
Գէորգ Պետիկեան
Ահա կրկին Սուրբ Յարութեան տօն կամ՝ Սուրբ Զատիկ: Գեղեցիկ եւ խորհրդաւոր:
Մտաբերեցէ՛ք: Մեր բոլոր աւանդութիւնները խորքին մէջ, մէկական գեղեցկութիւններ են: Իրենց մէջ ունին արդէն անուշ եւ իմաստալից այդ գաղտնի եւ սրբազան խորհրդաւորութիւնը: Այլ խօսքով, աւանդութիւն կը նշանակէ, դարձեալ հաղորդակցիլ մեզի ժառանգուած անցեալին հետ: Եւ այդ անցեալը անբաժան մասնիկ մըն է մեր կեանքին: Եթէ կ’ուզէք, մեր ազգային կեանքին:
Անոր համար Սուրբ Յարութեան գաղափարը կապած եւ ագուցած ենք մեր ազգային կեանքին հետ իբրեւ ոգի եւ շունչ:
Կը հաւատանք, որ իր գոյութեան մէջ, կեանք ըսուածը կամ աստուածային այս մեծ պարգեւը, մեզի համար միշտ գիտակցութեան եւ ենթագիտակցութեան պայքար մը եղած է՝ մահուան դէմ: Արդէն բոլորիս քաջածանօթ է, թէ մարդկային բոլոր ստեղծա-գործութիւնները նոյն այդ պայքարին արդիւնքն են:
Իսկ գալով մեզի, իբրեւ հայ, մահը՝ առհասարակ ստեղծագործ եղած է: Մեր գերեզ-մանները միշտ երկինքով լեցուցած ենք եւ այդպէս ալ իբրեւ մարդ անհատ փորձած՝ շարունակել մեր ուրոյն մտածողութիւնը, մեր գոյութեան եւ գոյատեւման հետ միատեղ:
Նախակրթարանի գրասեղաններէն մեզի պատգամած էին, թէ Զատիկը ե՛ւ մահուան, ե՛ւ յաղթանակի տօն: Նոր ոգի պարգեւող եւ նոր շունչ ներշնչող տօն: Եթէ այդ օրերուն շատ բան չէինք հասկցած, բայց…տարիները մեզի սորվեցուցին, որ մահը ուրիշ բան է: Ան, թէեւ ճակատագրական վախճան է, սակայն իր մէջ տարբեր կախարդական երանգ մը ունի: Անոր համար է, որ պատմութեան ընթացքին, մենք միշտ մեր մահը զարդարած ենք: Մեր գերեզմանները կապած ենքմեր կեանքին: Լաւ նայեցէ՛ք ձեր շուրջը:
Իսկ գալով կեանքին, կ’ուզեմ այսպէս, եզակի եւ սակայն հաստատ ինքնագոհութեամբ եւ աղուոր անկեղծութեամբ մը նաեւ ըսել, որ մենք եթէ իսկապէս կ’ուզենք լաւ ձեւով ըմբռնել խաղաղութեան Իշխանին յարութեան իմաստն ուխորհուրդը, պէտք է նախ արժեւորենք մեր կեանքը:
Ճիշդ է, որ ծնած ենք, ուստի պէտք է, որ շարունակենք ապրիլ: Սակայն այս բոլորին մէջ եւ ետին կայ մեր ժամանակը ստեղծելու եւ արժեւորելու էականութիւնը:
Ազգովին անցեալ մը ունեցած ենք. յաւերժական, զորս միշտ կը յիշենք տառապանքով, խոնաւցած աչքերով եւ զգացական պոռթկումով: Ասկէ մեկնած, մեզի համար կեանքը մահ եղած է եւ մահն ալ կեանք: Ուստի արդար է, որ Զատկուայ խորհուրդէն մեկնած, վերագնահատենք մահուան ըմբռնումը: Բոլորս ալ գիտակից ենք, թէ մահը կը մաշեցնէ նիւթը: Հապա հոգին՝ միայն հոգին է, որ կը խուսափի անոր ճիրաններէն: Ահա հոսկէ է, որ կը սկսի մարդկային գիտակցութիւնը: Բայց…այս ուրիշ բան է: Իսկ հիմա–
Զատիկ է՝ ի~նչ լաւ: Ի~նչ ուրախութիւն եւ խինդ:
Զատիկը, մեզի համար Սուրբ Յարութեան գաղափարի կողքին, է՛ նաեւ հաւատքի գիտակցութեան տօն: Մահ, հաւատք եւ գիտութիւն պիտի ըսէր Զարեան: Ահա աղուոր եւ հաստատ երրորդութիւն մը:
Դարերով փրկիչ Յիսուսը եւ իր խաչը մեզի համար արեւ դարձուցած էինք եւ տակաւին: Նաեւ զայն դարձուցած ենք լոյս եւ միշտ յոյս: Իսկ այս բոլորին կողքին, մեր երկիրն ալ վերածած՝ այդ լոյսին մեծ շտեմարան մը, որուն ճառագայթներէն կախուած մնացած է մեր կեանքը:
Անգամի մը համար փորձեցէ՛ք, մեր պապերու դարաւոր այդ երկիրը, այդ հայ աշխար-հը փորել, պիտի տեսնէ՛ք, թէ անոր տակէն լոյսն է, որ կը ճայթքէ, նոր կեանքն է, որ կը ծնի: Որովհետեւ մեր երկինքն ու անհունը կանգնած են մեր լեռներու կատարներուն, այսպէս ըսած են մեր մեծերը: Ուստի պարտաւոր ենք հոն այդ հողին վրայ տոկալ: Վերապրիլ: Սիրել կեանքը, հոն նաեւ ստեղծագործել յանդուգն եւ անպարտելի: Այդ պատմական հողը դրախտի վերածել:
Որովհետեւ, հաւատացած ենք, որ հո՛ն, այդ հողին մէջ եւ վրայ Աստուծոյ շունչը կայ: Կրկնակի, կախարդական եւ սուրբ:
Ինչո՞ւ սակայն…: