“ԶՈՒԱՐԹ­ՆՈՑ“Ը` Ա.Պ.Հ.-Ի ԼԱ­ՒԱ­ԳՈՅՆ ՕԴԱ­ԿԱ­ՅԱ­ՆԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 15 Second

p16 cc  Յուն­ուար 30-ին, Տու­պա­յի մէջ հրա­պա­րակ­ուած են աւե­լի քան քսան ան­ուա­նա­կար­գե­րու մէջ կա­տար­ուած քու­է­ար­կու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը: Կա­յին տար­բեր բա­ժան­մունք­ներ` “Աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն օդա­կա­յան“, “Մի­ջին Արե­ւել­քի լա­ւա­գոյն օդա­կա­յան“, “Եւ­րո­պա­յի լա­ւա­գոյն օդա­կա­յան“ եւ այլն:

Ըստ “Ան­կախ Պե­տու­թիւն­նե­րու Հա­սա­րա­կա­պե­տու­թեան, Ռու­սաս­տա­նի եւ Պալ­թեան եր­կիր­նե­րու լա­ւա­գոյն օդա­կա­յան“ բա­ժան­մուն­քի քու­է­ար­կու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն, Երե­ւա­նի “Զուարթ­նոց“ մի­ջազ­գա­յին օդա­կա­յա­նը լա­ւա­գոյ­նը նկատ­ուած է տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս: “Զուարթ­նոց“ը նկատ­ուած է Ա.Պ.Հ.ի լա­ւա­գոյն օդա­կա­յա­նը “Զար­գա­ցող օդա­կա­յան­նե­րու 2րդ տա­րե­կան հա­մա­ժո­ղով-ցու­ցա­հան­դէս 2013“ին ըն­թաց­քին:

Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հան­դի­սա­ւոր արա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի մրցա­նա­կը ստանձ­նած է “Ար­մեն­իա մի­ջազ­գա­յին օդա­նա­ւա­կա­յան­ներ“ ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր տնօ­րէն Մար­սե­լօ Վեն­տէն:

“Զուարթ­նոց“ մի­ջազ­գա­յին օդա­կա­յա­նի ճամ­բորդ­նե­րուն թիւը 2012-ի առա­ջին վեց ամիս­նե­րուն աճած է` 2011ի տու­եալ­նե­րուն հետ բաղ­դա­տե­լով:

Յուն­ուար-Յու­նիս ամիս­նե­րուն այդ թիւը կազ­մած է 717.999, այ­սինքն` շուրջ 46.000ով աւե­լի է նա­խորդ տար­ուան նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի թիւէն` 670.152:

Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քաց­ի­ա­կան օդա­նա­ւոր­դու­թեան գլխա­ւոր վար­չու­թեան հա­մա­ձայն, 2012-ի Յուն­ուար-Յու­նիս ամիս­նե­րուն Հա­յաս­տան եկած է 384.037 անձ, իսկ 2011ի նոյն ժա­մա­նա­կա­հատ­ուա­ծին` 360.611: Մի­եւ­նոյն ատեն Հա­յաս­տա­նէն մեկ­նած է 333.962 հո­գի, իսկ 2011ին` 309.541:

Նշենք թէ, անց­եալ Հոկ­տեմ­բեր 5ին, կա­տար­ուած էր ժա­մա­նող­նե­րու նոր սրա­հին բա­ցու­մը: Ըստ “Ար­մաւ­իա մի­ջազ­գա­յին օդա­կա­յան­ներ“ ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր հա­մա­կար­գո­ղի տե­ղա­կալ Անդ­րա­նիկ Շխեա­նի, ժա­ման­ման նոր սրա­հը կ՛ա­պա­հո­վէ սպա­սարկ­ման աւե­լի բարձր որակ, պի­տի ու­նե­նայ նոր ծա­ռա­յու­թիւն­ներ, մեկ­նող ու ժա­մա­նող ու­ղե­ւոր­նե­րու սպա­սարկ­ման ծա­ւալ­նե­րը քա­նի մը ան­գա­մով պի­տի աւել­նան:

Նոր սրա­հի տա­րած­քին կը գոր­ծէ դրա­մատ­նա­յին եր­կու մաս­նա­ճիւղ, մաս­նա­գի­տա­ցած բազ­մա­թիւ խա­նութ­ներ եւ ամե­նա­կա­րե­ւո­րը` տա­րած­քին պի­տի գոր­ծէ անվ­ճար ան­լար հա­մա­ցան­ցի հա­սա­նե­լիու­թիւն:

“Զուարթ­նոց“ մի­ջազ­գա­յին օդա­կա­յա­նէն մին­չեւ Երե­ւա­նի մեթ­րո­յի “Չար­բախ“ կա­յա­րան նոր եր­կա­թու­ղի պի­տի կա­ռուց­ուի:

Քննար­կու­մը կա­յա­ցած է նա­խա­րար Գա­գիկ Բեգ­լար­եա­նի, “Ար­մեն­իա մի­ջազ­գա­յին օդա­նա­ւա­կա­յան­ներ“ եւ “Հա­րաւ­կով­կաս­եան եր­կա­թու­ղի“ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ` Մար­սե­լօ Վեն­տէ­յի եւ Վիք­թոր Ռե­պե­ցի մի­ջեւ:

Գա­գիկ Բեգ­լար­եա­նը “Ար­մեն­իա մի­ջազ­գա­յին օդա­նա­ւա­կա­յան­ներ“ եւ “Հա­րաւ­կով­կաս­եան եր­կա­թու­ղի“ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն յանձ­նա­րա­րած է կազ­մա­կեր­պել երկ­կող­մա­նի քննար­կում­ներ, ձեռք բե­րել մի­աց­եալ հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նա­եւ նա­խա­գի­ծին վե­րա­բեր­եալ գրա­ւոր առա­ջարկ­ներ ներ­կա­յաց­նել նա­խա­րա­րու­թեան:

Նա­խա­գի­ծի իրա­կա­նաց­ման հիմ­նա­կան շա­հա­ռու­ներն են Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը, “Ար­մեն­իա մի­ջազ­գա­յին օդա­նա­ւա­կա­յան­ներ“, “Հա­րաւ կով­կաս­եան եր­կա­թու­ղի“ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը եւ Հա­յաս­տա­նի կա­պի եւ փո­խադ­րու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւնը:

Եր­կա­թուղիի կա­ռուց­ման եւ վե­րա­կա­ռուց­ման նա­խագ­ծա­յին-նա­խա­հաշ­ուա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րու մշա­կու­մը կա­տա­րած է “Տրանս­նա­խա­գիծ“ ըն­կե­րու­թիւնը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles