
ՎԱՇԽԱՐՈՒԱԿԱՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Զուր չեն գանգատուել բազմաթիւ անկողմնակալ օտարականներ հայի բացասական հակումների մասին:
Հեռու մնացած քաղաքական մեծ պայքարներէ, անապահով նոյնիսկ երկրագործական-անասնապահական աշխատանքի մէջ, հայը դարձել է քաղաքաբնակ, տարուել է արհեստի, առեւտրի:
Առեւտուրն էլ – գտնուելով Արեւելքում իր ամենանախնական գռեհիկ վիճակին մէջ – եղել է ո՛չ այնքան արտադրուող իրերի փոխանակութիւն, որչափ չարչիութիւն, կապուած միշտ վաշխառութեան հետ:

Դարերի ընթացքին չարչիութեան այդ ոգին վարակել է հայ քաղաքացուն, արձագանգ է տուել կարծես նոյնիսկ հայ աշխատաւոր զանգուածների մէջ:
Չնայած հայ ժողովուրդի 3/4ի հողագործութեամբ պարապելուն, ծանր աշխատանքի ենթակայ լինելուն,- “թեթեւ աշխատանքի՛“, առեւտուրի հակումներ, քաղաքացիներէն զատ, ցոյց կու տան նաեւ հայ ժողովրդի համարեա՛յ թէ բոլոր խաւերը:
Հայերի, Յոյների, Հրեաների “ճարպիկութեան“ մասին տարածուած սրախօսութիւնները այնքան էլ զուրկ չեն հիմքէ: Դրամ շահելու, ոսկի դիզելու տենչը հասած է մեզ մօտ վտանգաւոր աստիճանի…
Խնդիրը նիւթական ապահովութեան, լաւ աշխատանք ունենալու մէջ չէ հարկաւ: Հարստանալու, շատ հարստանալու ցանկութիւն ունին բոլոր մարդիկ, ամենահամակրելի ազգերն անգամ:
Մեզ մօտ վատը նրա մէջ է, որ միւս ազգերը դրամ շահելու հետ միասին ունին եւ լաւ ապրելու ձգտում, բարոյական, գիտական, գեղարուեստական, քաղաքական պահանջներ ու հոգսեր, մինչդեռ մենք հայերս համարեա՛յ թէ զուրկ ենք այդ մարդկային առողջ պահանջներէն` լրիւ կերպով, լաւ ապրելու տենչերէն, քաղաքական, գիտական եւ այլ ձգտումներէ:
Լաւ ապրելը մենք կը հասկնանք անասնական-ֆիզիքական (խմելու, հագնուելու) մտքով եւ տարուած ենք ոչ թէ դրամը կեանքի բարձրացման ծառայեցնելու, այլ նկատելու զայն իբրեւ մի նպատակ, աստուածութեան նման մի սրբութիւն:
Վտանգը նրա մէջ է, որ դրամագլուխ դիզելու մարմաջով տարուած են մեզ մօտ ոչ միայն չարչին ու առեւտրականը, ոչ միայն տգէտ ամբոխը, այլ բոլոր խաւերը, նոյնիսկ նրանք, որոնք հրաւիրուած են զբաղուելու քաղաքականութեամբ, գրականութեամբ, գիտութեամբ:
… Վաշխառուական ոգին մտել է հայ ժողովրդի արիւնն ու ծուծը: Դրամի, մեռած քափիթալի պաշտամունքը կը սպառնայ ջնջել մեր ժողովրդի կենդանի քափիթալը` զարգացումը, բարոյականը, մարդավայել գոյութիւնը:
“Ազատամարտ“, 3/16 Օգոստոս 1912
ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ
Ամէն տեղ երկրի ազատութեան աստիճանը կապուած է տեղական ինքնավարութեան աստիճանին: Բաւական է յիշել, որ բռնապետական երկիրներու մէջ բնաւ չկայ տեղական ինքնավարութիւն. չափաւոր սահմանադրական երկիրներու մէջ սահմանափակ է տեղական ինքնավարութիւնը, իսկ Զուիցերիոյ մէջ, ուր կատարեալ է ազատութիւնը, կատարեալ է նաեւ տեղական ինքնավարութիւնը:
… Իսկական ժողովրդապետութիւնը չի պարունակեր իր մէջ միապետի իշխանութեան փոխանցումը քանի մը հարիւր ընտրեալներու: Ատ միայն առաջին քայլն է եւ ոչ ամենակարեւոր քայլը: Ժողովուրդի իշխանութիւն եւ ժողովրդական կառավարութիւնը կ՛ըլլայ այն պարագային, երբ օրէնքներու քննութեան եւ հասարակական գործերու կարգադրութեան մասնակցին կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ, երկրի հասուն ու կենսունակ բոլոր տարրերը: Իսկ ատ անկարելի է առանց տեղական ինքնավար մարմիններու հաստատութեան… իրենց համապատասխան վարչութիւններով:
Ամէն մէկ երկրի համար է՛ն կարեւորը, ամենամեծ հարստութիւնը ինք ժողովուրդն է, մարդիկ են: Եթէ մարդիկ տգէտ են ու նախապաշարուած, եթէ անոնք աշխատասէր եւ ճարտար չեն արհեստներու մէջ կամ չունին նախաձեռնութեան ոգի, ընդունակ չեն ինքնագործունէութեան, պետութիւնը այդ պարագային չի կրնար լուսաւոր, հարուստ եւ կենսունակ ըլլալ:
… Կրնան առարկել ինձ, որ այդ ուղղութիւնը մարդոց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ իրենց… համայնքի վրայ, եւ կը նեղցնէ անոնց շրջահայեացքը, կը զարգացնէ տեսակ մը տեղական հայրենասիրութիւն, որ անշուշտ կը կատարուի ի հաշիւ իսկական, պետական հայրենասիրութեան: Առ երեւոյթս այդ առարկութիւնը անհիմն չէ, սակայն ան կը կորսնցնէ իր ուժը, երբ հարցին նայինք քիչ մը խորէն:
Եթէ այդ առարկութիւնը ճիշդ ըլլար, նոյն տրամաբանութեամբ սպասելու էր որ ընտանիքը, ազգակցական կապը նոյնպէս խոչընդոտ պիտի հանդիսանար ազգային կապի, բոլոր մարդասիրական գաղափարներու ըմբռնումին: Ինձ կը թուի, որ էապէս գոյութիւն ունի հակառակը: Առանց ընտանիքի, առանց ցեղի գաղափարին զարգացմանը չէր կրնար գոյութիւն ունենալ աւելի լայնապէս ազգային զգացումը եւ այս վերջինին ընդհանրացումովն է, որ մարդ կրնայ սիրել ամբողջ մարդկութիւնը:
Այն անձը, որ ընդունակ չէ իր ընտանիքը, իր մերձաւորը սիրել, անկարող է սիրել իր ազգը, իսկ ով որ ազգի նման մեծ համախմբում մը սիրելու զարգացումը կամ մեծութիւնը չունի, չեմ հաւատար որ կարողանայ մարդկութեան ցաւերով ցաւիլ: Եւ ինչպէս ընտանեկան սէրը լայննալով կը վերածուի ազգային սիրոյ եւ յետոյ համամարդկային, այնպէս ալ առողջ պետական հայրենասիրութիւնը կրնայ առաջ գալ միայն քայլ առ քայլ, տեղական հայրենասիրութեան աստիճանական զարգացումով: Հակառակ պարագային, պետական հայրենասիրութիւնը պիտի ունենար վերացական նկարագիր: Մտաւոր ըմբռնումները առողջ ու հասուն կարող են ըլլալ միայն այն ժամանակ, երբ կը գործադրուին կոնկրէտ, շօշափելի գործերու եւ ձեռնարկներու հետ:
… Քանի մը տարի առաջ հանգուցեալ Խրիմեան Հայրիկ Պետերսբուրգ գնացած էր: Ի միջի այլ բարձրագոյն անձերու` ան այցելած էր նաեւ Պետերսբուրգի միտրոպոլիտին, որ անպաշտօն կերպով պատր-իարքի դեր կը խաղայ: Սովորական հարցուփորձերէ ետք` ներողամտութեան եւ հեզութեան քարոզչի “աշակերտ“ը խօսքը կը դարձնէ քրիստոնէական կրօններու բաժանումներու վնասակարութեան վրայ եւ սա համեստ միտքը կը յայտնէ, թէ ի՜նչ լաւ կ՛ըլլար որ բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները միանային եւ թէ աւանդապահ Հայաստանեայց Եկեղեցին առաջին քայլը ընէր այդ ուղղութեամբ: Հանճարեղ Խրիմեանը վայրկեան մը կը կնճռէ իր արծուային դէմքը, բայց անմիջապէս կը պատասխանէ. Յիսուսի հօտը ներկայացնող եկեղեցիներն ու դաւանանքները,- կ՛ըսէ Խրիմեան,- կը նմանին փունջի մը, որ տարբեր ծաղիկներէ կազմուած է, բայց որ հէնց իր բազմազանութեան համար կը ներկայացնէ առանձին գեղեցկութիւն մը: Հայ եկեղեցին փունջը կազմող համեստ ծաղիկներէն մէկն է եւ անոր, ինչպէս նաեւ ամէն մէկ ծաղիկի բացակայութիւնը եւ ամբողջ փունջը միատեսակ ծաղիկներէ կազմելը կարող է միայն վնասել ընդհանուր գեղեցկութեան:
(Բանախօսութիւն` ներկայացուած Բերայի Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ,
1908ի Յունուար 24ին)
ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ
ՊԱՅՔԱՐԸ
Մեր տգէտ եւ վատասերած կեանքին մէջ աղաւաղուել է եւ քաղաքական կռուի գաղափարը, կռուի շիտակութեան սկզբունքը:
Ինչպէս վայրենիները կամ միջնադարեան “ասպետներ“ը քաղաքական կռուի մէջ գործ կը դնէին թոյն, դաշոյն, նենգ խաբէութիւն, մեզ մօտ եւս սակաւ չեն եղած սպանութիւնները անհատական, թայֆայական հաշիւներէ դրդուած եւ քողարկուած բարձր քաղաքական նպատակներով:
Մոռնալու չէ, թէ այն տարակարծութիւնները, որ կան ժողովրդի ու կուսակցութիւնների, տարբեր կուսակցութիւնների եւ կուսակցական զանազան խաւերի ու անհատների միջեւ, զանազան արտայայտութիւններն են մարդկային ազատ եւ յառաջդիմող մտքի: Այդ կարծիքներէն ո՛չ մին կարող է բացարձակ ճշմարտութեան յաւակնութիւնն ունենալ: Փոխադարձ համոզումին եւ մտքի կատարեալ ազատ արտայայտութենէն միայն կարող է ծնել իսկական ճշմարտութիւնը, անոր վրայ միայն կարող է հաստատուել մարդկային յառաջդիմութիւնը:
… Եւրոպացի գիտակից կուսակցականը չի մոռնար երբեք, որ եթէ մի կէտով, մի շահով ան կապուած է կուսակցութեան հետ, երկու շահով կապուած է իր ազգի, իր հայրենիքի հետ, աւելի մեծ ու բազմաթիւ շահերով – Մարդկութեան հետ:
Այն ժամանակ, երբ եւրոպացի գաղափարական անհատը ներդաշնակութիւն կը մտցնէ իր կուսակցական, ազգային եւ մարդկային ըմբռնումներու ու պարտականութիւններու միջեւ, մեր մօտ ամէն բան կը շփոթուի:
Իբրեւ արդիւնք տգիտութեան, “ցեղական“ մտայնութեան, կուսակցութիւնները, հասարակական տարբեր խաւերը մեր մէջ բաժնուած են միջնադարեան աղանդականութեամբ – “մաքուր“ են կամ “պիղծ“, “ընկեր“ են կամ “թշնամի“, անկարող սահման գծել տարբեր շահերի միջեւ, անընդունակ համագործակցութեան եւ “հակառակորդ“ին մէջ ազգակիցը, մարդը գնահատելու:
Երեկուայ ստրուկների զաւակներ` մենք զուրկ ենք տակաւին մարդկային շիտակութենէ, ճակատ առ ճակատ կռուելէ, ղեկավարը գործիքէն, դաշնակիցը թշնամիէն տարբերելէ:
Մենք հեռու ենք առողջ, ուժեղ, ազնիւ ազգ լինելէ:
(“Բիւթանիա“, 12 Յունուար 1913)
“ԽՕՍՔԸ ԱՌԱՆՑ ԳՈՐԾԻ
ՄԵՌԵԱԼ Է“
Մերինին նման հարիւր պոռալու եւ մի աշխատելու, հազար սպառնալու եւ մի անգամ չզարնելու տեղ, լուրջ ազգերը հարիւր կ՛աշխատին` մէկ պարծենալու համար, կը պատրաստուին առանց սպառնալու եւ մի անգամից հազար ուժով կը զարնեն:
…Մենք‘ հայերս, իբրեւ խօսելու, ճառելու եւ օդին մէջ միայն դղեակներ կառուցանելու վարժ, քսան տարի շարունակ հայհոյեցինք կամ նիզակներ ճօճեցինք եւ կամ կեցցէներ հնչեցուցինք, իսկ լուրջ ոյժ կազմելու ոչ մէկ աշխատանք թափեցինք:
…Պատահական երեւոյթ չէ անշուշտ որ յառաջադէմ, կրթուած հիւսիսային ազգերը շատ աշխատելու հետ միասին ե՛ւ քիչ կը խօսին:
Եւ դա կեանքի բոլոր երեւոյթների մէջ` քաղաքականութիւն, աշխատանք, գեղարուեստ, հասարակական հանդէսներ ու յոբելեաններ:
…“Խօսքը առանց գործի մեռեալ է“ կ՛ըսէր որոշապէս քրիստոնէութեան ուսուցիչը 2000 տարի առաջ, բայց նրա “ճարպիկ“ հետեւողները աւելի նպատակայարմար գտան մի կողմ ծալլել “գործին“ պահանջը եւ զբաղուել ջանք չպահանջող բառախաղութիւններով եւ… մեռցրին քրիստոնէութիւնը:
…Անհատին առողջ դաստիարակութեան տեսակէտից ամենափոքրիկ գործը մեծամեծ, բայց խօսքի շրջանում միայն մնացած դատողութիւններից բարձր է. կարծեմ հասարակութեան առողջ դաստիարակութեան եւ քաղաքականութեան տեսակէտից եւս միշտ էլ խօսքը միացած պիտի լինի գործին:
Հակառակ պարագային, խօսքը համարուելու է վնասակար, երեխաներին վայել ինքնախաբէական խաղ միայն:
(“Ազատամարտ“,
20 Հոկտեմբեր – 2 Նոյեմբեր 1913)