
Յուլիս 1920ին, կառավարութիւնը հաստատեց ակադեմիկոս Ալեքսանտր Թամանեանի կազմած եւ նկարիչ Կոճոյեանի գծած Հայաստանի պետական զինանշանի նախագիծը:
Սիմոն Վրացեան “Հայաստանի Հանրապետութիւն“ գիրքին մէջ, մանրամասնութեամբ կը նկարագրէ այս զինանշանին պատրաստութիւնը:
Արդարեւ, զինանշանի կեդրոնին վրայ տեղ գրաւած էր վահանաձեւ տարածութիւն մը` բաժնուած չորս մասերու: Իւրաքանչիւր մասէ ներս տեղադրուած էին պատմական Հայաստանի չորս անկախ շրջաններուն (Արտաշէսեան, Արշակունեան, Բագրատունեան եւ Ռուբինեան) զինանշանները: Անոնց մէջտեղը տեղ գրաւած էին մեծ եւ փոքր Մասիսները եւ անոնց վերեւ` Հ.Հ. տառերը, այսինքն Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Այս Վահանը բռնած են արծիւ (ձախին) մը եւ առիւծ (աջին) մը: Իսկ վարի` գետնի մասը, տեղ գրաւած են սուր, գրիչ, շղթայ եւ հասկեր:
Այս զինանշանը վիճաբանութեան դուռ բացաւ: Շատեր դժգոհ էին եւ զանազան գաղափարներ ու յղացումներ չէին բաժներ:
Այսպէս, առաջին հերթին կարգ մը պատմաբաններ կը հաստատէին թէ երկգլխեայ արծիւը երբեք չի ներկայացներ պատմութիւն կերտած հերոսներ եւ դէմքեր: Ըստ անոնց, Տիգրան Մեծի օրերուն օգտագործուած թռչունը եղած է աղաւնին:
Այլ պատմագէտներ, պատմութեան ճշմարտութեան եւ իրադարձութիւններուն հետ բաղդատելով, հակասական փաստեր գտած էին: Իսկ, ոմանք դժգոհ էին, ընդհանրապէս զինանշանի գաղափարէն, որովհետեւ ան ծանրացած էր անցեալին վրայ, պահած աւատապետական գաղափարներ եւ երբեք չէր համապատասխանած անկախ Հայաստանի պարզ, յառաջադէմ եւ ժողովրդավար գաղափարներուն: Վերլուծումներ եւ կարծիքներ եղած էին թէ այս զինանշանը կ՛արտայայտէր միապետական եւ աշխարհակալական ձգտումեր:
Այլ արուեստագէտներ իբրեւ արուեստի գործ չէին տպաւորուած: Նոյնիսկ, անձ մը “կատարեալ գազանանոց“ անուանած էր, ակնարկելով թէ օգտագործուած անասուններուն տիպարները, թիւով շատ էին:
Սակայն, օրերը այնքան մը արագ կ՛ընթանային եւ ժամանակ չկար բիւզանդական վիճաբանութիւններ կատարելու, որ պատմական վերլուծումներ եւ գեղագիտական ուսունմնասիրութիւններ կատարելու ժամանակ չկար: Թամանեան եւ Կճոյեան ժամանակ տրամադրած էին եւ ստեղծած գերբը: Հետեւաբար, օրին կառավարութիւնը հաստատեց ներկայացուած նախագիծը: