Զգո՜յշ… Վերամուտ

0 0
Read Time:2 Minute, 21 Second
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Հայորդիին համար յիշատակելի պիտի ըլլայ եւ պատմական իմաստ պիտի ունենայ այս տարուան դպրոցական վերամուտը։
Արտասովոր կացութիւնը կլանած է ամբողջ աշխարհը, նաեւ՝ մեզ, հայկական բոլոր գաղութներն ու կրթօճախները, ներառեալ Հայաստանը: Կը տիրէ ընդհանուր անորոշութիւն. «ինչպիսի՞ պայմաններու տակ դպրոց պիտի երթանք» հարցումը կը չարչրկէ բոլորին միտքն ու հոգին:
Պսակաձեւ ժահրին ստեղծած ահաւոր վիճակը եւ անկէ բխող արգելքները անցեալ տարեշրջանի երկրորդ կիսուն  ծանր հարուած մըն էին: Պատուհասը կը շարունակէ սաւառնիլ ամէն տեղ, նոյն տարողութեամբ եւ ազդեցութեամբ, եւ յստակ է որ նեղ կացութեան կը մատնէ թէ՛ ուսանողը, թէ՛ ուսուցիչը, առանց մոռնալու մանուկներու եւ պատանիներու ծնողները:
Առցանց դասաւանդումով՝ «Զում»-ի միջոցաւ, ե-դասարանները կը փորձեն մասամբ դարմանել ստիպողական վիճակին հետեւանքները, դարձած են փրկութեան միակ լաստը։ Արդի արհեստագիտութեան պարգեւած՝ լսատեսողական ուսուցումի այս ձեւը բազմապատիկ ճիգ ու ժամանակ կը խլէ դասատուէն եւ զայն դրած է յատուկ վերաորակաւորման ծրագիրներու հետեւելու հարկադրանքին տակ, որպէսզի կարենայ ղեկավարել առցանց ե-դասարան մը։ Իսկ եթէ հարց տանք, թէ ի՞նչ վիճակուած է մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջին դասարաններուն, պատասխանը մտահոգիչ է, որքա՛ն ալ բարեմիտ ու բաց տրամաբանութեամբ դիտենք արդիականը. թէ՛ սորվելու եւ թէ՛ սորվեցնելու պարտականութիւնը հետզհետէ աւելի անլուծելի դժուարութիւններու դուռ կը բանայ, ստեղծելով անել կացութիւն մը։
Կրկնենք. արտասովոր է այս վերամուտը՝ բոլոր գաղթօճախներուն մէջ։  Շատ աւելի արտասովոր է կացութիւնը սփիւռքահայութեան «բաբախող սիրտ»-ին՝ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր Լիբանանի եւ Սուրիոյ կրթօճախները լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Սուրիոյ մէջ, պսակաձեւ ժահրը վերջին շրջանին շատ արագ տարածում գտած է եւ մեկուսացումի  մղած է կեանքը: Պատուհասը տարբեր երեսներ ունի Լիբանանի պարագային, ուր ժահրի տիրապետութեան վրայ գումարուեցան Օգոստոս 4-ին պատահած՝ նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները:
Արտասովոր է նաեւ մեր մայր հայրենիքի վերամուտը. եթէ պահ մը մէկդի դնենք Սուրիայէն եւ Լիբանանէն ժամանած աշակերտներուն դժնդակ իրավիճակն ու պսակաձեւ ժահրին այլապէս ստեղծած դժուարութիւնները, այս օրերուն սուր բանավէճ կը զարգանայ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան վերամշակուած նոր ծրագիրին շուրջ։ Առցանց կամ սովորական դասաւանդութեան ձեւերը հոս ո՛չ մէկ որոշիչ փոփոխութիւն եւ յառաջխաղացք կը ստեղծեն, այլ հարցադրումի տակ կ’առնուին չափորոշիչներ եւ դեռ, աւելի՛ն, ահազանգ կը հնչեցնէ ՀԱՅՈՐԴԻի մը ՀԱՅԵՑԻ դաստիարակութեան դիտանկիւնէն։
Հարցը լուրջ է, նո՛յնքան լուրջ եւ շատ աւելի հեռահաս հետեւանքներով, որքան ժահրը, կամ նոյնիսկ ապահովութիւնը վտանգող պատահարներ ու յարձակումներ։ Եթէ հայ զինուորն ու ժահրին դէմ պայքարող բժիշկը ամէն ճիգ կը թափեն թշնամին չէզոքացնելու եւ պարտութեան մատնելու համար, կրթական բնագաւառէն ներս շա՛տ աւելի ստիպողական է «վերամշակուած ծրագիր»ին ստեղծած թնճուկին դարմանումը։ Կարելի չէ դանդաղեցնել պատանի ու երիտասարդ հայորդիին հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ ընդհանրապէս հայեցի դաստիարակութեան բազկերակը։ Հետեւաբար, «զգո՜յշ․․․Հայաստանում», ինչպէս կը պատգամէ հայրենի բանաստեղծ Գէորգ Էմինը․
Զգո՜յշ խօսիր Հայաստանում,
Այստեղ ամէն գագաթ ու ձոր,
Արձագա՛նգ է տալիս հզօր
Եւ քո խօսքը հեռո՜ւ տանում…
Թէ բարի են խօսքերը քո,
Հայոց լեռներն ակնածանքով
Կը խոնարհուե՜ն քո դէմ լռին`
Բաշը քսած քո ձեռքերին:
Իսկ թէ չար են` լեռները մեր,
Հրաբխի բնե՛րն անմեռ,
Որ լռել են, բայց չե՛ն յանգել,
Քեզ լաւայո՛վ կ’արձագանգեն,
Որ լեռնե՛ր է քշում-տանում…
Զգո՜յշ խօսիր Հայաստանում…
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles