­թիւնը յայտ­նե­լու ել­լէր:

Այս ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ մար­դիկ ազա­տօ­րէն իրենց խել­քէն ան­ցա­ծը հրա­պա­րակ կը նե­տեն, եր­բեմն խեն­թե­րուն նե­տած քա­րը աւե­լի ար­ժէ­քա­ւոր ճիգ մը կը հա­մար­ուի, քան հա­րիւր իմաս­տուն­նե­րու ջան­քը` զայն փո­սէն հա­նե­լու: Այո՛, “երբ չի մնում ելք ու ճար / խեն­թերն են գտնում հնար“, բայց ասի­կա չի նշա­նա­կեր, որ եթէ Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տա­մար­տի նա­խօր­եա­կին այ­լընտ­րանք չկար, քան “խենթ“երուն առա­ջար­կա­ծը, լեզ­ուա­կան հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին կա­րե­լի է մի­եւ­նոյն օրի­նա­կով առաջ­նորդ­ուիլ:

Այն հա­մո­զու­մով, որ հա­յե­րէ­նը լա­տի­նա­տառ գրե­լու առա­ջար­կը խեն­թե­րու նե­տած քա­րե­րուն շար­քին կը պատ­կա­նի, զայն պի­տի քննենք մաս առ մաս.

1) “Քա­նի որ հա­յե­րէ­նի ուղ­ղագ­րու­թիւնը դժուար է…“

Հա­յե­րէ­նի ուղ­ղագ­րու­թիւնը աւե­լի դժուար չէ, քան անգ­լե­րէ­նի, ֆրան­սե­րէ­նի, սպա­նե­րէ­նի կամ գեր­մա­նե­րէ­նի ուղ­ղագ­րու­թիւնը: Այ­լա­պէս, անհ­րա­ժեշտ է բա­ցատ­րել, օրի­նակ, թէ`

ա) Ին­չո՞ւ անգլ­ի­ա­խօս մար­դիկ կրնան սոր­վիլ ՉՈՐՍ այ­լընտ­րանք` ՄԷԿ հնչիւն գրե­լու հա­մար: Օրի­նակ`

cheese (պա­նիր), որ կը հնչուի t/i:z (չիզ)

please (հա­ճո­յա­նալ) – pli:z (փլիզ)

sleaze (ան­պար­կեշտ) – sli:z (սլիզ)

freeze (սա­ռեց­նել) -fri:z (ֆրիզ)

բ) Ին­չո՞ւ հա­յա­խօս մար­դիկ չեն կրնար սոր­վիլ ԵՐ­ԿՈՒ այ­լընտ­րանք` ՄԷԿ հնչիւն գրե­լու հա­մար: Օրի­նակ`

սէր – ser

սեր – ser

Ի դէպ, մարդ կրնայ հարց տալ, թէ ին­չո՞ւ, յա­ռաջ­դի­մու­թեան ջա­տա­գով Ամե­րի­կա­յի մէջ, ո՛չ ոք ցարդ մտա­ծած է չորս տա­ռա­խում­բե­րը` ees, eas, eaz, eez, մի­աց­նել ու դարձ­նել, ըսենք, eez, իսկ “յա­ռաջ­դի­մա­կան“ խորհր­դա­հայ ուղ­ղագ­րու­թիւնը պէտք ու­նէր բա­ռա­մէ­ջի e-ն դարձ­նել ե եւ մին­չեւ այ­սօր այդ “հան­ճա­րեղ“ քայ­լով հպար­տա­նա­լու:

2) “…Իսկ հա­յե­րէն այ­բու­բե­նը առ­ցանց չի գոր­ծած­ուիր…“

Եթէ խօս­քը հա­յե­րէն իմա­ցո­ղին մա­սին է (հա­յե­րէն չի­մա­ցո­ղը չի կրնար գոր­ծա­ծել իր չգիտ­ցա­ծը), պատ­ճա­ռը հա­յե­րէն կայ­քէ­ջե­րու կամ տա­ռա­տե­սակ­նե­րու պա­կա­սը չէ: Մենք եր­կու հիմ­նա­կան պատ­ճառ­ներ կը տես­նենք`

ա) Մար­դիկ չեն յօ­ժա­րիր հա­յե­րէն մե­քե­նագ­րու­թիւն սոր­վիլ.

բ) Մար­դիկ չեն յօ­ժա­րիր հա­յե­րէ­նի իմա­ցու­թիւնը բա­րե­լա­ւել` իրենց ուղ­ղագ­րա­կան սխալ­նե­րուն ցու­ցադ­րու­թիւնը կան­խե­լու հա­մար:

Այս­պէս, անոնք կը պահ­ուը­տին լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէ­նի բա­զում սար­քո­վի տար­բե­րակ­նե­րու կամ, այ­լա­պէս, իրենց ապ­րած երկ­րին կամ իրենց գիտ­ցած երկ­րորդ լեզ­ուին ետին, մա­նա­ւանդ երբ այ­սօր որե­ւէ հա­մա­կար­գիչ, շնոր­հիւ Unicode չա­փո­րո­շի­չին (standard), հա­յե­րէն գրե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւնը կը կրէ: (Ի դէպ, նոյ­նը կը պա­տա­հի “դիւ­րա­ցած“ ուղ­ղագ­րու­թեամբ գրող Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր արե­ւե­լա­հա­յե­րէն իմա­ցող­ներ կը նա­խընտ­րեն լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէն գրել կամ անգ­լե­րէն “ջար­դել“ իրենց հա­յա­խօս ու հա­յա­գիր սփիւռ­քա­հայ թղթա­կից­նե­րուն ի պա­տաս­խան):

3) “… Ին­չո՞ւ հայ­կա­կան այ­բու­բե­նը չջնջենք եւ լա­տի­նա­կան այ­բու­բե­նը չ՛սկսինք գոր­ծա­ծել ինչ­պէս մեր դրա­ցին ըրած է…“

Մեր “դրա­ցին(երուն)  ըրած“ը կը պա­հան­ջէ կարգ մը լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ.

1) Թուրք­իա (= Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Աթա­թիւրք) 1920ական թուա­կան­նե­րուն լա­տի­նա­կան տա­ռե­րը որ­դեգ­րած ու հա­զար տա­րի գոր­ծած­ուած արա­բա­կան տա­ռե­րէն ձեր­բա­զատ­ուած է: Թրքե­րէն լեզ­ուին ըն­ծա­յե­լու հա­մար այ­բու­բեն մը, որ աւե­լի յար­մա­րէր ձայ­նա­ւոր­նե­րու անոր առա­տու­թեան: Այս խնդի­րը ար­ծարծ­ուած էր 1860ական թուա­կան­նե­րէն Օս­ման­եան կայս­րու­թեան մէջ:

Բայց բուն պատ­ճառ­նե­րը հե­տեւ­եալ­ներն էին.

ա) Թուրք­իոյ Հան­րա­պե­տու­թիւնը (իբ­րեւ թէ) օս­ման­եան ժա­ռան­գու­թե­նէն ան­ջա­տել.

բ) Թուրք­ի­ան իս­լա­մա­կան (կրօ­նա­կան) աշ­խար­հէն ան­ջա­տել եւ աշ­խար­հա­կան Եւ­րո­պա­յին մեր­ձեց­նել.

2) 1926-1939ին Ատր­պէյ­ճան արա­բա­կան այ­բու­բե­նը փո­խա­րի­նած է լա­տի­նա­կան այ­բու­բե­նով‘ իս­լա­մա­կան աշ­խար­հէն հե­ռա­նա­լու եւ Թուրք­իոյ մեր­ձե­նա­լու հա­մար, բայց Ստա­լին այդ մտադ­րու­թիւնը կան­խած եւ կիւ­րեղ­եան այ­բու­բե­նը պար­տադ­րած է Խորհր­դա­յին Միու­թեան բո­լոր թրքա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն` 1939ին:

Ատր­պէյ­ճան կիւ­րեղ­եան այ­բու­բե­նը 1991ին փո­խա­րի­նած է լա­տի­նա­կա­նով, ու վեր­ջինս վերս­տին փո­փո­խու­թեան են­թար­կած է 1992ին:  Ին­չո՞ւ. ռու­սա­կան աշ­խար­հէն հե­ռա­նա­լու եւ Թուրք­իոյ մեր­ձե­նա­լու հա­մար:

3) Ի բաղ­դա­տու­թիւն, 1922ին հա­յե­րէ­նի ուղ­ղագ­րու­թիւնը “բա­րե­փոխ­ուած“ է Հա­յաս­տա­նի մէջ` ուղ­ղագ­րու­թեան խնդի­րը լու­ծե­լու պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ: Հա­յաս­տա­նի Լու­սա­ւո­րու­թեան (Կրթու­թեան) կո­մի­սար (1921-1922) Պօ­ղոս Մա­կինց­եան խոս­տո­վա­նած է 1924ին, թէ ան ուղղ­ուած էր ան­ցու­մա­յին շրջան մը ստեղ­ծե­լու` լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէ­նի ճա­նա­պար­հին, աւելց­նե­լով, որ եթէ այդ նպա­տա­կը պի­տի չի­րա­կա­նա­նար, ուղ­ղագ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւնը աւե­լորդ էր:

Հե­տե­ւա­բար, բա­ցա­յայտ է, որ ուղ­ղագ­րու­թեան խնդրին լու­ծու­մը պատր­ուակ էր (ինչ­պէս եւ թրքա­կան եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան 1920ական­նե­րու փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն պատր­ուա­կը), իսկ քա­ղա­քա­կան նպա­տա­կը` անց­եա­լի աւան­դու­թե­նէն ան­ջա­տու­մը եւ Սփիւռ­քէն հե­ռա­ցու­մը, մինչ լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէ­նի ծրագր­ուած որ­դեգ­րու­մը կոչ­ուած էր նուի­րա­գոր­ծե­լու ան­վե­րա­դարձ խզում մը: 1940ի մաս­նա­կի փո­փո­խու­թիւնը ո՛չ ան­ջա­տու­մը եւ ո՛չ ալ հե­ռա­ցու­մը դար­մա­նե­լու կոչ­ուած կրնար ըլ­լալ, ի մաս­նա­ւո­րի` Ստա­լի­նի բռնա­տի­րու­թեան օրե­րուն: Անոր բնոյ­թը ար­դէն կը մատ­նէ նման նպա­տակ­ներ ու­նե­ցած չըլ­լա­լը:

Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը ժա­ռան­գած է խորհր­դա­յին վար­չա­կար­գի պար­տադ­րած ուղ­ղագ­րու­թիւնը` “անգ­րա­գի­տու­թեան“ խրտուի­լա­կը ծա­ծա­նե­լով: Մեր արե­ւել­եան դրա­ցի­նե­րը, ըստ երե­ւոյ­թին, կրնան ան­կա­խա­նալ ու այ­բու­բեն փո­խել (յա­ջորդ տա­րին ալ` ներ­քին բա­րե­փոխ­ման են­թար­կել) եւ իս­կա­կան անգ­րա­գի­տու­թեան վտան­գի տակ դնել իրենց ժո­ղո­վուր­դը, բայց մենք—որ հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան կո­թող­նե՜­րը կը թարգ­մա­նէ­ինք, երբ “անոնք“ Կեդ­րո­նա­կան Աս­իա թա­փա­ռող վայ­րե­նի­ներ էին—չենք կրնար ան­կա­խա­նալ եւ  ուղ­ղագ­րու­թիւն փո­փել, ապա թէ ոչ մեր ժո­ղո­վուր­դը “անգ­րա­գէտ“ կը դառ­նայ: Անց­եա­լի քա­ղա­քա­կան պար­տադ­րան­քին վե­րա­ցու­մը կը պա­հան­ջէ(ր) նոյն­պէս քա­ղա­քա­կան որո­շում մը, որ դժբախ­տա­բար ներ­կա­յիս իրա­տե­սա­կան ամէն հաշ­ուար­կէ շատ հե­ռու կը գտնուի:

* * *

Վե­րա­դառ­նա­լով լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէ­նի առա­ջար­կին, եթէ խնդրին լու­ծու­մը այն­քան դիւ­րին ըլ­լար, մարդ կրնայ հարց տալ, թէ ին­չո՞ւ հա­յե­րէ­նը լա­տի­նա­տառ չէր դար­ձած հինգ դա­րե­րու ըն­թաց­քին‘ Ք.Ա. 1-ին դա­րուն եւ Ք.Ե. 4րդ դա­րուն մի­ջեւ, երբ լա­տի­նա­կա­նը ժա­մա­նա­կի ամե­նէն հզօր կայս­րու­թեան հա­սա­րա­կաց լեզ­ուին (lingua franca) այ­բու­բենն էր: Ին­չո՞ւ հա­յերս պէտք ու­նե­ցած ենք Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ծնուն­դին սպա­սե­լու` մեր լե­զուն գրի առ­նե­լու հա­մար… ո՛չ լա­տի­նա­կան տա­ռե­րով

Կարճ պա­տաս­խա­նը այն է, որ լա­տի­նա­կան այ­բու­բե­նը բա­ւա­րար չէ հա­յե­րէ­նի բո­լոր հնչիւն­նե­րը ար­տա­յայ­տե­լու: Պար­զու­նակ փաստ մը կը բա­ւէ. հա­յա­գի­տու­թեան մէջ գոր­ծա­ծուող ու երեք լեզ­ուա­բան­նե­րու` Հայն­րիխ Հիւպշ­մա­նի, Անթ­ուան Մէ­յէի եւ Էմիլ Պէն­վէ­նիս­տի ներդ­րու­մով ծա­նօթ տա­ռա­դար­ձու­թիւնը (որ, ոչ-գիտ­նա­կան ըն­թեր­ցո­ղին դժուա­րա­մատ­չե­լի ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով, սո­վո­րա­բար կը փո­խա­րին­ուի հնչիւ­նա­կան տար­բե­րակ­նե­րով) լա­տի­նա­կան այ­բու­բե­նէն տար­բե­րող տասն­հինգ տա­ռան­շան­ներ ու­նի (այ­սինքն` հա­յե­րէն տա­ռե­րու փաս­տօ­րէն 40 առ հա­րիւ­րը), որոնց­մէ եր­կու­քը լա­տի­նա­կան այ­բու­բե­նէն տար­բեր են (“ը“ի եւ “խ“ի հա­մա­զօր­նե­րը) եւ տաս­նե­րե­քը լրա­ցու­ցիչ նշան­ներ ու­նին: Հայ­րե­նի հան­գուց­եալ լեզ­ուա­բան Էդ­ուարդ Աղայ­եան դի­տել տուած է, որ Մաշ­տո­ցի ժա­մա­նակ, լա­տի­նա­կան այ­բու­բե­նը, “որ իր դա­րաշր­ջա­նի ամե­նա­կա­տար­եալ այ­բու­բե­նը կա­րե­լի է հա­մա­րել“, ար­դէն այդ ժա­մա­նակ խո­ցե­լի էր, քա­նի որ “մի­եւ­նոյն տա­ռը տար­բեր պայ­ման­նե­րում տար­բեր էլ հնչիւն­ներ էր ար­տա­յայ­տում“ (2): Նոյն խնդի­րը այ­սօր ալ գո­յու­թիւն ու­նի, եւ որե­ւէ ֆրան­սե­րէն կամ անգ­լե­րէն իմա­ցող կրնայ դիւ­րու­թեամբ օրի­նակ­ներ մտա­բե­րել:

Եր­կար պա­տաս­խա­նը, որուն բա­ցատ­րու­թիւնը կամ ապա­ցու­ցու­մը զանց պի­տի ընենք, հե­տեւ­եալն է.

ա) Այ­բու­բեն մը լե­զու մը գրի առ­նե­լու, այլ` գրաւոր լեզու մը ստեղծելու

կոչ­ուած հա­մա­կարգ մըն է:

բ) Մաշ­տո­ցի նպա­տա­կը հա­յե­րէն լե­զուն գրան­ցել չէր, այլ` հա­յե­րէն գրա­ւոր լե­զուն ստեղ­ծել:

Եթէ մեր լեզ­ուի ճիւ­ղե­րէն մէ­կը լա­տի­նա­տառ այ­բու­բե­նը որ­դեգ­րե­լու ըլ­լար, բնա­կան է նա­խա­տե­սել, որ ԶՈՅԳ լեզ­ուա­ճիւ­ղե­րը` արեւմ­տա­հա­յե­րէն եւ արե­ւե­լա­հա­յե­րէն, իրա­րու ան­հասկ­նա­լի պի­տի դառ­նա­յին, սկիզ­բը‘ ձե­ւով, ապա` բո­վան­դա­կու­թեամբ: Արեւմ­տա­հա­յե­րէն խօ­սող­նե­րը, օրի­նակ, պի­տի չկա­րե­նա­յին կար­դալ հա­յա­տառ գրա­կա­նու­թիւն` գրա­բար, մի­ջին հա­յե­րէն, արե­ւե­լա­հա­յե­րէն կամ… արեւմ­տա­հա­յե­րէն:

Եւ ի՞նչ պի­տի մնար “Մէկ ազգ, մէկ մշա­կոյթ, մէկ լե­զու“ մե­ծադ­ղորդ նշա­նա­խօս­քէն:

Զուարթ տգի­տու­թեան տխուր ցու­ցադ­րու­թիւնը միայն:

Նիւ Ճըր­զի

(1)   Էդ. Բ. Աղայ­եան, Մես­րոպ Մաշ­տոց, Երե­ւան, 1986, էջ 94

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles