
Մակար ի Գաղիա
Քաղաքը ձիւնի սաւանին տակէն սկսած է դուրս գալ,պատերուն տակ, անարեւ անկիւններ սպիտակ դէզեր կը մնան: Արմենակ եւ էլպիս էսքիմոյի պէս փաթաթուած այցի եկան:
Համադամներու փոխարէն, Արմենակ գիրք բերած էր:
– Մեր դրացի Կին, ոչ Կարպիս ոչ Կարապետ, որպէսզի դիւրին հնչուի եւ յայտնի չըլլայ որ օտար է, գիրք մը բերաւ: Ըսաւ, որ ֆրանսացիները իմաստուններ ունին: Կը փափաքի, որ գիրքը հայերէնի թարգմանուի, պատրաստ է տպագրութեան ծախսը հոգալ: Գիրքը քեզի բերի: Կրնա՞ս իրականացնել Կի Կարիի՝ հօրանունով Կարասրմայեանի՝ փափաքը: Ամէն օր գիրքի դրամ տուող չ’ըլլար:
Հեղինակը ՇԱՄՖՈՐ, անունը՝ Իմաստուն խօսքեր եւ միտքեր, տիպարներ եւ մանրապատումներ: Յառաջաբան՝ Ալպէր Քամիւ մեծանուն եւ իր ժամանակը դրոշմած գրող. Փաստ՝ որ գիրքը արժէք ունէր:
Արմենակ գիրքը կարդացած էր, էջերը ծալած եւ ընդգծումներ ըրած: Տետրակ մը հանեց:
– Մակարս, փորձեցի այս ՇԱՄՖՈՐի իմաստուն խօսքերէն մի քանին թարգմանել: Կ’արդա՞մ:
Էլպիս եւ Մակարուհի խոհանոց գացին:
– Լսէ՛. Մ…ին հարցուցի թէ ինչո՞ւ բազմաթիւ պաշտօններ մերժած էր, ան պատասխանեց. «Ես ոչինչ կ’ուզեմ այն բանէն, որ դեր մը կը դնէ մարդու տեղ»:
– Այսի՞նքն,- ըսի:
– Պարզ չէ՞: Պաշտօններ կան ուր մարդիկ անկարծիք պատկեր են, տիրոջ ձայնն են: Յաւերժական կեղծաւորութեան յիշեցում: Կ’ըսէ. Ողջմիտ մարդ մը այսպէս կը բնորոշէր Վերսայը. աշխարհ՝ ուր իջնելու ժամանակ բարձրանալ ձեւացնել, պատիւ զգալ յարաբերելով անոնց հետ զորս կ’արհամարհէք: Բացատրե՞մ:
– Շարունակէ՛,- ըսի:
– Երբ տխմարներ իրենց պաշտօնէն կը հեռանան, եղած ըլլան նախարար կամ բարձրաստիճան պաշտօնեայ, կը պահեն սէգ կեցուածք մը կամ ծիծաղելի կարեւորութեան հով մը,- կարդաց Արմենակ, եւ սպասեց:
– ՇԱՄՖՈՐդ բախտաւոր է:
Արմենակ զարմացած՝ «Ինչո՞ւ»:
– Քանի որ հայ չէ: Այլապէս զինք ընկերութենէն կը հեռացնէին, թիկնապահներ տփոց մը կու տային, կամ ինչպէս եկեղեցական մը կ’ըսէր, կը նզովէին:
– Ա՛յս ալ լսէ. Երբեմն տեսնելով փոքրերուն խաբեբայութիւնները եւ դիրքերու վրայ գտնուող մարդոց աւազակութիւնները, կը տարուինք ընկերութիւնը դիտելու որպէս գողերով լեցուած անտառ մը, ամենէն վտանգաւորները միւսները կալանաւորելու կոչուած աղեղնաւորներն են:
– Իսկ որոնց համար կը կարծես թէ ըսուած են այդ խօսքերը, կամ որոնց համար կ’ուզես թարգմանել:
Արմենակ պահ մը զիս սեւեռեց եւ ըսաւ.
– Զիս ձե՞ռք կ’առնես, չե՞ս գիտեր: Այս մէկն ալ լսէ՛. Շատ բարձր շնորհներով մարդը նուազ յարմար կը դարձնեն ընկերութեան: Շուկայ չենք երթար կաղապարուած ձոյլ ոսկիով, կ’երթանք արծաթով կամ մանր դրամով:
Արմենակ ուրիշ իմաստութիւններ ալ թարգամանած ըլլալու էր:
– Կը կարծե՞ս, որ նոյնիսկ վճարելով եւ տպագրութեան ծախսերը տալով թարգմանող եւ տպագրող կ’ըլլայ: Կեդրոնականի մէջ չե՞ս սորված Պարոնեանի կեանքը, չե՞ս կարդացած Ազգային Ջոջերը:
– Ի՞նչ ըսեմ դրացի Կիիս:
– Ըսէ, որ թարգմանելու պէտք չկայ: Թող ժողովներու եւ ճաշկերոյթներու երթայ եւ բարձրաձայն կարդայ, եթէ խօսափող տան: Տէքարթի լեզուն չհասկցող հայ չկայ:
– Հոս ալ կը տփե՞ն:
– Տփելու ձեւեր կան:
Էլպիս եւ Մակարուհի թէյ բերին եւ Արցախէն բերուած մեղր՝ փեթակով: