Լրահոս

ԶԻՆԱԴՈՒԼԻ ԽԱԽՏՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Վերջին քանի մը օրերուն, Արցախի սահմանային շրջաններէն ներս խախտած է զինադուլը: Յատկապէս խախտած է զինադուլը արեւելեան (Ակնա) եւ հարաւարեւելեան (Մարտունի) պաշտպանական շրջաններէն ներս: Միայն Մարտունիի ուղղութեամբ ազերի բանակը հայկական գիծերը ռմբակոծած է 14 անգամ:
Փոխադարձելու համար, Արցախի պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները` յատկապէս Մարտունիի շրջանէն ներս, դիմած են պատժական գործողութիւններու:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button