Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Պէյրութ
Զիմզիմօն դերասան-նկարիչ էր, եւ՝ թափառական: Յատուկ կեդրոն կամ խանութ չունէր: Նկարուող յաճախորդները նախ կուշտ ու կուռ կը խնդացնէր, ապա կը նկարէր, այնպէս որ Զիմզիմոյին նկարներուն մէջ հարուստ ժպիտը անպակաս էր:
- Բերէ՛ք նկար մը իմ նկարածներէս, որուն մէջ եթէ ժպիտ չկայ՝ պատրաստ եմ բերող մարդուն հարիւր նկար ձրի նկարել, – կ’ըսէր, ինքզինքին լուրջ հով մը տալով:
Հարիւր նկար ձրի նկարողը մէկ նկարը դիւրութեամբ կը նկարէ՝ մտքիս մէջ եզրակացնելով, սկսայ հալածել Զոմզիմօն թաղէ թաղ:
- Պարոն Զիմզիմօ, ինծի մէկ նկար ձրի կը նկարե՞ս:
- Կը նկարեմ, կը նկարեմ,- ըսաւ ու քովի թաղը մտաւ քայլերը արագացնելով:
Իսկ ես զինք հալածելով, վազելով մտայ այն թաղը, ուր Զիմզիմօն արդէն հեռուները հասած էր: Վազքս արագացուցի ու հասայ քովը: Մանուկի անմեղութեամբ նորէն հարցուցի.
- Պարոն Զիմզիմօ, ինծի մէկ նկար ձրի կը նկարե՞ս:
- Կը նկարեմ, կը նկարեմ,- ըսաւ ու ճամբան շարունակեց, առանց աջն ու ձախը նայելու:
Ես ալ խնդրանքս շարունակելով կեցայ դէմը ու մանուկի մը միամտութեամբ եւ անհամբերութեամբ, դարձեալ խնդրեցի.
- Պարոն Զիմզիմօ, ինծի մէկ նկար ձրի կը նկարե՞ս:
- Կը նկարեմ…կը նկարեմ…կը նկարեմ…կը նկարեմ:
Բարկացաւ ու նկարչական գործիքը գետին դնելով նկարեց զիս՝ վախը դէմքիս:
Կարծեմ Զիմզիմօն առաջին նկարը նկարեց, ուր ժպիտ չկար, ու պարտուեցաւ գրաւը…ինծի հարիւր նկար պարտական ըլլալով: Իսկ ես առաջին մանուկն էի, որ Զիմզիմոյին պէս կատակասէր, շէն դերասանը բարկացուցեր էի:
Յ.Գ.- Զիմզիմոյին իսկական անունը Յարութիւն էր: Մականունը չեմ յիշեր: