0 0
Read Time:5 Minute, 35 Second

p6_armeniaeggs_ap416 Հայկական բոլոր ազգագաւառներու մէջ Զատիկը, յայտնի Կարմիր Զատիկ անունով կը համապատասխանէ եկեղեցական Ս. Յարութեան Տօնին: Ան շարժական տօն է, այսինքն նշուելու հաստատուն օր չունի: Ան ամէն տարի կը նշուի գարնանային օրահաւասարին` Լուսնի լրման յաջորդող Կիրակին, այսինքն` միշտ Մարտի 22էն յետոյ:
Մեծ Պահքի բոլոր սպասումներն ու յուզումները պիտի իրականանան այդ օրը: Կ՛ըսեն, որ Զատիկի օրը, բախտ կը բաժնեն, անոր համար այդ օրը ով որ քնանայ, բախտէն կը զրկուի: Մարդիկ չէին քնանար, աշխատանքն ու ուրախութիւնը կը խայտառ: Զատկի տօնի բոլոր նախապատրաստութիւնները կը տեսնուէին, սակայն ամենակարեւորը, զատկական մատաղն էր, որը հասարակական էր, այսինքն` համայնքի, գիւղի բոլոր ընտանիքները մաս ունէին այդ մատաղին մէջ: Հաւաքուած դրամով նախապէս գնուած մէկ կամ մի քանի եզները, կամ մի քանի ոչխարները, Շաբաթ երեկոյ կը զոհաբերուէին եկեղեցւոյ բակը եւ գիշերը կ՛եփուէին խոշոր կաթսաներու մէջ: Զատկի մատաղը “ախառ“ կը կոչուէր եւ տարուայ ամենաթանկագին մատաղը կը համարուէր: Կը պատմուի, որ բոլոր գիւղը կը միանար եւ իրենց սրտէն բխած կամ կարողութեան ներածին չափով մէկ կամ երկու կոտ ցորեն ժողուելով` միասին կը գնէին մատաղցու եզերը: Իրիկունը եզերուն կոտոշներուն վառած մոմեր կապած, հետերնին ալ պնակ մը աղ, կը բերէին եկեղեցւոյ դրան առջեւ: Տէր Հայրը կ՛օրհնէր մատաղցուներն ու աղը: Ցանկացողները մատաղի արեան մջ կը թաթխէին բռինչ ծառի հաստ ճիւղը եւ կը տնկէին այգիներուն եւ արտերուն մէջ, չար աչքերէ պաշտպանելու համար: Զատկական մատաղը պաշտպանելու համար կը հսկէին համայնքի կողմէ ընտրուած արդար անձեր, իսկ եփուող կաթսաներուն շուրջ հաւաքուած երիտասարդները մինչեւ լոյս կը խաղային Զատկուայ ամենասիրուած խաղը` հաւկթախաղը, որուն տարբեր ձեւերը կային:
Առաջինը, կը խաղցուէր երկու հոգիով: Կ՛որոշուէր, որ առաջ ով պիտի զարնէր միւսին հաւկիթին երեւացող սուր գագաթին: Եթէ յաջողէր, կը զարնէր ապա հաւկիթի բութ գագաթին: Եթէ այն կողմն ալ ջարդուէր, իրաւունք ունէր այդ հաւկիթը առնելու: Եթէ առաջուընէ պայմանաւորուած էին, յաղթողը կրնար չջարդուած հաւկիթ մը ստանալ:
Երկրորդ ձեւը, քանի մը հոգինոց խումբ մը իրարու ետեւէ կը գլորէին իրենց հաւկիթները, թեքութեան վրայ եւ կը ջանային, որ ան դպչի իրենցմէ առաջ գլորուած հաւկիթներէն մէկուն: Այդ պարագային ան կը տիրանար մինչեւ այդ գլորուած բոլոր հաւկիթներուն:
Երրորդը, մի քանի անձ միաժամանակ, նոյն թեքութեան վրայ կը գլորէին հաւկիթները եւ որը որ ամենարագը եւ ամենաերկաըր կ՛երթար, անոր տէրը կը շահէր եւ կ՛առնէր բոլոր հաւկիթները:
Կաթսաներուն շուրջ մարդիկ հաւկթախաղ կը խաղային ու կ՛երգէին: Անոնց հոգիները ուրախութեամբ լեցուն էին: Աշուղներ իրենց սազերը կը նուագէին ու կ՛ըլլային գիշերային պարահանդէսններ ու խաղեր, որոնց կը մասնակցէին ամէն տարիքի այրեր ու կիներ: Զանազան երգեր կ՛երգուէին սիրոյ, բարեկեցութեան ու յաջողութեան մաղթանքներով:
Գինին է կարմիր, տէրտէրը կ՛օրհնէ,
Զատիկն է եկել, մատաղը կ՛օրհնէ,
Մեր մատաղիկն է մեր աքլորիկ,
Մեռնեմ ես նրա խորոտ կատարին:
կամ
Զատիկն է մեր հաւկթիկ,
Նշխուն է մեր հաւկթիկ,
Օրօր, իմ զաւակիկ,
Օրօր, աչքիս լուսիկ,
Օրօր, Լուսաւորչիս,
Օրօր, իմ զաւկիս՛
Այն գիշեր, որուն տանը որ երախայ ծնէր, մեծ բախտաւորութիւն կը համարուէր եւ կը կարծուէր, որ ան եղունգ նայելու եւ գուշակելու շնորհքով օժտուած պիտի ըլլար: Անոր հայրը գառնուկ մը կամ ուլ մը մատաղ կ՛ընէր եւ մատաղին թիակնեը կը պահէր, որ երբ երախան մեծնար, գառնուկին թիակներուն (ոսկորներուն) նայելով գուշակութիւն ընէր:
Այն գիշեր ծնած երախային ծննդեան լուրը անմիջապէս կը տարածուէր ու Զատիկի Կիրակին, ամէն մարդ շնորհաւորելու եւ մասնաւոր մատաղը ուտելու կուգային:
Գիշերային ուրախութենէն ու խաղերէն յոգնած, առաւօտեան կողմ կը փորձէին երկու ժամ մը քնանալ, որովհետեւ տօնահանդէսը տակաւին առջեւնին էր: Սակայն արդար մարդիկ, երկնքի արեւելեան կողմը նայելով, կը տեսնէին Յարութիւնը աւետող ղոչին (արու ոչխար) դուրս գալը, որը ի պատիւ Սուրբ Յարութեան, երկու ամբողջ ժամ անշարժ կանգնելով, աշխարհի չորս կողմին բարեւ կու տար ու կ՛աւետէր Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը եւ նորէն կը սկսէր առաջ երթալ: Այդ է պատճառը, որ Զատիկի օրը միւս օրերէն երկու ժամ աւելի երկար է:
Առտու շատ կանուխ, տօնական հագուստներ հագուած եկեղեցի կ՛երթային: Եթէ առաջուընէ համաձայնած էին, ժամերգութենէն ետք “ողջումաղբեր“ կամ “ողջումաքոյր“ կը դառնային, այսինքն քահանային օրհնութիւնը ստանալով, քոյր, եղբայր կ՛ըլլային եւ իրարու հետ երբեք չէին կրնար ամուսնանալ:
Մատաղը բաժնուելու ժամանակ, իւրաքանչիւր անձ մէկական դոյլ եւ թաշկինակը ձեռքերնին կը շարուէին մատաղի չորս կողմը, որ մատաղի շորպան (ջուրը) եւ ընտանիքի անձերուն չափով լոշերու (հաց) մէջ փաթուած մատաղ ստանային: Ամէն տուն մատաղի ջուրով չորպա (ապուր) կը պատրաստէին եւ անկէ ետք մատաղը կ՛ուտէին: Ան որ մատաղի միսով բացած չէր իր պահքը, բոլոր տարին միս ուտելու իրաւունք չունէր:
Օձուն գիւղին մէջ, մինչեւ ախառը բաժնելը, քանի մը անձեր երգելով կ՛աւետէին Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը, երգն աւարտելով հետեւեալ բարեմաղթութիւններով.
Օրհնուի եւ պահպանուի,
Ձեր դաշտն ու սարը, այծն ու ոչխարը,
Կովն կթանը, չութն ու գութանը,
Վարն ու վասակը գլուխն ու տակը,
Հանդն ու հանդաստանը, արոտն ու այգեստանը,
Կալն ու ջաղացը, ցորենն ու հացը,
Ձին ու էշը, եզն ու գոմէշը,
Գառնարածը ու ոչխարածը,
Տուարածն ու հորթարածը:
Նոյն օրը. Օձուն գիւղին մէջ զատկական ախառէն (մատաղէն) զատ սովորութիւն էր նաեւ “թուրքատարուկ“ մատաղ ընել: Ան նոյն համայնքին նիւթական միջոցներով գնուած խոզն էր, որու միսը ախառի հետ հաւասար կը բաժնուէր հասարակութեան, որպէս թուրքերու դէմ տարուած յաղթանակի վկայութիւն: Զատկի ախառը ամբողջովին կ՛ուտէին եւ ոսկորները տանը պահելով, տունը մրջիւն չէր մտներ:
Ախառը ուտելէ ետք է, որ շնորհաւորական այցելութիւններուն կը սկսէին: Կ՛ըլլային անհատական մատաղներ: Փեսացուներ, իրենց հարսնացուին տունը վիզը կարմիր ժապաւէն կապուած գառնուկ մը կը ղրկէին, որը կ՛եփուէր, որ երբ խնամիները գային, հիւրասիրուէին: Տղայի ընտանիքի կիները, իրենց բարեկամուհիներուն հետ “զատկափայ“ կը տանէին հարսնցուին, որը կը բաղկանար զարդարուած հաւկիթներէ, գաթաներէ ինչպէս նաեւ տապկուածխաշուած հաւերէ եւ քաղցրաւենիներէ: Այս վերջիններն ալ իրենց կողմէ փեսացուին հարսնացուին կողմէ զարդարուած հաւկիթներ կը ղրկէին:
Այդ օը տղամարդիկ եզերը դաշտ կը տանէին: Մարդիկ ազգականական խումբերով դաշտ կ՛երթային խնջոյքի եւ խաղերու: Ասիկա կը շարունակուէր յաջորդաբար երեք Կիրակիներ:
Զատիկը թէ երգերու, թէ պարերու եւ թէ խաղերու ստեղծագործութեան անսպառ հնարաւորութիւններ կու տար:
Զատիկ էր եւ ուրեմն տնօրհնէքի օր: Տունէ տուն կը շրջէին քահանաները եւ կ՛օրհնէին իրենց ծուխերուն տան թթխմորը, աղը, խունկը , հացահատիկը, ջուրը, կաթնեղէնն ու տան կարեւորագոյն բարիքները:
Յաջորդ օրը, Երկուշաբթի, Զատկի Մեռելոցն էր, տարեկան հինգ կարեւորագոյն մեռելոցներէն մէկը: Բոլորը, նորատի հարսերէն զատ, գերեզմանատուն կ՛երթային, հետերնին տանելով զատկական կերակուրներ: Շատեր անհատական մատաղներ կ՛ընէին եւ կարմիր հաւկիթներու հետ գերեզմանատուն կը տանէին:
Անցեալին մասնաւորապէս Զակուայ եւ Ս. Խաչի մեռելոցները, ոչ միայն ողբի, այլ ուախութեան օր էր: Գերեզմանոցներու մէջ սեղաններ կը շտկուէին ու տօնական խնջոյքներ ու խաղեր կ՛ըլլային: Սուգի, ողբի օրերը ուրիշ էին, մահացածի տարելիցը, քառասունքը, Ծաղկազարդը, Մեծ Պահքի Ուրբաթ Օրը: Զատկուայ Երկուշաբթին, մողէսներու բոյներուն առջեւ շաքար կը դնէին եւ բաներ կը խնդրէին: Եթէ մողէսը շաքարը դէպի իր բոյնը քաշէր, խնդրանքը պիտի կատարուէր, եթէ ոչ` չէր կատարուեր:
Վերջացաւ Մեծ Պահքը եւ սկսաւ ուտելու շրջանը: Մինչեւ Համբարձում, քառասուն օրեր, որեւէ պահք չկար: Բայց կար այլ արգելքներ: Զատիկէն մինչեւ Համբարձում, երեկոները, արեւին մայր մտնելէն ետք, կանայք այլեւս գործ չէին ըներ, այլապէս հաւկուրութիւն կը ստանային, շիլ կամ կարճատես կը դառնային: “Համբարձման Կիրակմուտն“ էր: Զատիկէն մինչեւ Վարդավառ կիրակի կը պահէին նաեւ Երկուշաբթի օրերը: Ան “կարկուտի Կիրակին“ էր եւ նպատակ ունէր արտերը կարկուտէն պաշտպանելու: Ուրբաթ օրերը հերկ չէին ըներ տղամարդիկ, որպէսզի հասկը լաւ բուսնէր:
Կան Զատկուայ նշանաւոր ասոյթներ.
Ունեցողին համար ամէն օր Զատիկ է:
Զատիկը առանց ձուի չ՛ըլլար:
Պահք չբռնողը Զատիկի համը չի գիտար:
Գժի համր ամէն օր Զատիկ է:®
ՆԱՅԻՐԻ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆՊԱԼԱՆԵԱՆ
(Համադրուած Հրանուշ Խարատեանի
“Հայ Ժողովրդական Տօները“ գրքէն)

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles