ԶԱՐՏՈՒՂՈՒԹԻՒՆ Է… ՆԱԵՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՐԱՑՈՒՄԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 21 Second

Կարճ ու կտրուկ ըլլալէ աւելի, իմաստուն, գործնական ու օգտաշատ հաստատում մըն է. «Փակ սահմանները զարտուղութիւն են 21րդ դարուն» խօսքը, որուն կիրարկումն ու պատասխանատուութեան ստանձնումը, նոյնքան կարեւոր, առաջնահերթ եւ կենսական է:
Իսկ նմանօրինակ արտայայտութիւն կատարել մտքի եւ գաղափարի բիւրեղացման կեդրոնի՝ համալսարանի մը մէջ, շատ աւելի ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ եւ կը մղէ երիտասարդ համալսարանականին, յաւելեալ ուշադրութեամբ, քաղաքականգաղափարաբանական խոշորացոյցով մեկնաբանելու եւ վերլուծելու սոյն հաստատումը, արտայայտութիւնը կամ մտայղացումը:
Այդ խօսքը, վերջերս յայտնած էր Հայաստանի մօտ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ, տեղւոյն Ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպման ընթացքին, որ միեւնոյն ժամանակ, նաեւ ողջունած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի  «…Գործողութիւնները՝ արձանագրութիւններու վաւերացումը կասեցնել, սակայն դուռը բաց ձգել՝ սպասելով, թէ Թուրքիա ե°րբ պատրաստ պիտի ըլլայ զանոնք վաւերացնելու», որոշումը:
Դեսպան Եովանովիչի ներկայացուցած փակ սահմանները …«անսահման» ու ընդլայնուած էին: Ան նկատի առած էր ոչ թէ° միայն «Հայաստան – Թուրքիա», այլ նաեւ «Հայաստան  Ատրպէյճան»  տարածաշրջանները:
Միթէ դեսպանին համար, փակ սահմաններէն աւելի…21րդ դարու անբացատրելի եւ ցարդ անհասկնալի զարտուղութիւն չէ՞ … Գրեթէ դար մը առաջ, 20րդ դարէն իսկ զարտուղութեան առարկայ դարձած, շարունակ մոռացութեան մատնուած, դիտմամբ փոշիով ծածկուած, արհամարհուած, մէկդի նետուած, շպրտուած ու լքուած զարհուրելի իրադարձութիւն մը, թապու մը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Միթէ դեսպանին համար, զարտողութիւն չէ՞ փակ սահմաններու հարցը արծարծել, առանց պրպտելու եւ վերլուծելու իսկական դրդապատճառները: Դրդապատճառներ, որոնց հանդէպ տարբեր մօտեցում կը կիրարկէ, թուրք հանրութեան մէջ գործող որոշ խաւ մը: Հետզհետէ աւելի թիւ հաշուող ընտրանի խաւ մը, որ Ցեղասպանութեան մասին իր կիրարկած ողջմիտ եւ թափանցիկ վերաբերմունքին մասին, բազմիցս կը նկատուի այլախոհ, իսկ ծայրայեղ ազգայնամոլներու համար, պարզապէս դաւաճան:
Միթէ դեսպանին համար, աւելի ամբողջական եւ իրապաշտ պիտի չըլլա՞ր, վերատեսութեան ենթարկելով իր խօսքը, յայտնէր թէ. «Ցեղասպանութիւններ ուրանալը զարտուղութիւն են 21րդ դարուն…» եւ անշուշտ կը կանխեն ցայսօր շարունակուող այլ ցեղասպանութիւններ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Պոսթըն

Յունիս 8, 2010

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles