
Կիրակի, Մայիս 29-ին մահացաւ Զարուհի Չալեանը, Ինտիանափոլիսի մէջ։
Ծնած՝ Պէյրութ Դեկտեմբեր 14, 1930-ին Զարուհի իր ուսումը ստացաւ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանէն, ապա համալսարանական ուսումը շարունակեց Պէյրութի Կանանց Քոլէճէն (Beirut College for Women) ներս եւ ապա դասաւանդեց Հայ Աւետարանական Վրժարանէն ներս։
1956-ին Միացեալ Նահանգներ ժամանելով, ան մուտք գործեց «Նիւ Ինկլընտ» երաժշտանոց եւ մասնագիտացաւ իբրեւ դաշնակահար։ 1961-ին ընտանիք կազմած տոքթ․ Վարուժան Չալեանի հետ, ան հաստատուեցաւ Ինտիանափոլիս, ուր բախտաւորուեցաւ երեք զաւակներով՝ Արա, Վիգէն եւ Լիւսի։
Նուիրուած հայասէր մայր եւ լաւապէս դաստիարակեց իր զաւակներն ու թոռնիկները, հակառակ անոր որ շրջանէն ներս, գրեթէ հայկական գաղութ գոյութիւն չունէր։
Գթասիրտ եւ հիւրասէր, ան միշտ ալ նեցուկ կանգնեցաւ շրջանէն ներս բազմաթիւ ծրագրերու, յատկաէս երիտասարդ երաժիշտներ քաջալերելով եւ օժանդակելով։
Այս առթիւ «Հայրենիք» հաստատութիւնը խոր ցաւակցութիւն կը յայտնէ տոքթ․ Վարուժանին, դուստր՝ Լիւսիին, տէր եւ տիկին տոքթ. Արա եւ Դալար Չալեանին եւ զաւակներ` Արային եւ Շիրակին, նաեւ տէր եւ տիկին տոքթ. Վիգէն եւ Սալի Չալեանի եւ դստերք` Անիի եւ Լենայի։
Փոխան ծաղկեպսակի, կը խնդրուի նուիրատուութիւններ կատարել Լիբանանահայութեան օժանդակութեան ֆոնտին․-
ARS Lebanon Emergency Fund (Payable to – Armenian Relief Society Eastern Region, 80 Bigelow Avenue, Suite 200, Watertown, MA 02472)․